Ազրպէյճան Յարձակողական Գործողութեան Կը Ձեռնարկէ Սահմանի Հիւսիսարեւելեան Հատուածին Մէջ 3 Նահատակ` Հայկական Զինեալ Ուժերէն

27-էն 28 յուլիս 2021-ի լուսցող գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան` Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածին մէջ ազրպէյճանական կողմէ ձեռնարկուած սադրանքներուն պատճառով սկսան մարտական գործողութիւններ, որոնք շարունակուեցան նաեւ 28 յուլիսի առաւօտեան:  Իբրեւ հետեւանք` հայկական կողմը ունեցաւ 3 զոհ` Հայկ Գէորգեան, Կորիւն Յարութիւնեան եւ Դաւիթ Քոչարեան, եւ 4 վիրաւոր,  իսկ ազրպէյճանական կողմը` 2 վիրաւոր:

Աւելի ուշ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը վերականգնելու վերաբերեալ: Զինադադարը հաստատուեցաւ ժամը 10:40-էն սկսեալ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ ազրպէյճանական սադրանքին պատճառով սկսած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին երկուստեք կիրարկուած են հրաձգային զինատեսակներ եւ ականանետեր: Ընդ որում, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ ականանետային կրակ բացուած է ի պատասխան թշնամիին կողմէ ականանետերու կիրարկման` հաստատելով, որ շփման գիծի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, եւ սահմանային իրադրութիւնը կը գտնուի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ըսած է, որ ժամը 6:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ կայուն է, կրակի դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը հիմնականօրէն կը գործադրուի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.