«Աւանդութեանց Լուսամուտը» Գիրքի Շնորհահանդէս

9 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շաքէ Հարպոյեան-Գարայեանի «Աւանդութեանց լուսամուտը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Այնուհետեւ գիրքի խմբագիր Թամար Սնապեան-Սուրճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Աւանդութեանց լուսամուտը» գիրքին բաժինները` անդրադառնալով իւրաքանչիւրին բովանդակութեան: Ան նշեց, որ գիրքը կու գայ հարստացնելու մեր գրադարանը` իբրեւ խիստ անհրաժեշտ հրատարակութիւն, որ պիտի կատարէ խտացեալ հանրագիտարանի մը դերը` այս նիւթով հետաքրքրուող բոլոր ընթերցասէրներուն:

Սնապեան ընդգծեց, որ աւանդութիւններու մասին արեւմտահայերէնով լոյս տեսած այս գիրքը իր տեսակին մէջ` խորքով ու ծաւալով եզակի է սփիւռքի տարածքին: Թէեւ տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ լոյս տեսած են որոշ գրքոյկներ, սակայն անոնք ընդհանրապէս կը սահմանափակուին քանի մը էջով:

232 էջերէ բաղկացած գիրքը կը ներառէ 17 գլուխներ, բովանդակութիւնը դասաւորուած է կրօնական տօներու եւ աւանդական օրերու յաջորդականութեամբ` սկսեալ Տարեմուտ-Կաղանդէն, Սուրբ Ծնունդէն մինչեւ Խաչվերաց, եւ ամփոփուելով` հայկական աւանդական հարսանիքին ներկայացումով:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան մանրամասնեց, որ այս հատորը երկար տարիներու պրպտումներու եւ մեղուաջան աշխատանքի արգասիքն է: Հեղինակը զայն ձեւաւորած է աւելի քան 50 հատորներու, առցանց դասախօսութիւններու եւ հետազօտութիւններու ուսումնասիրութեան հիման վրայ: Սկզբնական գաղափարը ծագած է «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներու շրջանակին մէջ կատարուած աշխատանքով, իսկ առաջին քաջալերողները եղած են` գիրքի մեկենաս Ալիս Պօղոսեանը, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը եւ կայանի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը:

Ան դիտել տուաւ, որ հատորը կը ներկայացնէ մեր պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ընտանեկան եւ գիւղական սովորութիւնները: Առ այդ, գիրքը օգտակար պիտի ըլլայ ոչ միայն իգական շրջանակներու, այլ նաեւ` ուսուցիչներու, մշակութային գործիչներու եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին մեր աւանդութիւնները կենդանի պահել:

Իր խօսքը եզրափակելով` խմբագիրը գիրքը կոչեց «սեղանի գիրք»` իբրեւ առօրեայ ուղեկից, որուն էջերը կը ներկայացնեն անցեալը, կ՛ոգեշնչեն ներկան եւ կը լուսաւորեն ապագան:

Ապա Հայկ Քէշիշեան (շուի) եւ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ) մեկնաբանեցին «Ծաղկած բալենի», «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Շալախօ» յայտնի մեղեդիները` ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ:

Անկէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց գիրքին մեկենաս Ալիս Պօղոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ գիրքին հրատարակութիւնը ներշնչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հռչակած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»-էն: Ա. Պօղոսեան յայտնեց, որ «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիր մը դիտելէ ետք, ինք քաջալերած է Շաքէ Հարպոյեանը` իր գիտելիքները գիրքի վերածելու, խոստանալով ստանձնել անոր մեկենասութիւնը: Ան սոյն հատորը նուիրած է իր մօր` Կասիա Թիւթէլեանի եւ կեսրոջ Սրբուհի Պօղոսեանի յիշատակին` իբրեւ երախտիք աւանդութիւններու պահպանման մասին անոնցմէ ստացած շունչին եւ ոգիին: Ան կոչ ուղղեց, որ գիրքը գտնուի իւրաքանչիւր հայ օճախի մէջ` իբրեւ հայապահպանման կարեւոր ազդակ:

Հայկական զոյգ գոհարով հանդէս եկաւ «Շերամ» նորակազմ նուագախումբը` ներկայացնելով «Պարտէզում վարդ էր բացուած» եւ «Ջէյրանի պէս» երգերը: Նուագախումբի անդամներն էին` Ժորժ Սապպաղ (ուտ), Զարեհ Գալանճեան (ձեռնադաշնակ), Յովսէփ Գիրէճեան (տհոլ), Աւօ Պոյաճեան (դափ), Նաթալի Ափոքեան (տուտուկ), Սագօ Աւագեան (ջութակ) եւ Մարիա Գալֆայեան (քանոն): Իսկ ձայնային գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ հանդէս եկան Յովիկ Թաֆրանեան եւ Հայկանա Մուրատեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն, գիրքի յառաջաբանին հեղինակ Վիգէն Աւագեան, որ  կարեւոր նկատեց գիրքին հրատարակութիւնը` ընդգծելով, որ աւանդութիւնները սփիւռքի մէջ մոռացութեան մատնուած են, ուստի նման աշխատութիւններ մեծ նշանակութիւն ունին` հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու տեսանկիւնէն:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ գիրքը լոյս տեսաւ 2025-ին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»-ի ընթացքին` դառնալով այդ առաքելութեան արժէքաւոր մէկ մասը:

Գիրքի հեղինակ Շաքէ Հարպոյեան-Գարայեան իր սրտին խօսքին մէջ գիրքը նկատեց իր «չորրորդ զաւակ»-ը` ծնած իր հոգիէն եւ սրտէն: Ան ընդգծեց, որ գիրքը ծնունդ առաւ իր յուշերէն եւ աւանդութիւններու հարուստ պաշարէն, գրուեցաւ կաթիլ առ կաթիլ` իբրեւ լուսամուտ մը` բացուող դէպի աւանդութիւններու գանձարան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց աջակցութեամբ գիրքը վերածուեցաւ սիրով ու հաւատքով շնչող մշակութային վկայութեան:

Հեղինակին խօսքէն ետք Ալիք Գամպուրեան յաջորդաբար կարդաց արտերկրէն ստացուած շնորհաւորութիւններ: Առաջինը` Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի կողմէ` իբրեւ գնահատանք գիրքի բովանդակութեան, մշակութային առաքելութեան եւ աւանդութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած դերին: Ան գիրքը նկատեց իբրեւ ազգային ինքնութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման կենդանի արտայայտութիւն` գալիք սերունդներու դաստիարակութեան ի խնդիր:

Երկրորդ շնորհաւորութիւնը ուղղուած էր նոյնպէս Քանատայէն` հեղինակին զաւակ Համբիկ Գարայեանի եւ անոր ընտանիքին կողմէ: Անոնք իրենց նամակին մէջ կը յայտնէին, որ «Աւանդութեանց լուսամուտը» գիրքը ոչ միայն մշակութային արժէքաւոր ներդրում մըն է, այլ նաեւ կարեւոր սկզբնաղբիւր մը հայ ընտանիքի պահպանման` ընթերցողը մղելով յարատեւ գործելու` ի խնդիր ազգային աւանդութիւններու վերարժեւորման:

Երրորդ շնորհաւորանքը հնչեց հեղինակին աղջկան` Նանար Գարայեանի եւ անոր ընտանիքին կողմէ, որոնք գնահատեցին հեղինակին ստեղծագործական աշխատանքը եւ ազգին հանդէպ անոր նուիրումը, մեծապէս գնահատեցին եւ նորանոր նուաճումներու յոյսով քաջալերական իրենց խօսքերը ուղղեցին հեղինակին: Անոնք կը գրէին, որ այս գիրքի հրատարակութիւնը սկիզբ մը թող ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն ճանապարհորդութեան մը, որուն ընթացքին նուաճուին նոր եւ բարձր գագաթներ՛ հայութեան տալով արժէքաւոր եւ հարուստ մարգարիտներ:

Ապա գիրքին հեղինակը, խմբագիրը, յառաջաբանին հեղինակը եւ մեկենասը կատարեցին գինեձօնը, որմէ ետք Շահէ Աւագեանի ջութակի նուագակցութեամբ, Շաքէ Հարպոյեան-Գարայեան սիրով մակագրեց ներկաներուն գիրքերը: