Թուրք Ազգայնամոլները Չեն Կրցած Գերմանիոյ Խորհրդարանին Դէմ Իրենց Բողոքը Իրականացնել
Էօզտաղ եւ ե Հալաճօղլու
«Սէօզճիւ» կայքին վրայ կը կարդանք, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետի թեկնածու Իւմիւթ Էօզտաղ եւ երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, Գերմանիա գացած էին բողոքելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումին դէմ, սակայն իրենց առջեւ արգելքներ ստեղծուած են եւ անոնք չեն կրցած իրականացնել իրենց բողոքի ցոյցը։
Լրատու կայքը կը հաղորդէ, որ նշեալները սենեակ մը ապահոված էին պանդոկի մը մէջ, ուր հաւաք մը տեղի պիտի ունենար եւ «փաստաթուղթեր» պիտի ներկայացուէին։ Բայց վերջին վայրկեանին, պանդոկի վարչութիւնը «ապահովական նկատառումներով» համաձայնութիւնը ջնջած է եւ չէ արտօնած, որ երկու երեսփոխանները գիշերեն պանդոկին մէջ։
Էօզտաղ եւ Հալաճօղլու այս զարգացումին վրայ այլ պանդոկ մը դիմած են, որպէսզի անոր սրահին մէջ կազմակերպուի ծրագրուած հաւաքը։ Սակայն, այս անգամ պանդոկը ստացած է ռումբի մը մասին լրատուութիւն մը։ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը, ռումբ փնտռելու նպատակով, չէ արտօնած, որ հաւաքը սկսի։
Վերջապէս, Էօզտաղ եւ Հալաճօղլու Յունիս 27ին Պերլինի մէկ պանդոկի մէջ բանախօսութիւն մը պիտի կատարէին, բողոքելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին դէմ։ Բայց, ըստ իրենց, այս անգամ «հայկական լոպին» կացինահարած է հաւաքը։
Այս բոլորէն ետք, երկու երեսփոխանները այցելած են Թալէաթ փաշայի սպաննուած վայրը եւ ծաղիկ մը զետեղած են հոն։