Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահի պաշտօնին անյարիր խօսք՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն

Յ.Պալեան

Հին ազգերը, մեծաւ մասամբ, կ’ապրէին կառավարութիւններու մէջ, որոնք առաքինութիւնը ունէին որպէս սկզբունք, եւ երբ ան տիրական էր, հոն կը կատարէին բաներ, զորս այսօր բնաւ չենք տեսներ, եւ որոնք կը զարմացնեն մեր պզտիկ հոգիները:

Մոնթեսքիէօ, «Օրինաց ոգին, IV, 4)*

Երիտասարդի մը հայրը երէկ հեռախօսով կապուեցաւ, իր ուսանող զաւակին ընդվզումին եւ յուսալքման մասին խօսեցաւ: Կը ճանչնայի երիտասարդը: Հայ հայրը, մեծ ճիգերով, զաւակին հայերէն սորվեցուցած էր, հայոց պատմութիւն, ղրկած էր երիտասարդական ճամբարներ: Յուզուած էր:

            Հարցուցի թէ ի՞նչ պատահած էր: Ըսաւ, որ զաւակը կարդացած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեանի դիմատետրով կատարած յայտարարութիւնը, ինքզինք «պզտիկ» զգացած է անոր վերաբերումին եւ ոճին համար, խորհած է որ մենք դեռ նախնական ենք, primitif ենք: Ղրկեմ՝ զաւակին կարդացած եւ արձանագրած յայտարարութիւնը:

            Ստացայ եւ նոյնութեամբ կը կցեմ այս էջին, առանց փոփոխութեան.

«Կարծում եմ ՍԴ նախկին դատավորները քաղաքական դիակների ֆոնին դատարկ հարցազրույցներ տալու փոխարեն լավ կանեն ժամանակն օգտագործեն ՍԴ սենյակները իրենց իրերից ազատելու համար: Այս մասին ֆեյսբուքի իր էջում գրել է ԱԺ փոխխոսնակ Ալեն Սիմոնյանը»:

 Ես ալ ամօթ զգացի, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ մը, որ Հայաստանի համար ներկայացուցչական դէմք է, Հայաստանի պատկեր է, եւ հետեւաբար պարտի ըլլալ զուսպ, կենցաղագէտ, մանաւանդ՝ իրաւ քաղաքական գործիչին համար անհրաժեշտ իմաստութեամբ՝ գիտնալ ոչ թէ ըսելիքը, այլ չըսելիքը:

 Կառավարողը, քաղաքական գործիչը, պէտք է ունենայ առաքինութիւն, հոգեկան ուժ, գերանցելու համար անձնական, դասակարգային կամ կուսակցական շահը:

  Յաճախ կը կրկնեմ, որ պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը:

Տարրական ողջախոհութիւն ունեցող քաղաքացին գիտէ, պէտք է գիտնայ, որ իր կողմէ ընտրուած կառավարողը (ինչ անուն եւ տիտղոս որ կ’ուզէք տուէք), պէտք է ունենայ ճշմարիտ քաջութիւն,- զոր ամբարտաւանութեան հետ պէտք չէ շփոթել,- պէտք է գիտնայ ամէն կարգի անձնական, խմբակային եւ դասակարգային շահերէ եւ շահախնդրութիւններէ վեր մնալ, յարգել իր հաւասար քաղաքացին, գործել օրէնքով, արդարութեամբ, առանց երբեք մոռնալու ընկերային-քաղաքական բարոյականութիւնը (էթիկա): Երբ անանձնական եւ աննիւթական արժէքները կը բացակային, կը տիրէ ԵՍը, որ ՄԻՒՍին մերժումն է:

 Եւ քաղաքական գործիչը կը դաւաճանէ իր հանրային ծառայի կոչումին:

Արդարեւ, կառավարողը երբ կը կորսնցնէ ծառայելու, միւսին մէջ իր հաւասարը եւ մարդը տեսնելու առաքինութիւնը, կը հպատակի հաշուեյարդար ընելու մղումներու, առաւելութիւններու նուաճումը կը դարձնէ նպատակ, հանրային ինչքը կ’իւրացնէ կամ ծառայացնէ անձնական բաւարարութիւններու, կը դաւաճանէ իր կոչումին: Ան պէտք է գիտնայ, որ ժողովուրդը, ուշ թէ կանուխ, կը տեսնէ եւ կը դատէ: Միշտ պէտք է մտածել, եւ այս պէտք է գիտնայ քաղաքական գործիչը, որ հաւաքական ապահովութեան եւ բարիքի համար ժողովուրդը կրնայ զոհողութիւններ ընդունիլ, բայց անպայման կ’ընդվզի արհամարհանքի եւ շահագործման դէմ:

Բարոյախօսութիւն չընենք: Բայց ինչ որ կը կոչենք ժողովրդավարութիւն, իրաւութիւն ունենալու համար, պէտք է պահէ քաղաքական առաքինութիւնը, այլապէս կը դառնայ պատեհապաշտութիւն, ամբոխի ակնկալութիւններու, քէներու եւ կիրքերու շահագործում, որ կը ձեւաւորուի եւ կ’աճի որպէս ամբոխահաճութիւն (populism), վասն դիրքապաշտութեան:

 Երեւոյթը նոր չէ: Երկու հազար տարի առաջ,  Պղատոն քննադատած է իմաստակները (սոփեստ, sophist), որոնք կրնային վիճարկել եւ պաշտպանել ամէն տեսակէտ եւ անոր հակառակը, քանի որ ոչ ճշմարտութիւնը եւ ոչ ալ առաքինութիւնը, այլ իշխանութիւնը՝ որպէս միջոց եւ նպատակ ունէին, դիրքի, փառքի եւ դրամի տիրացման համար: Այս քաղաքական շնականութիւն է, ցինիզմ (cynisme), որ առաքինութեան հակասութիւնն իսկ է:

  Քաղաքական առաքինութիւնը ճառ չէ, Պղատոնի նկարագրած սոփեստներու իմաստակութիւնը չէ, ան առանցքն է իսկական եւ ապրուող ժողովրդավարութեան: ճշմարիտ ըլլալու համար, ան որպէս հիմնական եւ անշրջանցելի առաջադրանք պէտք է ունենայ, օրինակ, գործազրկութեան յաղթահարումը, որ անհաւասարութիւններու վերացման նախապայմանն է, արդար տուրքերու հաստատումը՝ որպէս մասնակցութիւն հաւաքականութեան կեանքի բարելաւման, բայց մանաւանդ պայքարը՝ յայտնի եւ անյայտ փտածութեան (corruption) դէմ, որ կ’արտայայտուի անհատական շահերու համար իշխանութեան լծակներու  օգտագործումով: Պէտք է գումարել նաեւ դիրքի շահագործումը, օրինակ, խնամի-ծանօթ-բարեկամի (ծանօթ ԽԾԲն) մատուցուած ծառայութիւններով: Միշտ պէտք է մտածել հաւաքական ճամբորդութիւններու, պերճանքներու եւ վերջին շրջանի նորոյթ դարձած պարգեւավճարներու մասին, երբ իշխանութիւն-որոշողները իրենք իրենց նուէրներ կը սահմանեն, երբ երկրին մէջ նուազագոյն կենսականէն պակասով ապրողներ կան, կայ թշուառութիւն:

Պատմութիւնը դպրոց է, որ կը սորվեցնէ նաեւ, որ դժուարութիւններու եւ թշուառութեան կարելի է հանդուրժել, երբ հարկ է զանոնք հաւաքական ճիգով դիմակայել, անոնք ըմբոստացման չեն առաջնորդեր: Ժողովուրդները կը հասկնան դժուարութիւնները, կը գնահատեն ճիգերը երբ իշխանութիւնը կը պայքարի անոնց վերացման համար: Եւ կրնայ սպասել:

Կը սպասէ: Պայմանաւ, որ կառավարութիւն(ներ) մը առաջնորդուի Մոթնեսքիէոյի անհատական շահերու գերանցման եւ ծառայութեան սկզբունքներով, այսինքն՝ քաղաքական առաքինութեամբ, որ կ’ենթադրէ արդարութիւն, ծառայութիւն, յարգանք, միւսը հաւասար տեսնելու հիմնական սկզբունք:

 Թերեւս նիւթէն շեղացայ: Բայց Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահէն կ’ակնկալուի, որ պետական բարձրագոյն մակարդակի վրայ պաշտօնավարած անձերուն եւ եւ անոնց հանգամանքին նկատմամբ չունենայ շնական (ցինիկ) վերաբերում: Անոնք եղած են պետութեան սպասաւորները: Փողոցայիններ եւ աւազակներ չեն եղած Սահմանադրական Դատարանի անդամները: Վեր կ’առնեմ Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահին խօսքին կարգ մը արտայայտութիւնները. քաղաքական դիակներ, …դատարկ հարցազրոյցներ, … լաւ կ’անեն ժամանակն օգտագործեն Սահմանդրական Դատարանի իրենց իրերից ազատել իրենց զբաղեցրած սենեակները…

Կարելի է քննադատել, բայց երկրի բարձրագոյն դիրքերուն վրայ պաշտօնավարած անձը քուրջի վերածել եւ ըստ այնմ ալ վերաբերիլ, վկայութիւն է այն մասին, որ մենք չունինք քաղաքական մշակոյթ (կուլտուրա), որ փողոցէն եւ կիրքերէն վեր մնալ կը պահանջէ քաղաքական ղեկավարէն:

Մաղթելի պիտի չըլլլար, որ նոր իշխանափոխութեան մը դերակատարները Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահին նկատմամբ նոյն վերաբերումը ունենային:

 Այսօր, ես մտահոգ եմ սփիւռքահայ երիտասարդի ապրած հոգեկան բեկումով:

Ի՞նչ բացատրութիւն տալ, ինչպէ՞ս լուսաբանել:

 Ի՞նչ ընել, որպէսզի ան համոզուի, որ իր սիրած Հայաստանը հաշուեյարդարներու բեմ չէ, այնքան նախնական չենք, որ ով որ ինծի հետ չէ ինծի դէմ է անտառի օրէնքով առաջնորդուինք:

 Իսկ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), անհատաբար եւ հաւաքաբար, մեր կեանքը կ’իմաստաւորենք, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին աւելի լաւ օրեր կը պատրաստենք, առանց քսանհինգ դար ետ երթալու, եթէ խտրականութեան դէմ պայքարը հաշտեցման դրական յաղթանակ տանող Նելսըն Մանտէլայի իմաստութեամբ առաջնորդուինք: Գրգռութիւն է խօսիլ քաղաքական դիակներու մասին:

 Մանտելա ըսած է. «Թշնամիին հետ խաղաղութեան հասնելու համար, հարկ է աշխատիլ այդ թշնամիին հետ, եւ այդ թշնամին կը դառնայ մեր գործակիցը»:

Գրաբար կ’ըսեն. «Ով զունկն ունիցէ, լուիցէ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.