ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
September 21, 2022Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յիշատակենք այնպիսի օրհասական հանգրուանի մը, երբ մեր ինքնիշխանութիւնն ու լինելութիւնը կը գտնուին լրջագոյն սպառնալիքներու դէմ յանդիման։ Հայաստանի հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բարբարոսութիւններով լի նորագոյն յարձակումը եկաւ ահազանգելու, որ ազգովին մեր մարտունակութիւնը լարելու եւ միասնական ուժը վերաիմաստաւորելու պարտադրանքին ...