Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը
Նոյեմբեր 3-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ազգային-եկեղեցական կեանքին, հայկական իրականութիւնը յուզող խնդիրներուն, ազգային ինքնութեան եւ արժեհամակարգի պահպանման վերաբերող քայլերուն: Խօսուեցաւ նաեւ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել աշխուժացման առնչուող ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն մասին:
Յատկապէս անդրադառնալով վերջին շրջանին հայոց եկեղեցւոյ դէմ եղած յարձակումներուն` Հրանդ Մարգարեան վերահաստատեց կուսակցութեան դիրքորոշումը` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին եւ ամենայն հայոց հայրապետին:
Վերջինս ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը, գիտակից հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման եւ հոգեւոր առաքելութեան կարեւորութեան, պիտի շարունակէ զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլալ անոր:
Իր հայրական օրհնութիւնը տալով հայորդիներուն` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կուսակցութեան կեցուածքին` գնահատելով անոր դրսեւորած ոգին եւ գիտակցութիւնը: Վեհափառ հայրապետը արձանագրեց, որ ժողովուրդին զօրակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը մայր եկեղեցւոյ եւ իրենց սրբազան հաւատքին նկատմամբ արտայայտութիւնն են այն իրողութեան, որ հայոց եկեղեցին մեր ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան հիմնական երաշխաւորներէն է:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց փրկչական եւ ազգապահպան առաքելութիւնը` ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան:
Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ նաեւ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` նշելով, որ ազգի հոգեւոր զօրութեամբ եւ միասնականութեամբ կարելի եղած է դարեր շարունակ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ արձանագրել յաղթանակները: Անոր համաձայն, այսօր եւս, դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմակայման ճամբուն վրայ մեր ազգը պէտք է հետեւողը դառնայ նախնեաց որդեգրած այս կեցուածքին եւ փորձառութեան: