Արմէն Սարգսեան Ներկայ Գտնուած է 1988-ի Աւերիչ Երկրաշարժի Զոհերու Հոգեհանգստեան Արարողութեան

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` տիկնոջ Նունէ Սարգսեանի հետ այսօր այցելած է մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր իսկ բարերարութեամբ կառուցուած սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ ներկայ գտնուած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար արարողութեան:

Հոգեհանգստը կատարուած է Գարեգին Բ․ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Մինչ արարողութիւնը խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Նաթան արք․ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով մեր ժողովուրդին աղէտալի երկրաշարժի պատճառած ծանր կորուստներուն եւ առայսօր դեռ ամբողջութեամբ չյաղթահարուած հետեւանքներուն:

Հոգեհանգստեան կարգի ընթացքին Մայր Աթոռի միաբանութիւնը Վեհափառի գլխաւորութեամբ աղօթած է նաեւ օրերս զոհուած օդաչուներ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանի ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանի եւ զինծառայող Հայկ Քարամեանի հոգիներու խաղաղութեան համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.