ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵԿՆԱՐԿԷ «ՆՈՐԱՐԱՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ»-Ը
Ապրիլ 03, 2021Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը: Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը մեկնարկեց Փետրուար 2020-ին. ան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն ...