Արթուր Խաչատրեան. «Անոնք, որոնք Արցախեան ազատամարտին չեն մասնակցած, իրաւունք չունին զայն աւարտած համարելու»

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 35-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտարարեց, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքները պէտք է շարունակեն մնալ Հայաստանի եւ միջազգային քաղաքական օրակարգերուն վրայ։

Խաչատրեան ընդգծեց, որ ներկայ կացութիւնը չի կրնար ջնջել Արցախեան շարժման պատմական ձեռքբերումները եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները։

«Եթէ այսօր մեր աչքերուն ոչ թէ ուրախութեան, այլ տխրութեան արցունքներ կան, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է ուրանանք մեր պատմական յաղթանակը եւ մոռնանք մեր իրաւունքներուն մասին», ըսաւ ան։

Ան յիշեցուց, որ Արցախի ժողովուրդը Խորհրդային Միութեան օրենսդրութեան համապատասխան հռչակած է իր պետականութիւնը, իսկ հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր առաջարկներ ճանչցած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

Ան նաեւ շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջ չի նշանակեր։

Խաչատրեան կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի մէջ բռնի տեղահանուած արցախահայերու ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ առողջապահական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց համախումբ բնակութեան հնարաւորութեան ապահովումը։

«Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը պէտք է արծարծուի բոլոր ատեաններուն մէջ։ Անոնք, որոնք երբեք Արցախեան ազատամարտին կամ Արցախեան շարժման առնչութիւն չեն ունեցած, ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ քաղաքական իրաւունք ունին Արցախեան շարժումը աւարտած նկատելու։ Արցախի ժողովուրդը ունի վերադարձի իրաւունք եւ ունի իր իրաւունքները», եզրափակեց Խաչատրեան։