Արթօն՝ (տարբե՜ր աշխարհէ մարդը, տարբեր աշխարհի՛ մարդը)
(տարբե՜ր աշխարհէ մարդը, տարբեր աշխարհի՛ մարդը)
Արտաքնապէս սովորական մէկն էր Արթօն՝ պարզ, անսեթեւեթ, զուարթախոհ, յաճախ հաճելի զրուցակից՝ իր առօրեայ մտմտուքներով եւ մտահոգութիւններով, թերիներով ու թերացումներով՝ նման բոլորիս։
Ներքնապէս, սակայն, տարբեր մարդ մըն էր ան, եւ ա՛յդ էր կարեւորը։ Ակնյայտ էր իր բացառիկ տաղանդը, ոչ ոք կ՚ուրանար զայն, ընդհակառակն, բոլորս՝ իր մտերիմները, ընկերները, նոյնիսկ անծանօթները, ուրախ կը զգայինք եւ հպարտ՝ որ հանդիպեր էինք իրեն, խօսե՛ր հետը, սեղանակից եղեր, ապրեր նոյն ժամանակներուն։ Բայց իր գծելու, քանդակելու, նոյնիսկ… երգիծելու տաղանդէն աւելի աշխարհը զգացող, մարդը ճանչցող, մարդու տագնապներով փոթորկող իր ներշխարհն էր, որ զինք կը զանազանէր ուրիշներէն, շրջապատէն, հարազատներէն, արուեստակիցներէն ու տաղանդակիցներէն իսկ՝ բոլորէ՛ս։
Իր գործերը ամփոփող վերջին հատորներէն մէկուն ներածականին մէջ Արթօ կը գրէր. «Նկարելիս ես միշտ ընտրել եմ անձի ներաշխարհում թաքնուած այն շերտը, որը ներքին զգացողութեամբ համարել եմ առաջնային եւ անտեսել եմ մնացածը։ Դիմաքանդակի եռաչափ ծաւալային բնոյթը ինձ թոյլ է տալիս մէկից աւելի շերտեր միաժամանակ ընդգրկել՝ բնորդի նկարագիրը առաւել ամբողջական ներկայացնելու։ Որոշ բնորդների հարուստ ներաշխարհը ինձ հնարաւորութիւն է տուել իրենց դիմանկարներում եւ քանդակներում հասնել առաւելագոյն բովանդակութեան՝ անհատականից հեռանալով հասնել մարդկային խորը վիճակների ընդհանրացման» (Արթօ Չաքմաքչեան, Դէմքեր ժամանակի եւ տարածութան միջից, ԴԻՄԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ, Նարեկացի արուեստի միութիւն, Սարգիս Խաչենց, Երեւան 2006)։
Բնորդի ներաշխարհը եւ անոր ճամբով ալ մարդկային խոր հոգեվիճակները իր մէջ զգալու այդ կարողութիւնն էր, որ ոչ միայն դիմանկարներու կամ քանդակներու ընդմէջէն կը ցոլար, այլ իր բոլո՛ր ստեղծագործութիւններուն։ Նոյն այդ ներածականին մէջ Արթօ կ՚աւելցնէր. «Ի վերջոյ իւրաքանչիւր արուեստագէտի ստեղծագործութիւն նաեւ իր դիմապատկերն է։ Այդ առումով ընդունենք այս “դէմքերի“ խումբը որպէս ճանապարհներից մէկը, որ տանում է (կամ գուցէ ընդամէնը տանելու մի փորձ է) ինքնաճանաչման։ Մարդկային գոյավիճակն է, որ արուեստագէտին մշտական փնտռտուքների մէջ է պահում՝ անկախ իր օգտագործած գործիքից կամ արտայայտչամիջոցից» (անդ)։
Այդ կը զգացուէր անմիջապէս, երբ հետը կը նստէիր զրուցելու. խօսակցութիւնը հետզհետէ կը հեռանար առտնինէն, կ՚անցնէր արուեստի կենլորոտէն,կը մտնէր իր երազներու աշխարհը, աշխարհ մը տարբե՜ր մեր տեսածէն, մեր գիտցածէն։ Կը թեւակոխէինք գաղափարներու ու գաղափարականներու ոլորտը։ Կը հասնէինք բարութեամբ, արդարութեամբ, ազատութեամբ շնչող աշխարհ մը՝ մարդկային բարձրագոյն արժէքներով, բոլորին մատչելի բարիքներով ու շնորհներով, անհեթեթութիւններէ զուրկ, դրախտային աշխարհը։ Բարձրացած կ՚ըլլայինք եօթներորդ երկինք։
Իր մղիչ ուժը այդ ամենուն բացակայութիւնն էր, այդ բացակայութենէ՛ն կու գար, այդ բոլորը վերականգնելու իր անսպառ հաւատքէն ու անտեղիտալի պայքարէն, անմարդկայնութիւնը յաղթահարելու իր տեւական նկրտումէն, Չարիքը նիզակահար ընելու, անարդարութեան Վիշապը խողխողելու սուրբգէորգեան արութենէն։
Արուեստի աշխարհ մուտքի իր առաջին օրերէն իր յաճախանքն էին, իր մտասեւեռումն էին այս հարցերը, որոնց մէջ Ցեղասպանութիւնը կու գար առաջին գիծի վրայ. իր ժողովուրդին կրած Աղէտը եւ ընդհանրապէս ցեղասպանական ոճիրը՝ համամարդկային առումով։ Բողոքը, Ընդվզումը, Ահազանգը եւ Ըմբոստացումը կը մարմնաւորուէին իր գործերուն մէջ։ Մեզի յաճախ տարօրինակ, նոյնիսկ այլանդակ երեւցող իր ձեւերն ու ձեւածաւալները ահա այդ զգացումները կը յառաջացնէին դիտողին մէջ։ Իսկ Կոմիտասը կը հանդիսանար լաւագոյն կերպարը այդ բոլորը միաժամանակ արտայայտելու համար։
Մտացածին չէին այդ ձեւերն ու ձեւածաւալները, արուսետագէտի քմայքէն չէին յառաջանար պարզապէս ։ Ան կը խոստովանէր. «Ինձ յուզող խնդիրներից է ազգային-մշակութային աւանդոյթի հետ այսօրուայ արուեստագէտի առնչման հարցը։ Դարերից եկող մեր մշակութային արժէքների ճանաչումը իմ ստեղծագործական մտածողութիւնը կազմաւորող եւ ներշնչման աղբիւր հանդիսացող հոգեւոր սնունդներից է եղել, որ միախառնուելով այսօրուայ իմ աշխարհայեացքին՝ վերիմաստաւորուել է, առանց տեսողական տարրերի վերածուելու՝ ազգայինը թողնելով միայն զգացական հողի վրայ» (անդ)։ Իսկ ազգայինի զգացողութիւնը Արթոյի արեան մէջ իսկ էր։
Տգեղը, չարը, անմարդկայինը ձաղկող իր քանդակումներէն, գրիչով թէ կաւով ձեւ առած իր գործերէն,– եւ իր գծածներն ալ քանդակումներ էին ի վերջոյ,– լռելեայն կ՚արտայայտուէին նաեւ գեղեցիկը, բարին, մարդկայինը՝ իր ստեղծագործութիւններու ուժգնութեամբ, սլացիկութեամբ, որոշ տարածքներու ողորկութեամբ, որոշ մասնիկներու փայլքով եւ այլ յօրինողական հնարքներով։
Իր ընտրած նիւթերը «պատրուակներ» էին միայն, իր մտքերը հաղորդելու համար, ընտրուած ո՛չ պատահականօրէն, ոչ արկածով, այլ հետապնդուած, ուզուա՛ծ։ Ամենէն բարդ երեւցող իր քանդակներուն իսկ մէջ միշտ կը տեսնէիր իր որոնածը, իր ցանկացածը, իր երազածը։
Արթոյի կեանքի վերջին տխուր, դժուարին շրջանին իսկ իր խորաթափանց աչքերուն մէջ կրնայիր կարդալ այդ երազանքը…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ