Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապի Հետ Քննարկեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Իրավիճակը

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ հարցերը Պապին ազնիւ ուշադրութեան յանձնեց.-

1) Պայմաններու հետեւանքով եկեղեցիներ Գրիգորեան եւ Յուլեան տօնացոյցերու հետեւելով Քրիստոսի յարութեան տօնը տարբեր թուականներու կը նշեն։ Նկատի ունենալով որ յիշեալ հարցը աստուածաբանական բնոյթ չունի, այլ միայն տոմարական է, անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներու միջեւ խորհրդակցաբար  մէկ թուական մը ճշդուի որպէս եկեղեցւոյ միութեան արտայայտութիւն։

2) Ներկայ ժամանակներու ընկերաբարոյական հարցերը սկսած են ներքին բաժանումներ յառաջացնել թէ՛ եկեղեցիներէն ներս եւ թէ եկեղեցիներու միջեւ։ Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներ առաջնահերթութիւն տան յիշեալ հարցերուն, քան անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական տարբերութիւններուն, որոնք փաստօրէն սկսած են դառնալ ժամանակավրէպ։

3) Միջ-կրօնական ընդհանրապէս, քրիստոնեայ-իսլամ մասնաւորաբար յարաբերութիւնը, երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը դարձած է հրամայական։ Սպասելի է, որ բոլոր եկեղեցիները յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն այս մարզին՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան եւ աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրէն ներս:

4) Քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս սկսած է նուազիլ։ Սպասելի է, որ Վատիկան յատուկ ուշադրութիւն ընծայէ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։՚

Սրբազան Քահանայապետը համաձայն գտնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին մատնանշած հարցերուն եւ յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի Վատիկանի կողմէ, նկատի ունենալով խնդրոյ առարկայ հարցերուն ներկայացուցած այժմէականութիւնը ու կարեւորութիւնը։

Հայրապետը Վատիկան մեկնած էր ընդառաջելով Ֆրանսիս Պապին հրաւէրին՝ ներկայ ըլլալու Վատիկանի պարտէզին մէջ զետեղուելիք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման արարողութեան։ Արձանը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։ Պապը նաեւ յատուկ հրաւէրներ ուղարկած էր նախագահ Սարգիսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, եւ հայ կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ Ամեն. եւ Գերերջ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին։ Արձանի բացումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետները եւ Հոգեւոր Տէրը ճաշի հիւրը եղան Պապին իրենց պատուիրակութեան անդամներուն հետ, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցան ի պատիւ նախագահին Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանին կազմակերպած ճաշկերոյթին։

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան՝ առաջնորդ հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին, Գերշ. Տ.Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին եւ Հոգշ. Տ.Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.