Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներու Հայաստանագնացութիւն
July 22, 2014Յուլիսի 16-ին Մոնթրէալ վերադարձաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտական խումբը, իր տասնօրեայ Հայաստանագնացութեան ծրագիրը իրականացնելէ ետք: Բաստրմաճեան երկրորդականի բարձրագոյն երկու կարգերու աշակերտներէն բաղկացած խումբը շրջագայեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններով մէկ: Երեւանէն Շուշի, Գանձասարէն Սեւան, մեր աշակերտները նետեցին հայրենաճանաչութեան իրենց առաջին քայլը ...