Ալէն Սիմոնեան նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար

ԵՐԵՒԱՆ — Ալէն Սիմոնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ փոխարինելով Արմէն Գրիգորեանը, որ այդ պաշտօնը կը վարէր 2018-ի Մայիսէն ի վեր։

Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համապատասխան որոշումները այսօր հրապարակուեցան կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ։

Արմէն Գրիգորեան կառավարութեան այսօրուան նիստին հրաժեշտ տուաւ իր գործընկերներուն։ Նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Գրիգորեանին առաջարկած է այլ պաշտօն ստանձնել իր աշխատակազմին մէջ, սակայն վերջինս մերժած է առաջարկը։

Ալէն Սիմոնեան վերջին հինգ տարիներուն կը զբաղեցնէր Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը։ Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ան իր հրաժարականը ներկայացուցած էր։