Ականջ ծակող լռությունը

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթներուն ռամիկ ոճն ու բառամթերքը, անկասկած` անյարիր երկրի ղեկավարի մը հանգամանքին, այլեւս ոչ մէկ զարմանք կը պատճառեն: Դաշնակցութեան հասցէին անոր լուտանքները եւս չեն զարմացներ, պարզապէս որովհետեւ անոր ազգային ու քաղաքական մտքի կազմաւորումն ու զարգացումը յայտնաբար միջակութեան մէջ լողալով` այդքան են միայն: Մտահոգիչ ու վտանգաւոր է, սակայն, որ այդ բառերը երբ կ‘արտաբերուին երկրին ղեկավարին բերնով, ինքնաբերաբար վերաբերմունքը կը նկատուի որպէս իշխանութեան վարքագիծ …

Անհասկնալին, սակայն, վարչապետին համակիր զանգուածին քար լռութիւնն է, որը վիրաւորական, արժանապատուութիւն խոցող, շարունակ կրկնուող եւ հետզհետէ աւելի սաստկացող այդ թունաւոր ելոյթներուն դիմաց կը շարունակի մնալ ձեռնածալ ու լուռ, եւ այս լռութիւնը ականջ կը ծակէ իրաւամբ:

Արտաքին թէ ներազգային ճակատի վրայ, Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած պայքարը ունի վաղեմի պատմութիւն. օսմանեան, ցարական, խորհրդային, թրքական, մարտկոցական, միհրանական, եւ մասամբ նորին: Իւրաքանչիւրին հոլովոյթը թէեւ տարբեր մակարդակի է ու տրամաչափի, սակայն անոնք բոլորն ալ ձախողած են եւ չեն հասած իրենց թիրախին` կուսակցութեան բնաջնջման, քայքայման կամ պառակտման, երբեմն ծանր ու լուրջ վնասներ պատճառելով հանդերձ: Եւ ՀՅԴ-ն շարունակած է իր երթն ու առաքելութիւնը, խրոխտ, աներեր, անխախտ, ինքնավստահ քայլերով: Այսօրուան հալածախտը տարբեր չէ երէկէն. օգտագործուող ոճը եւ լեզուամտածողութիւնը ծանօթ ձեռագիրն է տխրահռչակ մօտիկ անցեալին, տէրպետրոսեանական վարք ու բարքին: Սակայն ոչինչ, այս մէկը եւս միւսներուն նման կ‘անցնի հարկաւ, Դաշնակցութեան գերեզմանին տապանաքար դնելու մարմաջը եւս կը մնայ երեխայական երազանք, իսկ պատմութեան աղբանոցին, թէ հարազատ էջերուն մէջ որո՞նք կը յայտնուին, այդ ալ կը վճռէ ու կը հաստատէ միայն ժամանակը:

Նշեցի. անհասկնալին վարչապետով հմայուած շրջանակներուն լռութիւնն է: Ինչպէ՞ս համր մնալ ազգային կուսակցութեան մը հասցէին հնչող անվայել լուտանքին ի լուր եւ ծպտուն իսկ չհանել: Չէ՞ որ դուք այսպէս կոչուած արդարամիտներն էք եւ իւրաքանչիւր նոյնիսկ աննշան սխալին դիմաց յօնք կը կիտէք: Ու՞ր են ձեր յօնքերը վարչապետին աղաղակող այս սայթաքումին ի տես: Կարելի է չհամակրիլ Դաշնակցութեան, չբաժնել անոր քաղաքական ու գաղափարական ուղղութիւնը, որոշումները, չսիրել զայն, քննադատել անոր ղեկավարները (հիմնաւորելով անշուշտ քննադատութիւնը, այլապէս կը նկատուի աժան բամբասանք), բայց կարելի չէ լուռ ու անտարբեր լսել հարազատ ժողովուրդէն ծնած եւ ի խնդիր ազգին ու հայրենիքին աւելի քան դար մը անխոնջ գործած կուսակցութեան մը յուղարկաւորութիւնը երազող երկրի ղեկավարին հիւանդագին ու մաղձոտ ելոյթները: Եւ տակաւին այս բոլորը այն պահուն, երբ, օրինակի համար, նոյն այդ կուսակցութիւնը ( ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի հետ ) իր ֆինանսական, ֆիզիքական, քանակական ուժերէն վեր հսկայական ու յամառ մաքառումի լծուած է Լիբանանի հայ հայմայնքին անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Անհատական ես-էն, քինախնդիր վէճերէ, դառնութենէ (երբեմն` արդար), տարակարծութիւններէ վեր ու անդին է այլեւս հարցը, եւ վարչապետին անընդունելի ու աններելի դիրքորոշումին բարձրաձայն հակազդելու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս:

Հարուածը բոլորիս ուղղուած է: Հարուածը ընդհանուր կուսակցութեան է եւ ոչ` այս կամ այն կուսակցականին, ղեկավարին կամ պատասխանատուին: Կուսակցութիւնը մասնատելու, «ներսի-դրսի» բաժանարար արուեստական գիծ ստեղծելու, հայաստանեան մեր կառոյցը արատաւորելու եւ զայն ընդհանուրէն տարբերակելու, տարանջատելու ու խորթ դիտարկելու սին փորձերը ձախողած են ու ընդմիշտ պիտի ձախողին, որովհետեւ կեղծ, անհիմն ու անհեթեթ են, մանաւանդ որովհետեւ մաս չեն կազմեր մեր օրակարգին, մեր օրակարգը չէ եղած երբեք, չէ՛ նաեւ այսօր ու չի կրնար ըլլալ վաղն ալ: Այս բոլորը կը միտին մեր ներուժը սպառել ներքին ճակատի վրայ, յոգնեցնել ու մաշեցնել մեզ երկպառակտման խնդիրներով, շեղել մեզ մեր բու՛ն ու գլխագիր Գործէն, մեր հիմնական առաքելութենէն: Փակագիծ մը բանանք յիշեցման կարգով: Կար ժամանակ, որ նոյն լուտանքները կը տեղային մեր գլխուն, բայց հակառակ ուղղութեամբ:

Մոռցա՞նք: Լեւոն Տէր Պետրոսեան սփիւռքեան մեր կառոյցն էր, որ կը յորջորջէր չարն ու վատը, «նարինջ ուտող դաւաճաններ» էինք մենք, իսկ այսօր յանկարծ լաւն ու վսեմը նոյն այդ սփիւռքեան կառոյցը՞ դարձաւ , իսկ չարն ու վատը, «թալանչիները»` հայաստանեան շարքերը՞: Դաշնակցութեան գործունէութիւնը կասեցնելու ԼՏՊ-ի ազգադաւ որոշումի պահուն չկար ո՛չ ՀՀԿ, ո՛չ «նախկինները», գոյութիւն չունէր անոնց հետ գործակցութեան ու մեղսակցութեան շինծու պատրուակները, բայց նորէ՛ն տեղաց նոյն լուտանքը, նորէ՛ն երգուեցաւ միեւնոյն յանկերգը: Պարզապէս որովհետեւ երկու պարագաներուն ալ, երէկ թէ այսօր, նոյն դպրոցն է ծրագրող ու թելադրող որջը, երկու պարագաներուն ալ միեւնոյնն է հետապնդուած նպատակը. բաժանարար գիծ յառաջացնել, պառակտել:

Ուրեմն այո՛, այսօրուան լռութիւնը եւ կրաւորականութիւնը անընդունելի է ու անհասկնալի, մանաւանդ որ կրնայ նաեւ անուղղակիօրէն ջուր լեցնել տխրահռչակ ջաղացքին:

Ահա այս խառն զգացումներով ու մտորումներով է, որ կ‘ընկալեմ Դաշնակցութեան նկատմամբ իշխանութեան ու անոր ղեկավարին կողմէ որդեգրուած անհանդուրժողական, թշնամական կեցուածքը, իսկ անոնց հնչեցուցած լուտանքն ու վիրաւորանքը կը փորձեմ խեղդել կոկորդիս մէջ, յանուն այն պայծառ իրականութեան, ըստ որուն` իշխանութիւնները գնայուն են, պետութիւնն ու հայրենիքը` մնայուն, որուն անսակարկ ծառայելու ուխտած է իւրաքանչիւր դաշնակցական:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.