Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով
Յունիս 30, 2016Սեւան Տէյիրմենճեան Յիշողութեան վայրերուն հետ մերձաւորութիւնը ներքին անհանգստութիւն մըկու տայ մեզի։ Վայրը, որ յիշողութիւն կը կրէ կամ ունի, ուծացած է ինքնին եւ այցելութիւնները կը դառնան առիթներ վերագրելու անոնց նախկին կամ բոլորովին նոր իմաստ, արթնցնելու, վերադարձնելու իրենց յուշը, յիշեցնելու իրենց թէի՛նչ էին ու ե՛ն ալ տակաւին։ Առանց անդրադարձումի՝ թերի պիտի ըլլայ այդ վայրը։Մենք պէ՛տք է յիշենք, որպէսզի անոնք ըլլա՛ն։ Այսպէս սկսաւ մխիթարեանցի աշակերտներուս հետ ճանապարհորդութիւնը Ռուբէն Սեւակի հետքերով։ Սիլիվրի ծնած բանաստեղծը իրենց ընտանեկան տան վայրին վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր արդէն «Մանչերուն գերեզմանը» արձակին մէջ՝ գրուած Լոզան, 1913-ին։ «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» շարքին այս պատումը մանկութեան անհոգ օրերու յիշատակ ...