Բազմահազար Ցուցարարներ Աջակցութիւն Կը Յայտնեն. Սամուէլ Կարապետեան. «Նիկոլ Փաշինեանն Ու Իր Կառավարութիւնը Ընելիք Չունին Հայաստանի Մէջ»
- (0)

Յուլիս 4-ին, Երեւանի մէջ բազմահազար ցուցարարներ աջակցութիւն յայտնեցին ռուսահայ ձերբակալուած գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանին: Ցոյցի ընթացքին Կարապետեանի փաստաբաններէն Արամ Վարդեւանեան կարդաց Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձը, որուն մէջ գործարարը մասնաւորապէս կը նշէ. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը ընելիք չունին Հայաստանի մէջ եւ պէտք է կապ չունենան հայ ժողովուրդի ապագային հետ»:
«Կու գայ սկզբունքօրէն նոր ուժի շուրջ միաւորուելու, միասնական, մէկ բռունցք դառնալու ժամանակը», նշած է Կարապետեանը:
Մինչ այդ, Մաշտոցի պողոտայի Տիանա Աբգարի անուան այգիէն Կարապետեանի հազարաւոր աջակիցները սկսան երթ դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք, ուր կը գտնուի «Երեւան-Կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ հոգեւորականներ, անոնք պահանջեցին ազատ արձակել Սամուէլ Կարապետեանը, նաեւ անդրադարձան բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ իշխանութիւններու արդէն մէկ ամիս շարունակուող արշաւին` այս ամէնը որակելով հակասահմանադրական:
Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան միասնութեան կոչ ուղղեց:
Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Արմէն Դանիէլեան երէկ ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի` 18 յունիսին տուած որոշումը ձգեց անփոփոխ. «Տաշիր» ընկերութիւններու սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան պիտի մնայ կալանքի տակ:
Կարապետեան իրաւապահներու ուշադրութեան թիրախին մէջ յայտնուեցաւ, երբ քննադատեց վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ դէմ սկսած արշաւը: Գործարարի յայտարարութենէն ժամեր անց զայն մեղադրեցին իշխանութիւնը բռնագրաւելու հրապարակային կոչերու համար: