ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յիշատակենք այնպիսի օրհասական հանգրուանի մը, երբ մեր ինքնիշխանութիւնն ու լինելութիւնը կը գտնուին լրջագոյն սպառնալիքներու դէմ յանդիման։

Հայաստանի հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բարբարոսութիւններով լի նորագոյն յարձակումը եկաւ ահազանգելու, որ ազգովին մեր մարտունակութիւնը լարելու եւ միասնական ուժը վերաիմաստաւորելու պարտադրանքին տակ կը գտնուինք: Պատմութիւնը ինքզինք քանիցս կրկնելով, անգամ մը եւս մեզ կանգնեցուց այն փաստին  դիմաց որ թշնամին չէ փոխուած, չեն փոխուած նաեւ անոր հակահայ ծրագիրները: Աւելի քան երբեք, յստակ է՝ որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը՝ փանթրքական իրենց ծրագիրներու իրագործման նպատակով, կը սպառնայ մեր պետականութեան անվտանգութեան՝ նո՛ր պատերազմով մը։ Ժա՛մն է որ ազգովին պատրաստուինք դիմագրաւելու գալիք այս վտանգը, տէր ու պաշտպան կանգնելով մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու մեր ժողովուրդի ապահովութեան։ Գոյութենական այս պայքարին մէջ տեղ չունի՛ն խաղաղութեան ստապատիր խոստումներն ու ամօթալի զիջումները: Միակ ընտրանքը՝ մեր անկոտրո՛ւմ պայքարն է:

Այս ճգնաժամային օրերուն, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը, կու գայ անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ իր ողջ կազմակերպական ներուժը ի սպաս դրած է մեր հայրենիքին եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենիքի սահմաններուն վրայ խիզախօրէն մարտնչող հայոց բանակի զինուորներուն։

Տէր կանգնինք մեր անկախութեան եւ մեր մայր հողին վրայ ապրելու ու արարելու մեր իրաւունքին։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.