«Ազգային մեր գոյութեան, պետականութեան սպառնացող վտանգները պէտք է լաւապէս քննուին, կշռուին եւ նկատի առնուին ոեւէ բանակցութեան նախօրէին». Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եա­ն

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք «Ռատիօ Երազ»ի եւ «Գանձասար»ի հար­ցազ­րոյ­ցը ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եա­նի հետ:

«Գան­ձա­սար».- Նախորդ շաբաթ Երե­ւա­նի Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին մէջ վերսկ­սաւ դի­մադ­րութ­եան շար­ժու­մը, որ ներ­քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գե­րէն դուրս ել­լե­լով, Ար­ցա­խի հար­ցին, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին շուրջ ժո­ղովր­դա­յին ընդ­վզու­մի նկա­տա­ռե­լի ալիք բարձ­րա­ցուց, աս­տի­ճա­նա­բար ուղղ­ուե­լով դէ­պի հա­մա­հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թիւն ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած պար­տուողա­կան քա­ղա­քա­կա­նութ­եան դէմ: Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժե­րու ներ­կայ դա­սա­ւոր­ման մէջ, ընդ­դի­մու­թիւնը ինչ­պէ՞ս կը տես­նէ Ար­ցա­խի հար­ցին լու­ծումը, Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գութ­եան պահ­պա­նու­մը եւ որ­պէս քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կերպ­ուած ուժ, ո՞ւր եւ ինչ­պէ՞ս կր­նայ փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել:
Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան- Շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ հրա­ւէ­րին հա­մար: Դի­մադ­րու­թեան շար­ժու­մը նոր չէ: Երէկ անոր ժո­ղովըր­դա­յին դր­սե­ւո­րումն էր հա­ւա­քի ճամ­բով, բայց ինչ­պէս գի­տէք ար­դէն քա­նի մը ամիս է ի վեր մենք շա­րու­նա­կա­բար կ’ար­տա­յայտ­ուինք ազ­գա­յին ժո­ղո­վին բե­մէն, երի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով, երի­տա­սար­դու­թիւնը յա­տուկ շար­ժում մըն ալ սկ­սաւ, որ կոչ­ուե­ցաւ դի­մադ­րու­թեան շար­ժում, ու­րեմն բնա­կա­նա­բար անոր շա­րու­նա­կու­թիւնն էր ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քը, որ կազ­մա­կեր­պեց ընդ­դի­մու­թիւնը եւ այդ հա­ւա­քին ըն­թաց­քին ան­գամ մը եւս դի­մեց ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի դուրս գայ այս պար­տուո­ղա­կան ըն­թաց­քէն, որ դժ­բախ­տա­բար երե­ւե­լի դար­ձած է այ­լեւս Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ:
Հա­կա­ռակ այն իրո­ղու­թեան, որ այս իշ­խա­նու­թիւնը պար­տա­ւոր էր ստեղ­ծել հա­մազ­գա­յին մի­աս­նա­կա­նու­թիւն, տա­կա­ւին դժ­բախ­տա­բար ժո­ղո­վուր­դը տա­րան­ջա­տե­լու, բաժ­նե­լու, սեւ ու ճեր­մա­կի վե­րա­ծե­լու, շա­րու­նա­կա­բար ամէն ին­չի մեղ­քը նախ­կին­նե­րուն վրայ թող­ելու իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ: Այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ, բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տան իր ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը չի կր­նար օգ­տա­գոր­ծել այս վի­ճա­կին մէջ, ուր մենք թշ­նա­մի­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած ենք, իսկ թշ­նա­մի­նե­րուն ախոր­ժա­կը գրգռ­ուած է Ար­ցա­խի իրենց տա­րած յաղ­թա­նա­կով՝ իրենց ու­շադ­րու­թիւնը սե­ւե­ռե­լով նա­եւ Հա­յաս­տա­նի վրայ եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ամէ­նէն  վտան­գա­ւոր  բա­ժի­նը Սիւ­նի­քի հան­դէպ իրենց ու­նե­ցած նկր­տում­ներն են, սահ­մա­նա­զատ­ման եւ սահ­մա­նագծ­ման հար­ցի հան­գու­ցա­լուծ­ման ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցին թա­ղումն է մեր թշ­նա­մի­նե­րուն նպա­տա­կը, որոնց կող­քին նա­եւ, դժ­բախ­տա­բար, վար­չա­պե­տին իսկ յայ­տա­րա­րութ­եամբ խա­ղա­ղու­թեան դա­րաշր­ջան սկ­սե­լու այն կեղծ հան­գա­նա­կով հայ թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թացն է:
Նախ ներ­կա­յաց­նեմ մեր տե­սա­կէտ­նե­րը այս հար­ցե­րուն ուղ­ղու­թեամբ:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման, մենք ալ իրա­պաշտ ենք եւ կ’ըն­դու­նինք որ որ­պէս եր­կու դրա­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է վերջ ի վեր­ջոյ հաս­նին որոշ մա­կար­դա­կով բնա­կա­նո­նաց­ման եթէ կ’ու­զէք, բայց պն­դած ենք եւ կը շա­րու­նա­կենք պն­դել, որ այդ պէտք է ըլ­լայ առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու: Ինչ­պէս գի­տէք, Թուրք­ի­ան շա­րու­նա­կա­բար նա­խա­պայ­ման­ներ կը դնէ: Ամե­նայնդէպս հա­ւա­նա­բար այդ մէ­կը եր­կար գոր­ծըն­թաց է եւ ան­մի­ջա­կան ար­դիւնք­ներ չենք ակն­կա­լեր, բայց  ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւնը յայ­տա­րար­ուած է այս իշ­խա­նու­թեան կող­մէ եւ մեծ մտա­հո­գու­թիւն ու­նինք, որով­հե­տեւ պար­զա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը իր վս­տա­հու­թիւնը կորսն­ցու­ցած է եւ գի­տէ, որ այս իշ­խա­նու­թեան խօսքն ու գոր­ծը զի­րար չեն ամ­բող­ջաց­ներ:
Երկ­րոր­դը ան­մի­ջա­կան վտանգ հան­դի­սա­ցող՝ սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման հար­ցերն են, որով­հե­տեւ Ար­ցա­խի այս երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին, կամ ճա­կա­տա­մար­տին, եթէ կ’ու­զէք, պար­տու­թե­նէն ետք բնա­կա­նա­բար սահ­ման­նե­րը փոխ­ուած են եւ Ատր­պէյ­ճան ու Հա­յաս­տան սահ­ման­նե­րու ճշդ­ման օրա­կարգ ու­նին: Ռուս­իոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ այդ աշ­խա­տան­քը ըն­թացք առած է, իսկ մեր տպա­ւո­րու­թիւնը այն է, որ դժ­բախ­տա­բար իր հայ­կա­կան էու­թե­նէն պարպ­ուած այս իշ­խա­նու­թիւնը պար­տուո­ղի հո­գե­բա­նու­թեամբ այ­սօր մին­չեւ վերջ կ’եր­թայ զի­ջում­նե­րու եւ ատոր հա­մար մենք վս­տահ չենք, որ սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման որե­ւէ գոր­ծըն­թաց ինք­նին կը յան­գեց­նէ փրօ-հայ­կա­կան իմաս­տով ար­դիւ­նա­ւէտ դիր­քե­րու: Այս հար­ցին առն­չուող մե­ծա­գոյն վտան­գը այն է, որ Ատր­պէյ­ճան պի­տի պա­հան­ջէ շա­րու­նա­կա­բար որ այդ սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման օրա­կար­գով ինք­նա­բե­րա­բար լու­ծէ նա­եւ իր աչ­քով դիտ­ուած Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին հար­ցը, ուս­տի այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պի­տի թաղ­ուի Ար­ցա­խի դա­տը: Պէտք է ար­թուն ըլ­լանք, պէտք է զգօն ըլ­լանք եւ ամէն գնով մեր հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ջան­քե­րով ընդ­դի­մա­նանք նման ոտնձ­գու­թեան, որով­հե­տեւ Ար­ցա­խը մե­զի հա­մար այո՛ կորսըն­ցու­ցած է ճա­կա­տա­մար­տը, այս ապի­կար պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին իշ­խա­նու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ նա­եւ առ հա­սա­րակ մի­ջազ­գա­յին ճն­շում­նե­րու եւ Ռուս­իա-Թուրք­իա մար­տա­վա­րա­կան մեր­ձե­ցու­մին որ­պէս ար­դիւնք, բայց ան­կէ կա­րե­լի չէ հե­տեւց­նել, որ Ար­ցա­խի հար­ցը լուծ­ուած է. սա շատ հե­ռու է իրա­կա­նու­թե­նէն, ուս­տի մենք աշ­խար­հով մէկ կ’աշ­խա­տինք վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող կող­մե­րու գոր­ծըն­թա­ցը՝ պն­դե­լով, որ այն­պէս  ինչ­պէս այդ խում­բի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագր­ուած է,  բռ­նի ուժ կի­րա­ռե­լով Ար­ցա­խի հար­ցը կա­րե­լի չէ լու­ծել եւ մե­զի հա­մար այս վեր­ջին հանգր­ուա­նը ճա­կա­տա­մար­տի կո­րուստ է, ոչ թէ պա­տե­րազ­մի, որով­հե­տեւ վս­տահ ենք, որ Ար­ցա­խը պի­տի վե­րա­կանգ­նի հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գե­րով եւ ատոր հա­մար է որ կար­գա­վի­ճա­կը պէտք է առաջ մղենք: Կար­գա­վի­ճա­կը հա­մաշ­խար­հա­յին իմաս­տով պէտք է բե­րենք առա­ջին «փլան», ինչ­պէս կ’ըսեն Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ այդ ուղ­ղութ­եամբ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը չեն դադ­րած: Ուր որ անհ­րա­ժեշտ է տա­կա­ւին կը հե­տապն­դեն­ք Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման խն­դի­րը, տեղ-տեղ ուր կա­րե­լի չէ, պար­զա­պէս շեշ­տը կը դնենք ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քին վրայ: Այս աշ­խա­տան­քը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով մե­զի շնոր­հած է լուրջ ար­դիւնք­ներ, ատոր վրայ պէտք է կա­ռու­ցենք մեր գա­լիք օրա­կար­գը եւ օգ­նենք, որ Հա­յաս­տա­նի ձեռ­քը զօ­րա­նայ: Տայ Աստ­ուած, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը ինք ու­զէ, որ իր ձեռ­քը զօ­րա­նայ եւ ոչ թէ ար­դէն գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ զի­ջում­նե­րու շարք մը ներ­կա­յիս գոր­ծադ­րու­թեան դնէ:

«Գ.».- Մենք կը տես­նենք, որ թէ­եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հան­դէս կու գան խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րով եւ կը հա­ւաստ­ի­աց­նեն, որ ապաշր­ջա­փա­կու­մը պի­տի նպաս­տէ խա­ղա­ղու­թեան եւ այլն, նոյն օրե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը բուռն հռե­տո­րու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նը ուղ­ղա­կի թշ­նա­մի ան­ուա­նե­լով, առանց այդ փափ­կան­կա­տու­թիւն­նե­րը յար­գե­լու, առանց հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը յար­գե­լու, տա­կա­ւին կը յո­խոր­տայ եւ իր զի­նուոր­նե­րը կը մղէ Հա­յաս­տա­նի դէմ յա­ւել­եալ յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան: Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին լոյ­սին տակ խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րը ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յեն: Ատի­կա ար­տա­քի՞ն աշ­խար­հին հա­մար է, թէ ներ­քին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնը տկա­րաց­նե­լու ծու­ղակ է վեր­ջա­պէս:
«Յ. Տ. Խ.»- Նախ ըսեմ որ խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րը ոչ մէկ բա­նի կը ծա­ռա­յեն: Ընդ­հա­կա­ռակն. մենք կը կար­ծենք որ շպար է եւ շատ ճիշդ է ձեր այդ մատ­նան­շու­մը, որ Ատր­պէյ­ճան բա­ցար­ձա­կա­պէս չէ դադ­րած իր հա­յատ­եաց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն: Երբ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն իրենց թշ­նա­մի­նե­րը որա­կել հա­կա­ռա­կորդ­ներ կամ մր­ցա­կից­ներ, մեր թշ­նա­մի­նե­րը չեն վա­րա­նիր Հա­յաս­տա­նը նկա­տե­լու թշ­նա­մի եւ մե­ծա­գոյն խո­չըն­դոտ իրենց փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման ճամ­բուն: Ուս­տի պէտք է զգօն ըլ­լանք, խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան կո­չե­րը միայն ու միայն իմաստ կ’ու­նե­նան, երբ որ դուն յաղ­թա­նա­կէ ետք մե­ծա­հո­գա­բար զայն ար­դա­րաց­նող առա­ջարկ­ներ կը դնես սե­ղա­նին վրայ: Պար­տուող կող­մը երբ խա­ղա­ղու­թեան մա­սին կը խօ­սի, կը նշա­նա­կէ որ թշ­նամի­ին կ’ու­ղար­կէ այն ազ­դան­շա­նը, որ ինք տա­կա­ւին պար­տուո­ղա­կան հո­գե­բա­նու­թեան մէջ է : Խա­ղա­ղու­թեան այդ կո­չե­րը կր­նան իս­կա­պէս առաջ­նոր­դել պա­տե­րազ­մի, երբ մա­նա­ւանդ թշ­նա­մի­ներդ ար­ժե­ւո­րեն իրա­վի­ճակդ եւ տես­նեն, որ դուն կա­րո­ղու­թիւն չու­նիս պաշտ­պա­նե­լու ան­կա­խու­թիւնդ, այլ այդ տկար իրա­վի­ճա­կիդ մէջ  խա­ղա­ղու­թեան կառ­չած, սին յոյ­սե­րով կը սնա­նիս: Ատոր հա­մար է որ ցա­ւօք ճիշդ էք՝ խա­ղա­ղու­թեան  կո­չե­րը պար­զա­պէս երե­ւոյթ են, ոչ մէկ խորք ու­նին:  Նման խա­ղա­ղու­թեան այ­լա­զան դր­սե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը բնա­կա­նա­բար այդ ճա­նա­պար­հի կամ մի­ջանց­քի խն­դիրն է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն ներ­կաց­նել լոկ շր­ջա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց հան­գոյց­նե­րը քա­կե­լու փորձ, մինչ­դեռ մենք մտա­հոգ ենք, որով­հե­տեւ այդ մէ­կը կախ­եալ է այն բա­նէն, թէ այդ ճա­նա­պար­հը կամ մի­ջանց­քը, ինչ որ որա­կենք, վերջ­նա­կան ինչ­պի­սի՞ դր­սե­ւո­րում կ’ու­նե­նայ եւ արդ­եօք ատի­կա որ­քա­նո՞վ կ’առաջ­նոր­դէ Հա­յաս­տա­նի քայլ առ քայլ մաս­նատ­ման: Այդ ուղ­ղու­թեամբ նա­եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ կան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժե­րու կող­մէ, քիչ առաջ ակ­նար­կե­ցիք նա­եւ, թէ մի­ջազ­գա­յին առու­մով ինչ խմո­րում­ներ կան, որոնք այս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րուն վրայ կ’ազ­դեն: Կան շատ մը խմո­րում­ներ. մէ­կը նշե­ցի ար­դէն, պատ­մու­թիւնը մե­զի ցոյց տուած է, որ մար­տա­վա­րա­րա­կան առու­մով երբ Ռուս­իոյ եւ Թուրք­իոյ շա­հե­րը կը հա­մընկ­նին, կամ իրենց հա­մաշ­խար­հա­յին դր­ուած­քով, քայ­լե­րու փո­խա­նակ­ման իմաս­տով կ’առն­ուին, որ­պէս­զի զի­ջի մէկ կող­մը եւ ու­րիշ տեղ զի­ջի ու­րիշ կողմ մը, այդ մէ­կը ի վնաս հայ ժո­ղո­վուր­դին կ՛ըլ­լայ, ի վնաս մե­զի կ’աշ­խա­տի. Գո­յու­թիւն ու­նի նա­եւ դրա­ցի Իրա­նի գոր­ծօ­նը: Իրանն ալ շատ մտա­հոգ է Մեղրիի մի­ջանց­քին հար­ցով ատր­պէյ­ճա­նա­կան այս հռե­տո­րա­բա­նու­թեամբ, որով­հե­տեւ այդ կը նկա­տէ իրեն հա­մար կար­միր գիծ, եւ իր ազ­գա­յին շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն ոտնձ­գու­թիւն: Իրա­նի այս մօ­տե­ցու­մը մեր տե­սան­կիւ­նէն ող­ջու­նե­լի է եւ պէտք է շա­րու­նա­կել այս գծով յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­նիլ: Իրան լաւ գի­տէ որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, յա­տուկ ծրա­գիր­ներ կը մշակ­ուին, այ­լա­զան պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, որոնց հիմ­նա­կան թի­րա­խը ոչ միայն Հա­յաս­տանն է այ­լեւ Իրա­նը: Հե­տե­ւա­բար այս ընդ­հա­նուր տա­րա­ծաշր­ջա­նի իրա­վի­ճա­կէն մենք պէտք է կա­րե­նանք առա­ւե­լու­թիւն­ներ քա­ղել եւ ոչ թէ զո­հը դառ­նալ ու­րիշ­նե­րու ազ­գա­յին շա­հե­րուն ու հա­շիւ­նե­րուն: Գի­տենք, որ մենք ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կիցն ենք Ռուս­իոյ, բայց ան­շուշտ  դաշ­նա­կից ըլ­լա­լու հան­գա­մանքն ալ չ’առաջ­նոր­դեր այն իրո­ղու­թեան, որ Ռուս­իա թշ­նա­մա­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ. քա­նիցս Ռուս­իոյ պե­տու­թիւնը յայ­տա­րա­րած է ամե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րով, որ ինք չ՛ու­զեր կորսնց­նել Ատր­պէյ­ճա­նը. սա հասկ­նա­լի է իրենց տե­սան­կիւ­նէն: Բնա­կա­նա­բար մենք չենք ող­ջու­ներ այդ կեց­ուած­քը, բայց հա­կա­ռակ ատոր նա­եւ պէտք չէ այն սին յոյ­սե­րով սնա­նիլ, որ ամէն ինչ կախ­ուած է դուր­սի ու­ժե­րէն: Մեր ներ­քին ու­ժա­կա­նա­ցու­մը, մեր ներ­քին հզօ­րա­ցու­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, ատոր հա­մար վեր­ջին շր­ջա­նին միշտ շեշ­տած ենք, որ Հա­յաս­տան ու­նի քա­նի մը կա­րե­ւոր ընե­լիք­ներ, ան­մի­ջա­պէ՛ս:
Առա­ջի­նը բա­նա­կի հզօ­րաց­ման խն­դիրն է. ամէն գնով պէտք է վե­րա­կանգ­նել մեր բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թիւնը, որով­հե­տեւ թշ­նա­մի­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած երկ­րի մը մէջ, որ նա­եւ ծո­վա­յին ելք չու­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս խեղդ­ուած վի­ճա­կի մէջ է, հզօր բա­նա­կը առա­ջին նա­խա­պայ­մանն է, որուն հա­մար մենք պէտք է աշ­խա­տինք:
Երկ­րոր­դը Հա­յաս­տա­նի տն­տե­սա­կան հզօ­րաց­ման հարցն է, բայց ատոր հա­մար նախ անհ­րա­ժեշտ է ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւնը, այդ ուղ­ղու­թեամբ դժ­բախ­տա­բար քայ­լեր չենք տես­ներ այս իշ­խա­նու­թեան կող­մէ: Այս իշ­խա­նու­թիւնը կը տա­ռա­պի այն մո­լե­ռանդ բար­դոյ­թէն, որ իր­մէ զատ ամէն մարդ յան­ցա­ւոր է, որ ինք եր­բեք մեղ­քի բա­ժին չու­նի, ընդ­դի­մու­թիւնն է յան­ցա­ւո­րը, նախ­կին­ներն են յան­ցա­ւո­րը, ժո­ղովր­դա­յին զայ­րա­ցող խաւն է յան­ցա­ւո­րը, Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է պա­տե­րազ­մի կու­սակ­ցու­թիւնը եւ այլն: Այ­սինքն ամէն տեղ անոնք կը տես­նեն թշ­նա­մի­ներ, հա­կա­ռա­կորդ­ներ, ընդ­դի­մա­դիր­ներ՝ վայրկ­եան մը ան­գամ լուր­ջի չառ­նե­լով, թէ ինչ կայ այդ ընդ­դի­մու­թեան եւ այդ գա­ղա­փա­րա­յին տա­րա­կար­ծու­թեան տա­կը, խոր­քը. սա անհ­րա­ժեշտ է որ փոխ­ուի, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի փր­կու­թիւնը, ինչ­պէս նշե­ցի, ոչ միայն իր ներ­քին ու­ժե­րու հա­մա­խո­հու­թեան մէջ է, այ­լեւ Հա­մա­հայ­կա­կան առու­մով ժո­ղովր­դա­կան մի­աս­նու­թեան մէջ է: Ուս­տի հարկ է ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նար­կել այս իսկ օր­ուը­նէ:
Եր­րորդ. պէտք է զգու­շա­նալ, որ որե­ւէ մէկ պատր­ուա­կով, խա­ղա­ղու­թեան սին կար­գա­խօ­սով, շր­ջա­նի մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հան­գոյց­նե­րը քա­կե­լու թէ­եւ ող­ջու­նե­լի, բայց իրա­կա­նու­թեան մէջ ծու­ղակ­նե­րով լի ծրա­գիր­նե­րով չվ­տանգ­ուի Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը, որով­հե­տեւ մենք կը հա­ւա­տանք, որ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը բա­ցար­ձակ ար­ժէք է եւ բնա­կան է, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ազա­տու­թիւնն ու ակա­խու­թիւնը էա­կան տու­եալ­ներ են:  Այդ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է դի­մել ամէն մի­ջո­ցի, որ­պէս­զի կա­րե­նանք դի­մա­կա­յել մեր թշ­նա­մի­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը: Սա կը նշա­նա­կէ առա­ջին հայ­եաց­քով հա­մո­զում Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, որ այդ­պի­սի մի­տում կայ մեր թշ­նա­մի­նե­րուն կող­մէ եւ մեր թշ­նա­մի­նե­րը թա­քուն չեն աշ­խա­տիր, բա­ցա­յայտ հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րեն իրենց բո­լոր ձգ­տում­նե­րը եւ չեն դադ­րիր ըսե­լու որ Սիւ­նի­քը ատր­պէյ­ճա­նա­կան Զան­գե­զուր է, մին­չեւ իսկ ախոր­ժակ­ներ ու­նի Երե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ: Թուրք­ի­ան չի թաքց­ներ թր­քա­ցեղ պե­տու­թիւն­նե­րու կայս­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու իր մտադ­րու­թիւնը, որ փան­թու­րա­նա­կան ծրագ­րի լա­ւա­գոյն դր­սե­ւո­րումն է: Ազ­գա­յին մեր գո­յու­թեան, պե­տա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող այս ամ­բողջ վտանգ­նե­րը լա­ւա­պէս պէտք է քնն­ուին, կշռ­ուին եւ նկա­տի առն­ուին որե­ւէ բա­նակ­ցու­թեան նա­խօ­րէ­ին: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է ըլ­լան թա­փան­ցիկ եւ վերջ ի վեր­ջոյ ներ­կա­յաց­ուին ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­նու­թեան: Կա­րե­լի չէ բռ­նի ու­ժով մէկ մար­դու պար­տադ­րել այն­պի­սի կա­ցու­թիւն­ներ, որոնց ճամ­բով կո­րուս­տի կը մատն­ուին տա­րի­նե­րու մեր ձեռք­բե­րում­նե­րը՝ 1991-էն սկս­եալ:

«Գ.»- Մենք կը տես­նենք, որ թէ­եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հան­դէս կու գան խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րով եւ կը հա­ւաստ­ի­աց­նեն, որ ապաշր­ջա­փա­կու­մը պի­տի նպաս­տէ խա­ղա­ղու­թեան եւ այլն, նոյն օրե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը բուռն հռե­տո­րու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նը ուղ­ղա­կի թշ­նա­մի ան­ուա­նե­լով, առանց այդ փափ­կան­կա­տու­թիւն­նե­րը յար­գե­լու, առանց հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը յար­գե­լու, տա­կա­ւին կը յո­խոր­տայ եւ իր զի­նուոր­նե­րը կը մղէ Հա­յաս­տա­նի դէմ յա­ւել­եալ յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան: Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին լոյ­սին տակ խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րը ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յեն: Ատի­կա ար­տա­քի՞ն աշ­խար­հին հա­մար է, թէ ներ­քին դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնը տկա­րաց­նե­լու ծու­ղակ է վեր­ջա­պէս:
«Յ. Տ. Խ.»- Նախ ըսեմ, որ խա­ղա­ղա­սի­րա­կան կո­չե­րը ոչ մէկ բա­նի կը ծա­ռա­յեն: Ընդ­հա­կա­ռակն. մենք կը կար­ծենք որ շպար է եւ շատ ճիշդ է ձեր այդ մատ­նան­շու­մը, որ Ատր­պէյ­ճան բա­ցար­ձա­կա­պէս չէ դադ­րած իր հա­յատ­եաց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն: Երբ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն իրենց թշ­նա­մի­նե­րը որա­կել հա­կա­ռա­կորդ­ներ կամ մր­ցա­կից­ներ, մեր թշ­նա­մի­նե­րը չեն վա­րա­նիր Հա­յաս­տա­նը նկա­տե­լու թշ­նա­մի եւ մե­ծա­գոյն խո­չըն­դոտ իրենց փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման ճամ­բուն: Ուս­տի պէտք է զգօն ըլ­լանք, խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան կո­չե­րը միայն ու միայն իմաստ կ’ու­նե­նան, երբ դուն յաղ­թա­նա­կէ ետք մե­ծա­հո­գա­բար զայն ար­դա­րաց­նող առա­ջարկ­ներ կը դնես սե­ղա­նին վրայ: Պար­տուող կող­մը երբ խա­ղա­ղու­թեան մա­սին կը խօ­սի, կը նշա­նա­կէ որ թշ­նամի­ին կ’ու­ղար­կէ այն ազ­դան­շա­նը, որ ինք տա­կա­ւին պար­տուո­ղա­կան հո­գե­բա­նու­թեան մէջ է: Խա­ղա­ղու­թեան այդ կո­չե­րը կր­նան իս­կա­պէս առաջ­նոր­դել պա­տե­րազ­մի, երբ մա­նա­ւանդ թշ­նա­մի­ներդ ար­ժե­ւո­րեն իրա­վի­ճակդ եւ տես­նեն, որ դուն կա­րո­ղու­թիւն չու­նիս պաշտ­պա­նե­լու ան­կա­խու­թիւնդ, այլ այդ տկար իրա­վի­ճա­կիդ մէջ խա­ղա­ղութեան կառ­չած, սին յոյ­սե­րով կը սնա­նիս: Ատոր հա­մար է, որ ցա­ւօք ճիշդ էք՝ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րը պար­զա­պէս երե­ւոյթ են, ոչ մէկ խորք ու­նին: Նման խա­ղա­ղու­թեան այ­լա­զան դր­սե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը բնա­կա­նա­բար այդ ճա­նա­պար­հի կամ մի­ջանց­քի խն­դիրն է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն ներ­կայաց­նել լոկ շր­ջա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց հան­գոյց­նե­րը քա­կե­լու փորձ, մինչ­դեռ մենք մտա­հոգ ենք, որով­հե­տեւ այդ մէ­կը կախ­եալ է այն բա­նէն, թէ այդ ճա­նա­պար­հը կամ մի­ջանց­քը, ինչ որ որա­կենք զայն, վերջ­նա­կան ինչ­պի­սի՞ դր­սե­ւո­րում կ’ու­նե­նայ եւ արդ­եօք ատի­կա որ­քա­նո՞վ կ’առաջ­նոր­դէ Հա­յաս­տա­նի քայլ առ քայլ մաս­նատ­ման: Այդ ուղ­ղութ­եամբ նա­եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ կան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժե­րու կող­մէ, քիչ առաջ ակ­նար­կե­ցիք նա­եւ, թէ մի­ջազ­գա­յին առու­մով ինչ խմո­րում­ներ կան, որոնք այս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րուն վրայ կ’ազ­դեն: Կան շատ մը խմո­րում­ներ. մէ­կը նշե­ցի ար­դէն, պատ­մու­թիւնը մե­զի ցոյց տուած է, որ մար­տա­վա­րա­կան առու­մով երբ Ռուս­իոյ եւ Թուրք­իոյ շա­հե­րը կը հա­մընկ­նին, կամ իրենց հա­մաշ­խար­հա­յին դր­ուած­քով, քայ­լե­րու փո­խա­նակ­ման իմաս­տով կ’առն­ուին, որ­պէս­զի զի­ջի մէկ կող­մը եւ ու­րիշ տեղ զի­ջի ու­րիշ կողմ մը, այդ մէ­կը ի վնաս հայ ժո­ղո­վուր­դին կ’ըլ­լայ, ի վնաս մե­զի կ’աշ­խա­տի: Գո­յու­թիւն ու­նի նա­եւ դրա­ցի Իրա­նի գոր­ծօ­նը: Իրանն ալ շատ մտա­հոգ է Մեղրիի մի­ջանց­քին հար­ցով ատր­պէյ­ճա­նա­կան այս հռե­տո­րա­բա­նու­թեամբ, որով­հե­տեւ այդ կը նկա­տէ իրեն հա­մար կար­միր գիծ, եւ իր ազ­գա­յին շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն՝ ոտնձ­գու­թիւն: Իրա­նի այս մօ­տե­ցու­մը մեր տե­սան­կիւ­նէն ող­ջու­նե­լի է եւ պէտք է շա­րու­նա­կել այս գծով յա­տուկ աշ­խա­տանք տա­նիլ: Իրան լաւ գի­տէ որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, յա­տուկ ծրա­գիր­ներ կը մշակ­ուին, այ­լա­զան պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, որոնց հիմ­նա­կան թի­րա­խը ո՛չ միայն Հա­յաս­տանն է, այ­լեւ՝ Իրա­նը: Հե­տե­ւա­բար այս ընդ­հա­նուր տա­րա­ծաշըր­ջա­նի իրա­վի­ճա­կէն մենք պէտք է կա­րե­նանք առա­ւե­լու­թիւն­ներ քա­ղել եւ ոչ թէ զո­հը դառ­նալ ու­րիշ­նե­րու ազ­գա­յին շա­հե­րուն ու հա­շիւ­նե­րուն: Գի­տենք, որ մենք ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կիցն ենք Ռուս­իոյ, բայց ան­շուշտ դաշ­նա­կից ըլ­լա­լու հան­գա­մանքն ալ չ’առաջ­նոր­դեր այն իրո­ղու­թեան, որ Ռուս­իա թշ­նա­մա­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ. քա­նիցս Ռուս­իոյ պե­տու­թիւնը յայ­տա­րա­րած է ամե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րով, որ ինք չ’ու­զեր կորսնց­նել Ատր­պէյ­ճա­նը. սա հասկ­նա­լի է իրենց տե­սան­կիւ­նէն: Բնա­կա­նա­բար մենք չենք ող­ջու­ներ այդ կեց­ուած­քը, բայց հա­կա­ռակ ատոր նա­եւ պէտք չէ այն սին յոյ­սե­րով սնա­նիլ, որ ամէն ինչ կախ­ուած է դուր­սի ու­ժե­րէն: Մեր ներ­քին ու­ժա­կա­նա­ցու­մը, մեր ներ­քին հզօ­րա­ցու­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, ատոր հա­մար վեր­ջին շր­ջա­նին միշտ շեշ­տած ենք, որ Հա­յաս­տան ու­նի քա­նի մը կա­րե­ւոր ընե­լիք­ներ, ան­մի­ջա­պէ՛ս:
Առա­ջի­նը բա­նա­կի հզօ­րաց­ման խն­դիրն է. ամէն գնով պէտք է վե­րա­կանգ­նել մեր բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թիւնը, որով­հե­տեւ թշ­նա­մի­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած երկ­րի մը մէջ, որ նա­եւ ծո­վա­յին ելք չու­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս խեղդ­ուած վի­ճա­կի մէջ է, հզօր բա­նա­կը առա­ջին նա­խա­պայ­մանն է, որուն հա­մար մենք պէտք է աշ­խա­տինք:
Երկ­րոր­դը Հա­յաս­տա­նի տն­տե­սա­կան հզօ­րաց­ման հարցն է, բայց ատոր հա­մար նախ անհ­րա­ժեշտ է ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւնը, այդ ուղ­ղու­թեամբ դժ­բախ­տա­բար քայ­լեր չենք տես­ներ այս իշ­խա­նու­թեան կող­մէ: Այս իշ­խա­նու­թիւնը կը տա­ռա­պի այն մո­լե­ռանդ բար­դոյ­թէն, որ իր­մէ զատ ամէն մարդ յան­ցա­ւոր է, որ ինք եր­բեք մեղ­քի բա­ժին չու­նի, ընդ­դի­մու­թիւնն է յան­ցա­ւո­րը, նախ­կին­ներն են յան­ցա­ւո­րը, ժո­ղովր­դա­յին զայ­րա­ցող խաւն է յան­ցա­ւո­րը, Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է պա­տե­րազ­մի կու­սակ­ցու­թիւնը եւ այլն: Այ­սինքն ամէն տեղ անոնք կը տես­նեն թշ­նա­մի­ներ, հա­կա­ռա­կորդ­ներ, ընդ­դի­մա­դիր­ներ՝ վայրկ­եան մը ան­գամ լուր­ջի չառ­նե­լով, թէ ինչ կայ այդ ընդ­դի­մու­թեան եւ այդ գա­ղա­փա­րա­յին տա­րա­կար­ծու­թեան տա­կը, խոր­քը. սա անհ­րա­ժեշտ է որ փոխ­ուի, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի փր­կու­թիւնը, ինչ­պէս նշե­ցի, ոչ միայն իր ներ­քին ու­ժե­րու հա­մա­խո­հու­թեան մէջ է, այ­լեւ Հա­մա­հայ­կա­կան առու­մով ժո­ղովր­դա­կան մի­աս­նու­թեան մէջ է: Ուս­տի հարկ է ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նար­կել այս իսկ օր­ուը­նէ:
Եր­րորդ. պէտք է զգու­շա­նալ, որ որե­ւէ մէկ պատր­ուա­կով խա­ղա­ղութեան սին կար­գա­խօ­սով շր­ջա­նի մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հան­գոյց­նե­րը քա­կե­լու թէ­եւ ող­ջու­նե­լի, բայց իրա­կա­նու­թեան մէջ թա­քուն ծրա­գիր­նե­րով որե­ւէ մէկ ձե­ւով չվ­տանգ­ուի Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը, որով­հե­տեւ մենք կը հա­ւա­տանք, որ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը բա­ցար­ձակ ար­ժէք է եւ բնա­կան է, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ազա­տու­թիւնն ու անկա­խու­թիւնը էա­կան տու­եալ­ներ են եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է առ­նել ամէն մի­ջոց, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք դի­մա­կա­յել մեր թշ­նա­մի­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն: Սա կը նշա­նա­կէ առա­ջին հայ­եաց­քով հա­մո­զում Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ, որ այդ­պի­սի մի­տում կայ մեր թշ­նա­մի­նե­րուն կող­մէ եւ մեր թշ­նա­մի­նե­րը թա­քուն չեն աշ­խա­տիր, բա­ցա­յայտ հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րեն իրենց բո­լոր ձգ­տում­նե­րը եւ չեն դադ­րիր ըսե­լու, որ Սիւ­նի­քը Ատըր­պէյ­ճա­նա­կան Զան­գե­զուր է մին­չեւ ան­գամ ախոր­ժակ­ներ ու­նի Երե­ւա­նի մա­սին: Թուրք­ի­ան չի թաքց­ներ թր­քա­ցեղ պե­տու­թիւն­նե­րու կայսր­ու­թիւն ստեղ­ծե­լու իր մտադ­րու­թիւնը որ մեր տա­րի­նե­րով փան­թու­րա­նա­կան հա­մո­զու­մի լա­ւա­գոյն դր­սե­ւո­րումն է հրա­պա­րա­կաւ նա­խա­գա­հի բեր­նով եւ այս ամ­բողջ վտանգ­նե­րը լա­ւա­պէս պէտք է քնն­ուին կշռ­ուին եւ նկա­տի առն­ուին որե­ւէ մէկ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է ըլ­լան թա­փան­ցիկ եւ վերջ ի վեր­ջոյ նա­եւ դր­ուին ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­նու­թեան կա­րե­լի չէ մէկ մար­դու բռ­նի ու­ժով կամ­քով պար­տադ­րել այն­պիսի կա­ցու­թիւն­ներ, որ ետ կը մղէ մեր այս­քան տա­րի­նե­րու մեծ ձեռք­բե­րում­նե­րը 1991-էն սկս­եալ:

«Գ.»- Խօ­սե­ցաք տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժե­րու մա­սին, Իրա­նի մօ­տե­ցու­մին եւ այլն: Թուրք­իա ներ­կա­յիս գոր­ծի դնել կը փոր­ձէ 3+3 ձե­ւա­չա­փով տար­ածաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թիւն ստեղ­ծե­լու առա­ջադ­րան­քը. այս մէ­կը Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն կը բխի՞, թէ ոչ: Որո՞նք են Թուրք­իոյ յե­տին նպա­տակ­նե­րը:
«Յ. Տ. Խ.»- Այս ձե­ւա­չա­փը ինք­նին ոեւէ ձե­ւով օգ­տա­կար չեմ հա­մա­րեր, որով­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին խա­ղե­րու ար­դիւնք է: Առ­նենք Թուրք­իոյ պա­րա­գան. յս­տակ է, որ Թուրք­իոյ տա­րի­նե­րու երա­զը եղած է թա­փան­ցել Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս: Այդ թա­փան­ցու­մը ինք չէր կր­ցած իրա­գոր­ծել, որով­հե­տեւ շատ յս­տա­կօ­րէն Ռուս­իա ընդ­դի­մա­ցած էր իւ­րա­քան­չիւր քայ­լի, որ կա­րե­լիու­թիւն կը ստեղ­ծէ Թուրք­իոյ ըլ­լա­լու ազ­դե­ցիկ ներ­կա­յու­թիւն շր­ջա­նին մէջ: Թուրք­ի­ան, սա­կայն, տա­րի­նե­րու իր մշա­կած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն որ­պէս ար­դիւնք, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ իր զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թեամբ յա­ռա­ջա­ցաւ: Մար­տա­վա­րա­կան իմաս­տով Ռուս­իոյ եւ Թուրք­իոյ այս ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծի շա­հե­րու հա­մընկ­նու­մին հե­տե­ւան­քով, ինչ­պէս նա­եւ մի­ջազ­գա­յին որ­պէս խա­ղա­քարտ այ­լա­զան շր­ջան­նե­րու մէջ Թուրք­իոյ այս­պէս կոչ­ուած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու գօտի­ին ընդ­լայ­նու­մը վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւն ստեղ­ծած էր հա­յու­թեան հա­մար: Վե­րո­յիշ­եալ պա­րա­գա­նե­րը ար­տօ­նե­ցին, որ Թուրք­իա իս­կա­պէս թա­փան­ցէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս եւ այ­սօր կա­րե­լի չէ ժխ­տել այն իրո­ղու­թիւնը, որ Թուրք­իա մաս կը կազ­մէ Աղ­տա­մի մէջ, Շուշի­էն ոչ շատ հե­ռու հաս­տատ­ուած, մո­նի­թո­րին­կի խում­բին: Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լեց գրաւ­եալ հո­ղե­րը՝ ցոյց տա­լու հա­մար իր ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւնը Ատր­պէյ­ճա­նի հետ, այդ նա­եւ ազ­դա­րա­րու­թիւն է աշ­խար­հին, որ ինք շր­ջա­նա­յին գե­րուժ է: Միւս կող­մէ Արեւմտ­եան աշ­խարհն ալ տա­կա­ւին մի­ամ­տօ­րէն կը հա­ւա­տայ, որ Թուրք­իա որ­պէս ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ կր­նայ ըլ­լալ իր այն լծա­կը, որ­մով ինք կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լու Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ: Թուրք­ի­ան, սա­կայն, կը մեկ­նի միայն իր շա­հե­րէն, թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­քան ամ­րապնդ­ուած են այ­սօր, որ ատոր մէջ նկա­տի չեն առն­ուած իսկ արեւմտ­եան շա­հե­րը, այլ պար­զա­պէս՝ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղե­րու շա­հե­րը: Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնը, այո՛, ու­նե­ցած է շատ յս­տակ դիր­քո­րո­շում­ներ եւ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, դժ­բախ­տա­բար, սա­կայն, ան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին չէ ան­ցած:
Թէ­եւ 3+3-ի ձե­ւա­չա­փը մեծ ճամ­բայ կտ­րե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն չու­նի ըստ իս, սա­կայն ապա­գան ցոյց պի­տի տայ, թէ ո՛ւր կը հաս­նի ան: Մենք կը տես­նենք, որ Ռուս­իոյ ազ­դե­ցու­թիւնը տի­րա­կան է տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ: Ռուս­իա պի­տի չզի­ջի իր այդ «իրա­ւուն­քը», որ իր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ՝ վաստ­կած է, իսկ արեւմտ­եան ու­ժե­րը տա­կա­ւին սին յոյ­սե­րով պի­տի սպա­սեն Թուրք­իոյ ճամ­բով շր­ջան թա­փան­ցե­լու կա­րե­լիու­թեան ստեղ­ծու­մին, մինչ այդ Թուրք­իա լաւ ձե­ւը գտած է ապ­տա­կե­լու նա­եւ արեւ­մուտ­քին՝ հր­թիռ­ներ գնե­լով Ռուս­իա­յէն, արա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ այ­լա­զան տե­ղեր խլըր­տում­ներ ստեղ­ծե­լով, քիւր­տե­րու դէմ պայ­քա­րե­լով, նոյ­նիսկ եր­բեմն հա­կադր­ուե­լով արեւմտ­եան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան քիւր­տե­րու հար­ցով: Ուս­տի Թուրք­ի­ան ցոյց տուած է իր ան­կա­խու­թիւնը թէ՛ արե­ւել­քէն, եւ թէ՛ արեւ­մուտ­քէն ու սկ­սած է շար­ժիլ որ­պէս գեր­տէ­րու­թիւն: Հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժեր այս հան­գա­ման­քը չեն կր­նար կու­րօ­րէն ան­տե­սել, հե­տե­ւա­բար մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է շա­րու­նա­կա­բար բա­ցա­յայ­տել թր­քա­կան իս­կա­կան դի­մա­գի­ծը: Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով մեր նա­խընտ­րու­թիւնն այն է այս փու­լին վե­րա­կեն­դա­նաց­նել Մինս­քի հա­մա­նա­խա­գա­հող խում­բին գոր­ծըն­թա­ցը, որ­պէս­զի այն­տեղ թէ՛ Ռուս­ի­ան, թէ՛ Ֆրան­սան եւ թէ Ամե­րի­կան կա­րե­նան ու­նե­նալ պէտք եղած ազ­դե­ցու­թիւնը՝ խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով հաս­նե­լու վերջ ի վեր­ջոյ լուծ­ման մը, որով կա­րե­լի է գո­հաց­նել կող­մե­րը: Մինչ այդ, մենք պէտք է զօ­րա­նանք, պէտք է պատ­րաստ­ուինք, որով­հե­տեւ խա­ղա­ղու­թիւն ապա­հո­վե­լու լա­ւա­գոյն գրա­ւա­կա­նը զօ­րա­ւոր բա­նակ ու­նե­նալն է:

«Գ.»- Ըն­կե՛ր Յա­կոբ, դուք ձեր պաշ­տօ­նին բե­րու­մով Սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­ներ կ’այ­ցե­լէք, ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը կը շօ­շա­փէք: ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ինք­նին իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան ընդ­մէ­ջէն աս­տի­ճա­նա­բար զօ­րա­ցու­ցած է Սփիւռք-Հայ­րե­նիք կա­պը: Սուր­իա այ­ցե­լու­թեամբ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաք հա­մայն­քա­պետ­նե­րու եւ զա­նա­զան կող­մե­րու հետ, ի՞նչ էր ձեր տպա­ւո­րու­թիւնը, իսկ մենք՝ որ­պէս սփիւռ­քա­հա­յեր, ի՞նչ դեր ու­նինք ընդ­հան­րա­պէս հայ ազ­գի շա­հե­րուն սպա­ռն­ացող այս վտան­գա­լից ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ:
«Յ. Տ. Խ.»- Նախ սկ­սիմ ընդ­հա­նու­րէն, այ­սինքն հա­մա­հայ­կա­կան առու­մով եւ Սփիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին: Պէտք է խոս­տո­վա­նիմ, որ այս վեր­ջին ճա­կա­տա­մար­տին կո­րուս­տը, այդ ահա­ւոր կեղծ յաղ­թա­նա­կի կո­չե­րը, զորս պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին բարձ­րա­ցու­ցած էր իշ­խա­նու­թիւնը եւ ան­կէ ետք մեր ապ­րած ահա­ւոր յու­սալ­քու­թիւնը ինք­նին ստեղ­ծեց մեծ ճեղք, խրա­մատ, Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ: Առա­ջին ան­գամն է, որ իմ այ­լա­զան գոր­ծո­ղում­նե­րուն ըն­թաց­քին Սփիւռ­քի տա­րած­քին կը տես­նեմ իս­կա­կան խզում Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ: Մօ­տիկ անց­եա­լին կար այդ խզու­մը Սփիւռ­քի մեծ հատ­ուա­ծին եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, հի­մա սկ­սած է դառ­նալ Հա­յաս­տան-Սփիւռք, որ շատ վատ կա­ցու­թիւն է եւ որուն դէմ պէտք է պայ­քա­րինք բո­լորս: Նախ պէտք է փա­կենք սգոյ եւ յու­սալ­քու­թեան էջը: Բնա­կան է, որ ամէնքս ցն­ցու­մէ ան­ցանք, բնա­կան է, որ երե­սուն տա­րի վարժ­ուած ըլ­լա­լով յաղ­թա­կան ազգ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, յան­կարծ հի­աս­թա­փու­թիւն ապ­րե­ցանք եւ հասկ­ցանք, որ յո­խոր­տան­քով չես կր­նար պա­տե­րազմ մղել, սին յոյ­սե­րով պա­տե­րազմ չես շա­հիր, եւ սու­տե­րով, մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վուր­դը չես կր­նար խա­բել: Ըստ երե­ւոյ­թին մէկ մա­սը կը խաբ­ուի, Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րը այդ ցոյց տուին, բայց հիմ­նա­կա­նին մէջ աշ­խար­հա­տա­րած հա­յու­թիւնը անդ­րա­դար­ձած է, որ շատ վտան­գա­ւոր շր­ջա­նի մէջ կը գտն­ուինք եւ մենք պէտք է անց­նինք ամ­բող­ջա­կան դի­մադ­րու­թեան, ոչ թէ դի­մադ­րու­թիւն միայն իշ­խա­նու­թեան, որ ճիշդ է եւ պէտք է շա­րու­նա­կել, բայց նա­եւ դի­մադ­րու­թիւն հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, կեդ­րոն­նե­րու եւ ու­ժե­րու նկատ­մամբ, որոնք կը սա­տա­րեն Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ախոր­ժակ­նե­րուն: Իս­կա­պէս ցա­ւա­լի էր ակն­կա­լել, որ հա­կա­ռակ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին թափ­ուած ջան­քե­րուն, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժե­րը մե­ծաւ մա­սամբ չամ­բաս­տա­նե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նը նա­խա­յար­ձակ ըլ­լա­լուն հա­մար, պէտք եղած ուժգ­նու­թեամբ չանդ­րա­դար­ձան այս երե­ւոյ­թին, հա­կա­ռակ անոր, որ տեղ-տեղ ցու­ցա­կան շար­ժում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ամ­բաս­տա­նե­լու Ատր­պէյ­ճանն ու անոր գոր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան ոճիր­նե­րը: Ար­ցա­խի բռնագ­րա­ւու­մը եւ պա­տե­րազ­մի եր­կա­րաձ­գու­մը փաս­տե­ցին ան­գամ մը եւս, որ բռ­նի ուժն է, որ կը տի­րա­պե­տէ հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կա­նութ­եան մէջ եւ ոչ թէ բա­նա­կա­նու­թիւնը կամ խա­ղաղ գոր­ծըն­թաց­նե­րը: Այս ամ­բող­ջը վատ նա­խըն­թաց­ներ են, որոնց զո­հը գա­ցինք բո­լորս, բայց այս ամէ­նէն դա­սեր քա­ղե­լով մենք պէտք է անց­նինք իս­կա­կան գոր­ծի: Իս­կա­կան գոր­ծը, ան­գամ մը եւս կրկ­նեմ, նախ հա­մո­զելն է մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ այս թէ­եւ ահա­ւոր, սա­կայն պար­զա­պէս ժա­մա­նա­կա­ւոր կո­րուստ է ու մենք պէտք է ու­նե­նանք վճ­ռա­կա­մու­թիւնը՝ վե­րա­կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւնը, յոյս ներշն­չե­լու ժո­ղո­վուր­դին, ամէն գնով առաջ­քը առ­նե­լու Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը ամ­րօ­րէն ոտ­քը կառ­չած պա­հէ հո­ղին: Ու­րախ եմ, որ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը այդ ուղ­ղու­թեամբ իր վճ­ռա­կա­մու­թիւնը կը յայտ­նէ: Ու­րախ եմ նա­եւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ընդ­դի­մու­թիւնը կը բա­ցա­յայ­տէ, որ զիջ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կողմ­նա­կից չէ: Ասոնք լաւ նա­խա­քայ­լեր են, որոնց վրայ պէտք է կա­ռու­ցել մեր Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը, նոյն թա­փով պէտք է քո­ղա­զեր­ծել Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ Թուրք­իոյ իս­կա­կան մօ­տե­ցու­մը, բա­ցա­յայ­տել Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, պա­տե­րազ­մա­կան ոճիր­նե­րու գծով դի­մել դա­տա­րան­ներ: Հա­յաս­տան, որ­պէս պե­տու­թիւն, ար­դէն իսկ քայ­լեր առած է այս ուղ­ղութ­եամբ, մէկ մասն ալ ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կ’ընեն, ինչ­պէս մենք, որ­պէս հիմ­նա­դի­րը Հայ Իրա­ւանց Հիմ­նար­կի Հա­յաս­տա­նի փաս­տա­բա­նա­կան խում­բին: Այդ խում­բին եւ Ուա­շինկ­թը­նի մէջ հաս­տատ­ուած մեր հիմ­նար­կին ճամ­բով մի­աց­եալ դա­տեր բա­ցած ենք Եւ­րո­պա­յի մէջ գե­րի­նե­րու հար­ցով եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տե­րազ­մա­կան ոճիր­նե­րու խն­դի­րով: Պէտք է սաստ­կաց­նել մեր քա­րոզ­չա­կան պայ­քա­րը, ու­նինք շատ լաւ երի­տա­սար­դու­թիւն, որ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին կր­ցաւ հա­կա­դար­ձել այն ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեան ար­շա­ւին, որ Թուրք­ի­ան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը տա­րա­ծած էին հա­յու­թեան նկատ­մամբ, որով­հե­տեւ, ինչ­պէս քիչ առաջ ըսինք, ոչ թէ միայն պա­տե­րազ­մի մա­սին էր այդ ապա­քա­րոզ­չու­թիւնը, այլ ուղ­ղա­կի հա­յատ­եաց, ցե­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն էր, զոր կը վա­րէ­ին Թուրք­ի­ա­ն եւ Ատր­պէյ­ճա­նը: Ուս­տի հարկ էր հա­կա­դա­րձել եւ մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը աշ­խար­հով մէկ կր­ցաւ իջ­նել փո­ղոց՝ շատ մը մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ եւ ցոյ­ցե­րով, հա­ւաք­նե­րով բա­ցա­յայ­տել իս­կա­կան էու­թիւնը պա­տե­րազ­մին, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ճամ­բով ալ պայ­քա­րե­ցաւ ան այդ ամ­բողջ սու­տե­րուն դէմ, նա­եւ փոր­ձեց շար­ժել հա­մաշ­խար­հա­յին հե­տաքրք­րու­թիւնը քա­ղա­քա­կան, լրատ­ուա­կան, ակա­դե­մա­կան, ակա­նա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ճամ­բով եւ ու­րախ եմ ըսե­լու, որ կր­ցանք գոր­ծի մղել ազ­դե­ցիկ լրագ­րող­ներ, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նեն նա­եւ հայ­կա­կան տե­սա­կէ­տը, գո­նէ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը յս­տա­կօ­րէն նշեն: Զի­րենք պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ պա­տե­րազ­մէն ետք տե­ղա­փո­խե­ցինք Ար­ցախ, որ­պէս­զի տես­նեն թէ իս­կա­պէս ի՞նչ կը կա­տար­ուի հո­ղին վրայ: Այս ար­շա­ւը ամէն գնով պէտք է շա­րու­նակ­ուի: Այ­լա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ իմ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն տպա­ւո­րու­թիւնը այն է, որ շա­տեր տա­կա­ւին այդ յու­սալ­քու­թեան մթ­նո­լոր­տին մէջ են, բայց ես իմ պատ­գա­մով կը փո­խան­ցեմ, որ այ­լեւս պէտք է փա­կենք այդ էջը, հի­մա անց­նինք մի­աս­նա­կան աշ­խա­տան­քի հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րով, Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեցի­ով, կը յու­սամ նա­եւ պե­տու­թեան առողջ բա­ժի­նին մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք մեր աշ­խա­տան­քը հա­մաշ­խար­հա­յին առու­մով աւե­լի ազ­դե­ցիկ դարձ­նել: Գա­լով Սուր­իոյ պա­րա­գա­յին, ու­րախ եմ ըսե­լու, որ այո այս խիտ եր­կու­քու­կէս օրե­րու ըն­թաց­քին մենք ու­նե­ցանք շատ մը հան­դի­պում­ներ ներ­քին իմաս­տով մեր շար­քե­րուն հետ եւ միու­թիւն­նե­րուն, ըն­կեր­նե­րուն հետ եւ ու­րախ եմ, որ շր­ջան­նե­րու՝ Լա­թաք­իոյ, Քե­սա­պի, Գա­միշլիի եւ Դա­մաս­կո­սի մեր ըն­կեր­նե­րը ներ­կայ էին Հա­լէպ: Անոնք մե­ծա­պէս խան­դա­վա­ռե­ցին զիս ու ան­գամ մը եւս փաս­տե­ցին, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը պատ­նէ­շի վրայ է եւ կը հե­տաքրքր­ուի ոչ միայն իր հար­ցե­րով, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան հար­ցե­րով ու պատ­րաստ է մաս­նակ­ցե­լու մեր հա­մա­հայ­կա­կան պայ­քա­րին: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր չա­փով, իր կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ այդ պի­տի ընէ: Հա­մայն­քա­պետ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պարզ­ուե­ցաւ, որ անոնք եւս կը բաժ­նեն մեր այն տե­սա­կէ­տը, որ հա­մա­հայ­կա­կան մեր տես­լա­կա­նէն ոչ մէկ զի­ջում պէտք է կա­տար­ուի այս պա­տե­րազ­մա­կան ճն­շիչ մթ­նո­լոր­տին մէջ եւ որ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ձե­ւով, իր չա­փով այդ պայ­քա­րին պի­տի օժան­դա­կէ, որով­հե­տեւ վերջ ի վեր­ջոյ մեր բո­լո­րին նպա­տակն է ու­նե­նալ յս­տակ տես­լա­կան, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի գո­յա­տե­ւէ ամէ­նուր, զար­գա­նայ իր հո­ղե­րուն վրայ եւ վեր­ջա­պէս կեր­տէ Ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տան:

Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան
Արտագրեց
Վեհան Պարսումեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.