Մահ՝ աշխարհաքաղաքագէտ Ժերար Շալեանի
August 26, 2025Օգոստոս 20-ին, Ժերար Շալեան իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ, 91 տարեկանին։ Անոր մահով Ֆրանսան եւ աշխարհը կը կորսնցնեն մեր ժամանակներու ամենամեծ աշխարհաքաղաքագէտներէն մէկը, որ իր կեանքը նուիրեց հասկնալու եւ վերծանելու այն հակամարտութիւնները, որոնք կերտեցին մեր դարը։ 1934-ին Պրիւսէլի շրջանի Էթերպէք քաղաքը ...