Արամ Մանուկեանի Դիմաքանդակը Յանձնուեցաւ ՀՅԴ Թանգարանին

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը իր արժանի տեղը գտաւ: Անիկա յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին, ուր կայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած մեծ ցուցասրահ: Գանատա բնակող տաղանդաւոր քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան դիմաքանդակը խոստացած էր բերել անցեալ սեպտեմբերին, սակայն «Քորոնա» համավարակը խանգարած է իր ծրագիրը:

Քանդակագործը կը փափաքէր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունենար առանձին թանգարան` Արամ Մանուկեանին նուիրուած:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց արուեստագէտին գործը: Դիմաքանդակը իր տեղը գտաւ թանգարանի հանրապետութեան հիմնադիրներու միւս նմուշներուն կողքին:

Քանդակագործը տակաւին իրականացնելիք բազմաթիւ ծրագիրներ ունի, սակայն առաջնային եւ ամէնէն կարեւոր արուեստի նմուշը պէտք է ըլլար Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը, քանի որ անոր շնորհիւ դրուած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնաքարերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.