Շաբթուան ամփոփումը (13 օգոստոս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ

– Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ճուլի Քրաուլին նշանակուած էՀայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի յաջորդ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝փոխարինելով Էնտրու Թըրնըրը։ Քրաուլին փորձառու դիւանագէտ է, որ 2003-էն սկսեալ ծառայած էԳանատայի արտաքին ծառայութեանց՝ աշխատելով բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգայինթղթածրարներու վրայ։ Վերջին տարիներուն ան պաշտօնավարած է Ռուանտայի մէջ որպէսԳանատայի բարձրաստիճան յանձնակատար եւ Պուրունտիի մէջ՝ դեսպան։ Ան իր նոր պաշտօնըպիտի ստանձնէ այն հանգրուանին, երբ Գանատա–Հայաստան յարաբերութիւնները զգալիօրէնխորացած են՝ Երեւանի մէջ Գանատայի մշտական դեսպանատան հաստատումէն ետք։ Երկկողմկապերու զարգացման մէջ տարիներ շարունակ առանցքային դեր ունեցած է նաեւ գանատահայհամայնքը եւ յատկապէս ՀՅԴ Գանատայի հայ դատի յանձնախումբը՝ իր հետեւողականհասարակական եւ քաղաքական գործունէութեամբ։

– ՀՄԸՄ-ի մարզական Ա. համագումարի առաջարկով 22 յուլիսը՝ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը, հռչակուած Հայ Մարզիկի օրուան առիթով, այս տարի Գանատայի մէջ կազմակերպուեցաննահանգային բարեկամական մրցաշարքեր։ Թորոնթոյի, Գեմպրիճի, ՀՄԸՄ Կամք-Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Օթթաուայի մասնաճիւղերու մարզիկները մասնակցեցան ոտնագնդակի, կողովագնդակիեւ ցանցագնդակի մրցումներու, իսկ Քեպէգի խաղերը համախմբեցին աւելի քան 250 մարզիկներ։Մրցաշարքերու աւարտին մասնակիցներուն յանձնուեցան խորհրդանշական մետալներ, իսկմասնաճիւղերու մարզիչներն ու օգնականները արժանացան յատուկ գնահատագիրներու՝ ՀՄԸՄ-իմարզական կեանքին իրենց կամաւոր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմյարուցուած քրէական գործը յանձնուած է Արմաւիրի մարզի դատարանի դատաւոր ՍերժՌուշանեանին։ Նախորդ դատաւոր Յակոբ Մանուկեան Օգոստոս 7-ի առաջին նիստինինքնաբացարկ յայտնած էր՝ Կաթողիկոսի փաստաբան Արա Զոհրապեանի հետ ունեցած նախկինմասնագիտական առնչութեան պատճառով։ Գործը կապուած է նախկին Գէորգ ԵպիսկոպոսՍարոյեանի պաշտօնի վերականգնման վերաբերեալ դատական որոշման հետ, զոր Մայր Աթոռըմերժած էր գործադրել՝ շեշտելով, որ եկեղեցական նշանակումներու եւ կարգապահական հարցերուքննութիւնը կ’առնչուի եկեղեցւոյ ներքին եւ կանոնական իրաւասութեան։ Նոր նիստի թուականտակաւին չէ նշանակուած։

– ՀՅԴ Բիւրօն խստօրէն դատապարտեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւբարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ սկսած դատական գործընթացը, զայն բնութագրելովորպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու ծրագրաւորուած եւհակասահմանադրական հալածանքի դրսեւորում։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ եկեղեցւոյդարաւոր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային դերակատարութիւնը, եւ վերահաստատուեցաւ ՀՅԴ-իամբողջական զօրակցութիւնը Մայր Աթոռին ու Վեհափառ Հայրապետին։ Բիւրօն դատաիրաւապահհամակարգին կոչ ուղղեց գործելու Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու սահմաններուն մէջ՝չմիջամտելով եկեղեցւոյ ներքին ու կանոնական հարցերուն, իսկ ժողովուրդին՝ համախմբուելու ՀայԱռաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին շուրջ։

– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ԱմենայնՀայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին՝ անընդունելի եւ դատապարտելի որակելով անոր դատարանկանչուիլը։ Արամ Ա. յայտնեց, թէ իր խոր ընդվզումը փոխանցած է Գարեգին Բ.-ին եւ նոյնիսկառաջարկած, որ անձամբ չներկայանայ դատարան՝ ներկայացուցիչ ուղարկելով իր փոխարէն։ Անպետական պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց յարգելու Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ ԱմենայնՀայոց Կաթողիկոսի հանգամանքը՝ հարցերը լուծելով պատշաճութեան եւ փոխադարձ յարգանքիսահմաններուն մէջ։ Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնները եւս իրենցզօրակցութիւնը յայտնած են Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին։

– Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ շարունակուեցաւ 9-րդ գումարման առաջին նստաշրջանը, որուն ընթացքին բաշխուեցաւ 12 մշտական յանձնաժողովներու ղեկավարումը։ «Քաղաքացիականպայմանագիր»-ը պիտի գլխաւորէ ութ յանձնաժողով, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ երեք, իսկ«Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը։ Նոյն նիստին 53 կողմձայնով ԱԺ նախագահի երրորդ տեղակալ ընտրուեցաւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի թեկնածու ԱրամՎարդեւանեան՝ իշխող խմբակցութեան աջակցութեամբ։ Խորհրդարանը նաեւ որոշեց ստեղծել 10 անդամէ բաղկացած բարեվարքութեան ժամանակաւոր յանձնաժողով՝ իշխանութեան եւընդդիմութեան հաւասար ներկայացուածութեամբ։