Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի բացառիկը ուղարկուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն
April 19, 2017Ապրիլ 19-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Հորիզոն»ի խմբագրատունէն յատուկ ծրարներով Գանատայի խորհրդարանի 338 անդամներուն առաքուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի եռալեզու բացառիկ թիւը։ «Հորիզոն»ի Վերոնշեալ յաւելուածը կը պարփակէ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան եւ յատկապէս հատուցման իրաւական գործընթացի ...