ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Զուլալ Պէզճեան Նոր Մրցանիշ Մը Իրագործեց Լիբանանի մէջ
Նոյեմբեր 25, 2025ՀՄԸՄ-ի աթլեթ Զուլալ Պէզճեան Լիբանանի աթլեթիզմի ազգային նոր մրցանիշ մը ձեռք ձգեց աղջկանց երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) գծով նիզակ արձակելու մրցումներուն: Արդարեւ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարեվերջի մրցումներուն, Ժամհուրի վարժարանի մարզադաշտին վրայ, Զուլալ 34,22 մեթր նետեց իր նիզակը` դառնալով Լիբանանի երիտասարդներու ...