Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն
- (0)

ՊՈԼԻՍ — Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը զօրակցութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն՝ մտահոգութիւն արտայայտելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու նկատմամբ ընթացող դատական գործընթացներուն առնչութեամբ։
Օգոստոս 10-ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Պատրիարքութիւնը նշած է, որ վերջին շրջանին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ որդեգրուած «բացասական դիրքորոշումը» խոր ցաւ եւ վիրաւորանք յառաջացուցած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հաւատացեալներուն մօտ։
Պատրիարքութիւնը ընդգծած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հաւատքի եւ ազգային ու հոգեւոր միութեան հիմնական սիւներէն մէկը, իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ իր հոգեւոր, ազգային եւ ազգաշէն առաքելութիւնը։
«Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներու նկատմամբ դատական գործընթացներու դիմելը եւ զանոնք քրէական յանցագործութիւններու մեղադրանքներով աշխարհիկ ատեաններու առջեւ կանչելը խորապէս կը վիրաւորէ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական արժանապատուութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պատրիարքութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ գործընթացներուն ընթացքին անտեսուած կը թուին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերող երաշխիքներն ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը պատասխանատու մարմիններուն կոչ ուղղած է «անխոցելի պահել Հայ Եկեղեցին» եւ եկեղեցական պաշտօնական մարմիններու որոշումները աշխարհիկ դատական հակամարտութիւններու չվերածել։
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը Սփիւռքի հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ։ Պատրիարքութեան համաձայն՝ Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը տկարացնելու կամ անոր անձեռնմխելիութիւնը վիրաւորելու միտուած որեւէ քայլ կը վնասէ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ դարերու ընթացքին ամրացած կապերուն։
«Եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերու մասին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ եկեղեցական նուիրապետութեան բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն փնտռելը անտեղի եւ վիրաւորական կը նկատենք», յայտարարած է Պատրիարքութիւնը՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն։
Պատրիարքութիւնը նաեւ աղօթք յղած է Վեհափառ Հայրապետին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին, նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն, հոգեւոր դասուն, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներուն համար։
Աւելի կանուխ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկատմամբ սկսած դատական գործընթացները քննադատած եւ դատապարտած էին նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։