«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 1-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Խրուաթիայէն

«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Խրուաթիան:

Նախքան մանրամասնութիւնները ներկայացնելը նշենք, որ մրցումին մեկնարկը տրուելէն առաջ, հայրենի անուանի եւ փորձառու ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան, որ վերջերս  աւարտած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ համակիրներուն:

Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ, երբ 15-րդ վայրկեանին գերմանական Հոֆընհայմի 32 տարեկան յառաջապահ Անտրէյ Քրամարիչ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը,  «ՎԱՐ» համակարգի կրկնութենէն ետք:

Ա. կիսախաղի վերջերուն, մարզադաշտին վրայ սաւառնեցաւ Արցախի դրօշակը: Մրցումը քանի մը վայրկեանով ընդհատուեցաւ:

Բ. կիսախաղին երկու կազմերն ալ փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն անոնց փորձերը անցան ապարդիւն, եւ մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:

Պէտք է նշել, որ մրցումին տեւողութեան հիւր կազմը ինք էր, որ գնդակին աւելի տիրապետեց եւ կոլ նշանակելու ստոյգ առիթներ ստեղծեց:

Comments are closed.