Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կը դատապարտէ Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն դէմ յարուցուած դատը
- (0)

Հայ դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խստօրէն դատապարտած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ հարուցուած դատական գործընթացը՝ զայն որակելով «շինծու դատ» եւ Եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած արշաւի մէկ մասը։
Իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ այս գործընթացը «ոչ միայն անօրէն է ու դատապարտելի, այլ կը խարխլէ մեր պետականութեան հիմերը, կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը եւ կը խորացնէ ազգային պառակտումը»։
Ան ընդգծած է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ կաթողիկոսական գահին դէմ ծաւալող հալածանքը կը ծառայէ միայն Հայաստանի եւ հայութեան թշնամիներու շահերուն։
Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղած է անմիջապէս կասեցնելու «ազգակործան արշաւը»՝ յարգելով Հայաստանի Սահմանադրութեան տառն ու ոգին եւ բացառելով Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն պետական որեւէ միջամտութիւն։