Ամբողջ կեանքը ծառայեց ժողովուրդին. «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան խօսքը Բժ. Կարպիս Հարպոյեանի մահուան առթիւ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Բժ. Կարպիս Հարպոյեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին Վրէժ Արմէն Արթինեանի կողմէ արտասանուած «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան խօսքը։

Անգամ մը եւս, իբր «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ինծի վիճակուեցաւ խօսիլ գործակիցի մը եւ մտերիմ ընկերոջ մը մասին, որ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։

Արդ, առաջին հերթին կ՚ուզեմ Կեդրոնական վարչութեան խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնել բժ. Կարպիս Հարպոյեանի կողակցին՝ տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանին, դուստրերուն եւ ամուսիններուն՝ Դալար ու Գէորգ Գալլողլեաններուն, Լոռի ու Տանիէլ Զաքարեաններուն եւ Փաթիլ ու բժ. Արի Մկրտիչեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց համայն հարազատներուն՝ բժիշկին այս անժամանակ կորուստին առթիւ։

Անկասկած բժիշկ Հարպոյեան իր մասնագիտական, հասարակական թէ գրական գործունէութեամբ իր իւրայատուկ ու արժանաւոր տեղը կը գրաւէ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ։

Առաջին յատկանիշը, որ կը հաստատենք՝ իր ծառայութեան յօժարակամութիւնն է. ան ամբողջ կեանքը ծառայած է ժողովուրդին։ Ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին։ Ծառայած է նուիրումով, անշահախնդրօրէն, առանց ծափ ու ծնծղայի։

Երկրորդ յատկանիշը իր անսպառ կորովն է. ժրաջան, աշխատասէր, համագործակցող, մանաւանդ իր ստանձնած գործը անպայման իրագործելու եւ մասնագիտակա՛ն մօտեցումով իրագործելու իր ունակութիւնը։

Երրորդ յատկանիշը իր սէրն է իր պատկանած ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ յատկապէս լեզուին նկատմամբ։ Եւ, փոխադարձաբար, ինքն ալ սիրուած ու յարգուած է իր գործակիցներուն, պատկան մարմիններուն եւ հանրութեան կողմէ։

Այստեղ նշենք յատկապէս «Համազգային»-ի հետ իր առնչութիւնը, որ կը սկսի 1958-էն՝ երիտասարդ տարիքին իր անդամակցութեամբ, իր ջանքերով 1968-ին՝ Անթիլիասի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ապա, իբր անդամ, հուսկ ատենապետ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, 1977-ին՝ «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի, իսկ 1983-ին Պուրճ Համուտի երաժշտական դպրոցի ստեղծումով, վերջապէս 1998-էն 2002՝ Կեդրոնական վարչութեան իր անդամակցութեամբ։ Աւելի ուշ ան մաս կազմած է նաեւ «Համազգային»-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։

Ի զուր չէ, որ տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս «Համազգային»-ի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին առ ի գնահատանք, 2009-ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է «Համազգայինի շքանշան»-ին, ազգային եկեղեցական ծառայութեանց ծիրէն ներս նաեւ 2015-ին ստացած է Գանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանը, այլեւ 2016-ին պարգեւատրուած է «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»–ի Պէյրութի կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ` «Գնահատանք» յուշատախտակով, Պէյրութի խորհրդատու յանձնախումբին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան համար, վերջապէս 2020-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետի»-ի շքանշանը։

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան համար ան պիտի մնայ տիպար հայու եւ տիպար համազգայնականի այն կերպարը, որուն օրինակէն պիտի ներշնչուին գալիք սերունդները։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

*

Կենսագրութիւն Բժ. Կարպիս Հարպոյեանի

Զաւակը Թորոս Հարպոյեանի եւ Մարթա Մայայեանի՝ Կարպիս ծնած է 1939-ին, Հալէպ։ Ունեցած է հինգ եղբայր եւ մէկ քոյր։ Հայեցի նախակրթութիւնը ստացած է Հայկազեան վարժարանին մէջ Արմէն Անուշի (Մարաշլեանի) տնօրէնութեան օրով։ Այդ շրջանին իբր գայլիկ ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն։ Երկրորդական ուսումը շարունակած է տեղւոյն ամերիկեան Ալեփփօ Գոլէճին մէջ։, ինքնաշխատութեամբ խորացնելով նաեւ իր հայերէնի ու հայկական նիւթերու հմտութիւնը։ Իբր գործուն անդամ ու ատենապետ մաս կազմած է Հայ ուսանողական միութեան։

Անկէ ետք Կարպիս Հարպոյեան փոխադրուած է Լիբանան եւ իր բժշկական վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն 1965-ին։ Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի «քիթ-կոկորդ-խռչափող-ականջ» մասնագիտական բաժանմունքը 1965-1969: Առ ի գնահատանք՝ հրաւիրուած է մաս կազմելու նոյն բաժանմունքին` իբրեւ դասախօս-ուսուցիչ՝ Associate Member տիտղոսով, 1969-1975: Բժիշկ Հարպոյեան աւելի քան 35 տարի աշխատած է իբրեւ մասնագէտ վիրաբոյժ Պէյրութի զանազան հիւանդանոցներուն մէջ:

Եղջերիկի ընդոծին տարաճման եւ լսողական ջիղի յարաճուն խլութեան (Congenital corneal dystrophy with progressive sensorineural deafness) միատեղ գոյութիւնը՝ մէկ ընտանիքի մէջ, երեք անձերու մօտ առաջին անգամ ի՛ր կողմէ յիշատակուած է համաշխարհային բժշկական գրականութեան մէջ 1971-ին: Հետագային, այս երկու հիւանդագին երեւոյթներու միատեղ գոյութիւնը, իբրեւ նոր համախտանիշ` անուանուած է «Harboyan syndrome», հայերէնով՝ «Հարպոյեան համախտանիշ»: Իր մասնագիտութեան ճամբով մաս կազմած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան Գործադիր վարչութեան։ Ան նաեւ սիրայօժար մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի հայկական եւ ոչ-հայկական դարմանատուներու բժշկական սպասարկութեանց:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ուր որ ալ գտնուած է, միշտ իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ թէ՛ ազգային-թեմական եւ թէ՛ մշակութային մարզէն ներս։

Եղած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներու եւ կաթողիկոսական Ընտրական ժողովի ատենապետ, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ, Գանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ։ Անդամ էր «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի խորհրդատու յանձնախումբին։

Ան «Համազգային»-ի անդամակցած է երիտասարդ տարիքին՝ 1958-ին, իր ջանքերով հիմնուած է Անթիլիասի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը 1968-ին, ապա եղած է անդամ, հուսկ՝ ատենապետ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ իր նպաստը բերած է «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի կազմութեան 1977-ին, եւ Պուրճ Համուտի երաժշտական դպրոցի ստեղծումին 1983-ին. մաս կազմած է Կեդրոնական վարչութեան 1998-էն 2002, իսկ աւելի ուշ՝ «Համազգային»-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան 1970-ին ամուսնացած է Էլիզապէթ Մէյվալեան Պտղունիի հետ, Բախտաւորուած են երեք դուստրերով՝ Դալար, Լոռի եւ Փաթիլ, ու վեց թոռներով։ Կարպիս վերջնապէս Գանատա հաստատուած է 2002-ին՝ միանալով ընտանիքին։ Ան վայելած է թէ՛ իր կողակցին եւ թէ՛ զաւակներուն համագործակցութիւնը իր հասարակական թէ գրական աշխատանքներուն ընթացքին։

Ունի բժշկական բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներ միջազգային գրականութեան մէջ, իսկ իր բժշկական եւ առողջապահական հայերէն յօդուածները 1970-էն ի վեր լոյս տեսած են Սփիւռքի հայկական զանազան օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ, սկսելով Գեղարդի (բժ. Յարութիւն Գազանճեանի) հրատարակած «Բժիշկ»-էն եւ անո՛ր իսկ յորդորով։ Այդ գրութիւններուն մեծ մասը, ամփոփուած է «Բժիշկին խօսքը» վերնագրուած 7 հատորներուն մէջ՝ լոյս տեսած (2000-էն մինչեւ 2024), Պէյրութ ապա Մոնթրէալ:

Բժիշկ Հարպոյեանի գրական վաստակը չի սահմանափակուիր բժշկական մարզէն ներս. Ան յաճախ գրած է ազգային, հասարակական, կրթական հարցերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ բժշկական մամուլին մասին։ Այդ յօդուածներն ալ լոյս տեսած են հետեւեալ հատորներով նշուած թուականներուն. «Խաչելութեան Ճանապարհը» (2015), «Խաչելութենէն Յարութիւն» (2015), «Հայ բժիշկներուն ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին» (2018), «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» (2019), «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» (2023), «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ եւ բուժքոյրեր պատմութեան ընթացքին» (2024):

Ան գրած է նաեւ յուշեր՝ «Յիշատակարան բժիշկի կեանքէս» (2023) եւ «Համով հոտով եւ լեղի յուշեր» (2023, «Բժշկական ծառայութեան դաշտէն անդին» (2023), որոնք ոչ միայն անձնական պատումներ են, այլեւ ձեւով մը վկայարանը կը հանդիսանան իր ապրած ժամանակաշրջանի մեր ազգային կեանքին։

Հայերէնի նկատմամբ Կարպիս Հարպոյեանի մեծ սէրն ու հետաքրքրութիւնը զինք մղած են գրելու իր վերջընթեր գիրքը՝ «Մարմնի որոշ մասերու անուններու գործածութիւնը մեր լեզուի դարձուածքներուն, առածներուն եւ ասացուածքներուն մէջ» (2024) եւ ի վերջոյ՝ «Անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն ամփոփ բառարան»-ը (2024), որ հայ մշակոյթին իր մեծագոյն նպաստը կրնայ նկատուիլ, ուր համախմբուած են իր յօդուածներուն մէջ օգտագործուած 3000 գիտական ու բժշկական բառերը, ներառեալ իր յօրինած կամ իր հետ յօրինուած 275 նորաբանութիւնները։ Այս ձեւով ան իրաւամբ արժանաւոր ժառանգորդը կը հանդիսանայ ԺԲ. դարու Մխիթար Հերացիին ու ԺԵ. դարու Ամի Դովլաթ Ամասիացիին։

Տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս «Համազգային»-ի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին՝ առ ի գնահատանք, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան 2009-ին «Համազգայինի շքանշան»-ը ստացած է Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։ 2015-ին ան արժանացած է նաեւ Գանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի ազգային եկեղեցական ծառայութեանց «Յովհան Մանդակունի» շքանշանին։

Բժիշկ Հարպոյեան 2016-ին պարգեւատրուած է «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»–ի Պէյրութի կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ` «Գնահատանք» յուշատախտակով, Պէյրութի խորհրդատու յանձնախումբին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան համար:

Վերջապէս 2020-ին ան պարգեւատրուած է նաեւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետի»-ի շքանշանով։