Անցումային արդարադատութեան էութիւնը

Կարօ Արմենեան

Անցումային արդարադատութեան գաղափարին առաջին պաշտօնական փորձագետինը յետ-պատերազմեան Նիւրէմպէրկի դատավարութիւններն էին։ Նացիզմի կրունկներուն տակ հեծող Գերմանիան, որ բոլորովին փուլ եկած էր թէ՛որպէս պետութիւն և թէ՛որպէս հասարակութիւն, պէտք էր անպայման վերականգնէր և զայն վերակերտելու մեծ գործը կը պահանջէր անցման շրջանի մէկ նոր կարգավիճակ և գործերու ընթացաւորում։ Դաշնակից ուժերը կրցան ստեղծել այդ միջանկեալ գործընթացը և Գերմանիան առաջնորդել դէպի ազատութիւն և կայունութիւն։

Այսօր, ՀՀ Վարչապետն ու իր համախոհները յաճախ կը գործածեն «անցումային արդարադատութիւն» բառակապակցութիւնը վաւերականութիւն տալ փորձելով իշխանութեան առած քայլերուն և անշուշտ նմանօրինակ քարոզչութեամբ ոչ միայն մեր երկրի հասարակութիւնն է, որ կ՚ապակողմնորոշուի և կը տուժէ, այլև կ՚աղաւաղուի անցումային արդարադատութեան ողջ գաղափարը հասարակութեան աչքին։

Պետութեան գլուխ գալէ ետք, ներկայ իշխանութիւնը դիմած է շարք մը դատական հետապնդումներու անցեալին գործուած ապօրինութիւնները արդարադատութեան ատեանին բերելու նպատակով։ Այդ մէկը, յստակօրէն, գործադիր իշխանութեան իրաւասութիւններու ծիրին մէջ կ՚իյնայ (որպէս դատախազ կողմի) և սակայն հոն պէտք է կանգ առնէ գործադիր իշխանութեան նախաձեռնութիւնը։ Այդ կէտէն անդին, դատական իշխանութեան իրաւասութիւններու ոլորտն է, որուն անկախութիւնը պէտք է պահպանուի ամէն գնով, եթէ երկիրը պիտի գործէ ժողովրդավարութեան տարրական կանոններուն համապատասխան։ Բայց այսօր փաստ է, որ Պր. Վարչապետն ու իր համախոհները հրապարակ կ՚իջնեն անցումային արդարադատութեան սխալ հասկցուած լոզունգներու հռետորաբանութեամբ։ Անցումային արդարադատութիւնը կ՚ենթադրէ պետական մեքենայի ամբողջական փլուզում և սահմանադրական գործընթացի բացարձակ բացակայութիւն։ Մինչդեռ մենք ունինք գործող պետականութիւն և գործող սահմանադրութիւն, որուն իր անվերապահ հաւատարմութիւնը յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը։

Գործադիր իշխանութիւնը այսօր պարտաւորութեան տակն է ՀՀ Սահմանադրութեան ամբողջական պաշտպանութիւնը ստանձնելու։ Հասկնալի է, որ գործադիր իշխանութիւնը դժգոհ ըլլայ դատական համակարգի ներկայ որակէն և փափաքի զայն բարեփոխուած տեսնել։ Բայց այդ հարցը կրնայ հանգուցալուծուիլ միայն ՀՀ Սահմանադրութեան ճշտած գործընթացով գործի լծելով Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի մեքանիզմները։ Դիմել խուժանի օգնութեան և պաշարել դատարանները, յարձակում գործել դատաւորներուն վրայ, զանոնք առնել բարոյական ճնշման տակ և այս ամբողջ ոտնձգութիւնը ծանուցել որպէս «ժողովուրդի կամք», սա այլ բան չէ եթէ ոչ գործադիր իշխանութեան իրաւունքներու բացայայտ չարաշահումը և – ցաւ ի սի՛րտ – գործադիր իշխանութեան ողբալի սնանկութիւնը։ Յամենայն դէպս ասիկա ամէն ինչ է բացի անցումային արդարադատութիւն ըլլալէ։

Անցումային արդարադատութեան բարոյական խարիսխը ազգային գերագոյն շահէն բխող յարացոյցի հիմնական փոփոխութիւնն է։ Սոսկ իշխանափոխութեան հողին վրայ գործող իշխանութիւնը բարոյական իրաւունքը չունի անցումային արդարադատութեան ձեռնարկելու։ ՀՀ դատա-իրաւական համակարգը կարիքը ունի վերափոխման և ան պէտք է փոխուի ներքին կարգով Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի , ՀՀ Նախագահի, ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի, ՀՀ Ազգային Ժողովի և գործադիր իշխանութեան սերտ համագործակցութեամբ, իրաւական դաշտի սպառիչ քննութեամբ և հանրային մտածողութեան շարունակական աւանդներով։ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին մէջ անցումային արդարադատութիւնը տեղ չունի։ Վերոյիշեալ փոփոխութիւններուն համար արտա-օրինական գործիքակազմ ստեղծելու երբեք կարիքը չկայ։ Ընդհակառակն անցումային արդարադատութեան անտեղի և անհարկի կիրարկումով դատա-իրաւական համակարգը կ՚ենթարկուի անխուսափելի քաղաքականացման և մենք կ՚ունենանք անանցանելի քաոս։ Ես կը մաղթեմ, որ այսօրուան քննարկումները ի վերջոյ առաջնորդեն օրինական գործիքակազմի միակ ապահով և ընդունելի ընտրանքին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.