Փաշինեանի վարչախումբը Սփիւռքը տկարացնելով՝ Հայաստանը կը տկարացնէ
- (0)

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան՝ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուժի պատգամաւոր Արման Եղոյեան հարց տուած է, թէ ովքե՞ր են Արամ Համբարեանը՝ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, Գասպար Կարապետեանը՝ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, եւ Մուրատ Փափազեանը՝ CCAF-ի համանախագահն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, եւ թէ քանի՞ հոգիի անունով կը խօսին անոնք։
Իր ելոյթին ընթացքին վերոնշեալ պատգամաւորը յատկապէս փորձեց արժեզրկել Սփիւռքը, թերագնահատել անոր օգտակարութիւնը եւ ի վերջոյ պաշտպանել այն անհեթեթ թեզը, թէ աւելի ուժեղ Սփիւռք մը կը նշանակէ աւելի տկար Հայաստան։
Մեր անձնական հանգամանքը այստեղ հիմնական հարցը չէ։ Իրական խնդիրը հայ ազգին, անոր պատմութեան եւ ապագային վերաբերող անոնց պատկերացումն է։ Մենք երբեք չենք յաւակնած խօսիլ բոլոր հայերուն անունով։
Մենք կը խօսինք մեր համոզումներուն, մեզի վստահուած պատասխանատուութեան եւ Հայաստանին, Արցախին ու Հայ Դատին ծառայութեան նուիրուած տասնամեակներու հանրային գործունէութեան անունով։ Օրինականութիւնը միայն ընտրական մանդատով չի սահմանափակուիր. ան կը բխի նաեւ ծառայութենէն, հետեւողականութենէն, համախմբելու կարողութենէն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներէն։ Կառավարութիւնը ժամանակաւոր է, պետութիւնը՝ մնայուն։ Իսկ հայ ազգը անկէ ալ աւելի ընդգրկուն է։
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԷԿ ԴԱՐ
Ժամանակակից հայկական Սփիւռքը չէ ծնած յարմարաւէտ կեանքի ընտրութենէն։ Ան մեծ մասամբ Ցեղասպանութեան, աքսորի, տեղահանութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան հայկական համայնքներու ոչնչացման հետեւանքն է։
1915-էն ետք իրենց հողերէն, ունեցուածքէն եւ յաճախ նաեւ ընտանիքներէն զրկուած վերապրողները հաւաքական կեանք վերակերտեցին Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրանի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ եւ տասնեակ այլ երկիրներու մէջ։
Անոնք կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ ու երիտասարդական տուներ, հիմնեցին թերթեր, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւններ։ Անոնք սերունդէ սերունդ փոխանցեցին հայոց լեզուն՝ յատկապէս այսօր վտանգուած արեւմտահայերէնը, մեր հաւատքը, մշակոյթը, յիշողութիւնը եւ նոյն ազգին պատկանելու գիտակցութիւնը։
Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, Հայ Կապոյտ Խաչն ու Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ թոյլ չտուին, որ աշխարհացրիւ կացութիւնը վերածուի անհետացման։
Այս կառոյցները կատարեալ չեն։ Ոչ մէկ մարդկային հաստատութիւն կատարեալ է։ Սակայն ժխտել անոնց պատմական դերը՝ կը նշանակէ ջնջել մշակութային եւ ազգային դիմադրութեան ամբողջ դար մը։
Առանց այդ կառոյցներուն՝ Սփիւռքի մեծ մասը ձուլումի պիտի ենթարկուէր։ Առանց անոնց՝ վերապրողներու միլիոնաւոր ժառանգորդներ պիտի չպահպանէին ո՛չ լեզուն, ո՛չ յիշողութիւնը եւ ո՛չ ալ Հայաստանի հետ կենդանի կապը։
ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՉ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդային տարիներուն Հայկական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւնը չունէր ինքնիշխան դիւանագիտութիւն մը, որ կարենար ազատօրէն պաշտպանել հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքները։
Այս պայմաններուն մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայ Դատի յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցը ստանձնեցին իրական, ոչ-պաշտօնական դիւանագիտութեան դերը։
Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պրիւքսէլի, Օթթաուայի, Լոնտոնի, Պուէնոս Այրէսի, Պէյրութի, Թեհրանի եւ բազմաթիւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ անոնք միջազգային հանրային ու քաղաքական օրակարգին վրայ պահեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ նոյնինքն Հայաստանի գոյութեան հարցը։
1991-ի անկախութեան հռչակումէն ետք այս աշխատանքը չդադրեցաւ։ Ան շարունակեց ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր անվտանգութեան, զարգացման եւ միջազգային հեղինակութեան։
Սփիւռքը համախմբուեցաւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք, շրջափակման տարիներուն եւ պատերազմական ծանր ժամանակաշրջաններուն՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի, ի նպաստ գաղթականներու օժանդակութեան, մարդասիրական ծրագիրներու ֆինանսաւորման, ներդրումներու ներգրաւման եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն առջեւ օտար քաղաքական հաստատութիւններու դռները բանալու։
Հայաստանի որեւէ կառավարութեան քաղաքականութեան ընդդիմանալը երբեք չէ նշանակած ընդդիմանալ հայկական պետութեան։ Երբեմն նոյնինքն կառավարութեան դէմ դիրքորոշուիլը պետութեան երկարաժամկէտ շահերուն ծառայելու լաւագոյն ձեւն է։
ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ինքնաբերաբար չէ տրուած։ Ան վերապրողներու, անոնց ժառանգորդներու, պատմաբաններու, եկեղեցիներու եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու տասնամեակներու աշխատանքին արդիւնքն է, որոնց շարքին վճռորոշ դեր ունեցած են Հայ Դատի յանձնախումբերը։
2026-ի դրութեամբ առկայ միջազգային տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանէն բացի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը զանազան իրաւական ձեւերով՝ օրէնքով, խորհրդարանական բանաձեւով կամ կառավարական որոշումով, արձանագրուած է երեսուներեք պետութեան կողմէ՝ Արժանթին, Աւստրիա, Պելճիքա, Պոլիվիա, Պրազիլ, Գանատա, Չիլի, Կիպրոս, Չեխիա, Դանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Յունաստան, Իսրայէլ, Իտալիա, Լաթվիա, Լիբանան, Լիթուանիա, Լիւքսամպուրկ, Մեքսիքա, Նետերլանտներ, Փարակուէյ, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռուսիա, Սլովաքիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Սուրիա, Սուրբ Աթոռ, Վենեզուելա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ուրուկուէյ։
Միջազգային մակարդակի վրայ պաշտօնական փաստաթուղթեր, զեկուցումներ կամ յայտարարութիւններ ընդունուած են, մասնաւորաբար, Եւրոպական Խորհրդարանի, ՄԱԿ-ի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի, ՄԱԿ-ի Պատերազմական Ոճիրներու Յանձնաժողովի, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի անդամներու, Ֆրանքոֆոնիի Միջազգային Կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Մերքոսուրի խորհրդարանի, Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի եւ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան կողմէ։
Ասոնց վրայ կու գան Անցումային Արդարադատութեան Միջազգային Կեդրոնի, Էլի Վիզէլ հիմնադրամի, Մարդկային Իրաւանց Լիկայի, ամերիկեան հրէական համայնքային կազմակերպութիւններու, Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Ընկերակցութեան, աքսորեալ Քիւրտիստանի խորհրդարանի եւ միջազգային այլ գիտական ու բարոյական հեղինակաւոր կառոյցներու աշխատանքները։
Ահա՛ թէ ինչ կրնայ տալ կազմակերպուած Սփիւռքը. ան ջնջումի վտանգին ենթակայ յիշողութիւնը կը վերածէ միջազգայնօրէն ճանչցուած ճշմարտութեան։
ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
Մենք պայքարած ենք նաեւ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ այնքան ատեն, որ Անգարան կը շարունակէր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, Հայաստանի շրջափակումը, Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ եւրոպական ծրագրի հիմքը կազմող սկզբունքներու խախտումը։
Այդ պայքարը ուղղուած չէր թուրք ժողովուրդին դէմ։ Ան ուղղուած էր Եւրոպայի արժանահաւատութեան եւ ճշմարտութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու ժողովուրդներու նկատմամբ յարգանքի արժէքներու պաշտպանութեան։
2005-ին նոյնինքն Եւրոպական Խորհրդարանը սահմանեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է նախապայման հանդիսանայ Թուրքիոյ անդամակցութեան համար։ Այդ դիրքորոշումը երբեք պիտի չորդեգրուէր առանց Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու տարիներու հետեւողական աշխատանքին։
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ֆրանսայի մէջ մեր երկու երկիրները միացնող բացառիկ կապերը սոսկ դիւանագիտական յայտարարութիւններու արդիւնք չեն։ Անոնք տասնամեակներ շարունակ կառուցուած են հայկական համայնքին, անոր կառոյցներուն եւ գործիչներուն կողմէ՝ քաղաքական բոլոր ուղղութիւններու ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ գործակցութեամբ։
2001 Յունուար 29-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչցող ֆրանսական օրէնքը, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ ընդունուած խորհրդարանական բանաձեւերը, քոյր քաղաքներու կապերը, ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը, Ապրիլ 24-ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ ամրագրելը եւ ֆրանսացի ընտրեալ պաշտօնատարներու մնայուն համախմբումը այդ աշխատանքին արդիւնքն են։
Ես ալ իմ բաժինս ունեցած եմ այս պայքարին մէջ՝ յաճախ գտնուելով առաջին գիծին վրայ։ Շատերու հետ միասին նպաստած եմ, որ ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը վերածուի քաղաքական եւ ռազմավարական իրականութեան։
Մենք դռներ բացած ենք Փարիզի, Ազգային ժողովի, Ծերակոյտի, Եւրոպական Խորհրդարանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարբեր նախագահներու աշխատակազմերուն մէջ։ Բայց պէտք է արժանին մատուցել տասնամեակներու ընթացքին գործող հազարաւոր նուիրեալներու աշխատանքին։ Ասիկա անձնական յաջողութիւն չէ։
ԻՄ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄՍ ԵՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՍ
Ճիշդ այն պատճառով, որ մասնակցած եմ այս պայքարին եւ մերժած եմ լռել՝ դատապարտելով Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը, 2022 Յուլիս 13-ի լոյս 14-ի գիշերը Հայաստանի իշխանութիւնները արգիլեցին, որ մուտք գործեմ իմ իսկ Հայրենիքս, եւ զիս արտաքսեցին «Զուարթնոց» օդակայանէն։
Իբրեւ պատրուակ ներկայացուեցաւ իմ ենթադրեալ մասնակցութիւնս 2021 Յունիս 1-ին Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած ցոյցին։
Դատական գործընթացին ընթացքին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը դատարանին մէջ նոյնիսկ չներկայացուց այդ պատրուակը։ Իմ նկատմամբ կիրարկուած միջոցը հիմնաւորող որեւէ փաստարկ չներկայացուեցաւ արդարադատութեան։
Տասնութ ամիս տեւած դատական պայքարէ մը ետք՝ 2024 Յունուարին, Երեւանի վարչական դատարանը վճիռ արձակեց ի նպաստ ինծի եւ պարտաւորեց իշխանութիւնները անունս հանել անցանկալի օտարերկրացիներու ցանկէն։
Այս յաղթանակը ցոյց տուաւ, որ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար կամայականօրէն որոշել, թէ իր իշխանութեան համար անհանգստութիւն պատճառող գործուն հայ մը կրնայ իր իսկ Հայրենիքին մէջ անցանկալի նկատուիլ։
ԱԶԱՏ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԲԵՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԸ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը այսօր կը փորձէ շրջանցել Սփիւռքի պատմական կառոյցները եւ զանոնք փոխարինել իր իսկ ընտրած զրուցակիցներով ու «յանձնակատարներով»։
Հայաստանի պետութիւնը, անշուշտ, իրաւունք ունի կազմակերպելու Սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւնները, սակայն իրաւունք չունի որոշելու, թէ ովքե՛ր կը ներկայացնեն ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ապրող ազատ քաղաքացիները։
Սփիւռքը ո՛չ Նիկոլ Փաշինեանի ընտրական շրջանն է, ո՛չ ալ Երեւանի կառավարութեան վարչական յաւելուածը։
Սփիւռքի հետ երկխօսութիւն չեն վարեր՝ ընտրելով միայն իշխանութեան հաւանութիւն տուողները եւ լուսանցք մղելով անոր քննադատները։ Ասիկա երկխօսութիւն չի կոչուիր։ Ասիկա ենթարկելու փորձ է։
Այդ փորձը պիտի ձախողի։
Սփիւռքի մեծ հաստատութիւնները գոյութիւն ունեցած են ներկայ կառավարութենէն առաջ եւ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ անկէ ետք։ Անոնց օրինականութիւնն ու հեղինակութիւնը կը բխին իրենց պատմութենէն, անդամներէն եւ գործունէութենէն, այլ ոչ թէ որեւէ նախարարական գրասենեակի հաւանութենէն։
ՀԱՄԸՆԿՆՈՒՄ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Իլհամ Ալիեւ հրապարակաւ համաշխարհային «հայկական լոպպին» անուանած է Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին։ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական Սփիւռքը մեղադրած է յարաբերութիւններու կարգաւորման իր պատկերացումներուն խոչընդոտելու մէջ՝ Հայաստանի կառավարութեան կոչ ուղղելով չէզոքացնելու անոնց ազդեցութիւնը։
Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը յարձակին Սփիւռքի պատմական կազմակերպութիւններուն վրայ, կը փորձեն կասկածի տակ դնել Հայ Դատի գործիչներուն օրինականութիւնն ու ներկայացուցչականութիւնը եւ բազմակարծութիւնը փոխարինել հնազանդութեամբ, անոնք առարկայականօրէն կը կատարեն այն, ինչ Անգարան եւ Պաքուն տասնամեակներէ ի վեր ուզած են։
Այս համընկնումը արձանագրելու համար գաղտնի հրահանգներու շղթայ մը պատկերացնելու կարիք չկայ։ Քաղաքական արդիւնքը մեր աչքին առջեւ է. Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, Արցախի իրաւունքները եւ Հայաստանի շահերը պաշտպանող կառոյցները տկարացնելու փորձը ուղղակիօրէն կը ծառայէ Էրտողանի եւ Ալիեւի ռազմավարութիւններուն։
Համաթրքական ծրագիրը չի վախնար լուռ, բաժան-բաժան եւ անկազմակերպ Սփիւռքէ մը։ Ան կը վախնայ գիտակից, կազմակերպուած, ազդեցիկ եւ մեծ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ գործելու ունակ Սփիւռքէ մը։
ՈՒԺԵՂ ՍՓԻՒՌՔ ՉԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՐՊԵԼՈՎ
Փաշինեանի վարչախումբին տրամաբանութիւնը հիմնուած է սկզբունքային սխալի մը վրայ։ Ան կը շփոթէ ժողովրդագրական ուժը քաղաքական ուժին հետ։
Սփիւռքը չի զօրանար միայն անոր համար, որ հայեր կը հեռանան Հայաստանէն։ Ան կը զօրանայ, երբ կը կազմակերպէ արդէն գոյութիւն ունեցող համայնքները, լեզուն կը փոխանցէ նոր սերունդներուն, կը պատրաստէ քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ ու ձեռնարկատէրեր, կը ստեղծէ փորձագիտական ցանցեր եւ կը համախմբէ իր տնտեսական ու դիւանագիտական ներուժը։
Այս գործողութիւններէն ոչ մէկը Հայաստանէն նոյնիսկ մէկ բնակիչ կը հեռացնէ։
Մենք կրնանք միաժամանակ ցանկալ, որ աւելի շատ հայեր ապրին Հայաստանի մէջ, որ աւելի լայն հայրենադարձութիւն ըլլայ, եւ որ Սփիւռքը աւելի կազմակերպուած ու ազդեցիկ դառնայ։
Այս նպատակները իրարու չեն հակասեր։ Ընդհակառակն՝ զիրար կը լրացնեն։
Հայաստանն ու Սփիւռքը երկու հաղորդակից անօթներ չեն, որոնցմէ մէկը պէտք է պարպուի, որպէսզի միւսը լեցուի։ Անոնք նոյն ազգին երկու չափումներն են։
Հայաստան իր քաղաքացիներուն ինքնիշխան պետութիւնն է, բայց նաեւ ամբողջ հայ ազգին Հայրենիքն է։
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՆԱՆՔ Ո՛Չ ԱՐՑԱԽԸ, Ո՛Չ ՊԱՔՈՒԻ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐԸ
Այս ազգը երբեք պիտի չմոռնայ Արցախը, 2023-ին բռնի տեղահանուած 120 հազար հայերը, իրենց սեփական հողին վրայ ապահով ապրելու անոնց իրաւունքը, ինչպէս նաեւ այսօր վտանգուած հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։
Ան պիտի չմոռնայ նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարները, զինուորականները, քաղաքային անձերը եւ միւս հայ գերիները, որոնք տակաւին պատանդ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ։
Անոնց անհապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի հետ որեւէ քննարկումի կեդրոնական, հրապարակային եւ անսակարկելի պահանջը։
Անընդունելի է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը այս հարցը բանակցութիւններու կեդրոնին չի դներ։ Գերիները լքելու, Արցախը ջնջելու եւ Սփիւռքը լռեցնելու վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ կայուն։
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՒ ԳԱՆ ՈՒ Կ’ԵՐԹԱՆ, ԱԶԳԸ ԿԸ ՄՆԱՅ
Պարո՛ն Եղոյեան, Ձեր եւ Ձեր գործընկերներուն մանդատը ժամանակաւոր է, հայ ազգը՝ մնայուն։
Դուք հարց կու տաք՝ ո՞վ է Մուրատ Փափազեանը։
Ես միլիոնաւոր հայերէն մէկն եմ՝ ժառանգորդը պատմութեան մը, զոր ոչ ոք կրնայ ջնջել, եւ կը ծառայեմ Հայրենիքի մը, զոր ոչ ոք կրնայ ինձմէ խլել։
Ես Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութենէն արտօնութիւն չեմ խնդրեր հայ ըլլալու համար եւ, առաւել եւս, արտօնութիւն չեմ խնդրեր պաշտպանելու Հայաստանը, Արցախը, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերը կամ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը։
Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։ Մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել հայութիւնը, անոր ժառանգութիւնն ու շահերը բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ ենք։
Ուժեղ Սփիւռքը սպառնալիք չէ Հայաստանի համար։ Ան ռազմավարական խորութիւն է, անփոխարինելի դիւանագիտական, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական ուժ։
Սփիւռքը տկարացնել՝ կը նշանակէ տկարացնել Հայաստանը։ Զանոնք իրարու դէմ հանել՝ կը նշանակէ ծառայել անոնց ծրագրին, որոնք կ’ուզեն լռեցնել հայ ազգը։
Այդ ծրագրին մենք պիտի հակադրենք մեր յիշողութիւնը, մեր միասնութիւնն ու մեր վճռականութիւնը։
Կառավարութիւնները կու գան ու կ’երթան, Հայաստանն ու հայ ազգը կը մնան։