102 տարի առաջ՝ այսօր . Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի Ծանրակշիռ Տեսակցութիւնը Թալէաթի Հետ
Յունիս 30, 2016Նազարէթ Պէրպէրեան 30 Յունիսի այս օրը, 1914 թուականին, պատմական ծանրակշիռ նշանակութեամբ քաղաքական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն եւ ատենի թրքական պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի միջեւ։ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէին Արշակ Վռամեան ու Արմէն Գարօ։ Տեսակցութեան նախաձեռնած էր Թալէաթ, որպէսզի Իթթիհատի ...