«Արցախի Կանչը» Յուշակոթող` Նուիրուած Ազատագրական Պայքարի Բոլոր Նուիրեալներուն

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 24 Սեպտեմբերին, Արցախի նախագահին նախաձեռնութեամբ, հանրութեան լայն շերտերու հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արցախի կանչը»  յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւնը:

Անիկա նուիրուած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն նահատակուած եւ Արցախի մէջ 2023ի պայթումին զոհերու յիշատակին:

Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զոհուած ազատամարտիկներու, պայթիւնին պատճառով զոհուած արցախցիներու հարազատներ ու հայրենակիցներ:

Արցախի տեղահանումէն մէկ տարի ետք, Արցախի հողին մէջ ննջող մեր պայքարի նուիրեալներու հարազատներուն համար ասիկա պիտի ըլլայ մխիթարութեան վայր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ ծաղիկներ զետեղել ու խնկարկել հարազատներու յիշատակը:

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան կատարեց,օրհնութեան կարգ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն. ան աղօթք բարձրացուց 25 Սեպտեմբեր 2023ի պայթումին պատճառով զոհուած հայրենակիցներուն յիշատակին:

«Քրիստոնէութիւնը մեր արժանապատուութիւնն է. մեր արժանապատուութիւնը, համայն հայութեան խաչը Արցախն է, որը գերեվարուած է այսօր: Քրիսոտնեայ աշխարհը պէտք է կրկին զգայ, որ գերեվարուած է իր արժանապատուութիւնը, որպէսզի նորից վերականգնի հայի, քրիստոնեայի արժանապատուութիւնը:

Իմ թիկունքին երկու դրօշ է` Հայաստանի եւ Արցախի, մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունենայ, այլ կարողանայ իր առաքելութիւնն իրականացնել, տեսանելի լինի` որպէս միակ երաշխաւոր Արցախի ժողովրդի իրաւունքների։ Ուստի ամէն ինչ պէտք է անենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանում լինի լիարժէք` իր օրէնսդիր ու գործադիր բոլոր կանոններով: Արցախը պէտք է տեսանելի լինի ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար», ըսաւ առաջնորդը, ապա օրհնութեան կարգ կատարեց:

Արցախեան պատերազմի նահատակ ազատամարտիկներ Նորայր եւ Երուանդ Հանջեաններուն հայրը` Միքայէլ Հաջեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ որդիներու յիշատակի օրերուն կ՛այցելեն Երեւանի երրորդ մասին մէջ գտնուող յուշաղբիւրը, ուր Նորայրին անունն ալ գրուած է 2016ի ապրիլեան պատերազմի միւս նահատակներուն անուններուն կողքին: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ հոն այցելել, բայց «Եռաբլուր»ի մէջ բացուած յուշակոթողը պիտի համախմբէ բոլորը եւ ծաղիկ զետեղելու, յիշատակը խնկարկելու կարելիութիւն է:

«Մենք անպայման կը վերադառնանք տուն ու կը վերականգնենք մեր անկախ, ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութիւնը: Այդ վերածնունդը հեռու չէ։ Ես դիմում եմ մեր բոլոր այն տղաներին, ովքեր մնացել են Ստեփանակերտում, մայր հողում, ում հոգիները սաւառնում են Արցախի երկնքում` սպասումով լի, վստահութեամբ, որ մենք բոլորս անպայման պիտի վերադառնանք ու տէր կանգնենք մեր հայրենի հողին, տէր կանգնենք արցախեան քաղաքակրթական արժէքներին: Ես հաւատացնում եմ տղաներին` տղերք ջան, մենք ձեզ հետ ենք, մենք անպայման վերադառնալու ենք: Ես հաւատացնում եմ ձեզ, դա երազանք չէ, դա նպատակ է, նպատակ, որը պարտադիր իրականացման է ենթակայ: Ես դիմում եմ այստեղ հաւաքուածներին`ժողովուրդ ջան, եկէք, անկախ իւրաքանչիւրիս կուսակցական եւ այլ պատկանելութիւնից, համախմբուած լինենք, եկէք սոցիալական (ընկերային) ցանցերը չլցնենք պառակտող նիւթերով, եկէք իմանանք, որ միասնաբար միայն կարող ենք իրագործել մեր գլխաւոր գերագոյն նպատակը` Արցախի ազատագրումը եւ Արցախ մեր արժանապատիւ վերադարձը», ըսաւ ան։

Տեղահանուած ու որդիներուն գերեզմանները Արցախի մէջ ձգած հայրը չի դադրիր պայքարելէ` այս անգամ իրաւական դաշտին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր իրաւունքներու ոտնահարման հայցով դիմած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին:

Զոհուած զինուորներէն մէկուն մայրը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայրենիքի հանդէպ սէրը կ՛արտայայտուի վտանգի պահուն, երբ պէտք է զոհաբերել սեփական կեանքը Արցախի համար։

«Արցախի կանչ» յուշակոթողը կարելի եղածին չափ պիտի նմանի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին: Յուշակոթողի ճարտարապետներէն Միքայէլ Սարգսեան յայտնեց, որ կոթողին տարածքը շուրջ 500 քառ. մեթր է: Բուն կոթողը պիտի ունենայ 6 մեթր բարձրութիւն: «Ճարտարապետական մինիմալիստական (նուազապաշտական) ոճով է պատրաստուելու, որպէսզի մեր ժողովրդի պարզութիւնն արտացոլուի: Ունենալու է բաց խորան, որտեղ բրոնզէ տառերով գրուելու է յուշակոթողի անուանումը, լինելու է ծաղիկների խոնարհման, մոմավառութեան, խունկ ծխելու տեղեր», ըսաւ ան:

«Մեր ժողովրդի մեծ  մասի հանգրուանը դարձել է մայր Հայաստանը, ժամանակաւոր հանգրուանը, որովհետեւ ոչ մի արցախցի երբեք չի կորցրել ու չի կորցնի տուն վերադառնալու յոյսն ու նպատակը: Այս մէկ տարուայ ընթացքում շատ ենք լսել մեր հայրենակիցներից`լացելու տեղ անգամ չունենք: Հայրենիքում են մնացել մեր պապերն ու տատերը, քոյրերն ու եղբայրները, ամուսինները, զաւակները: Այդ մեծ ցաւը փոքր-ինչ մեղմելու նպատակով հասարակութեան տարբեր շերտերի հետ պարբերական քննարկումների արդիւնքում եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի նախաձեռնութեամբ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնում կը կառուցուի Արցախի կանչը յուշակոթողը», յայտնեց նախաձեռնութեան համակարգող Յունան Թադեւոսեան:

Comments are closed.