Արցախի Հադրութ քաղաքի պատմական հայկական ինքնութեան խեղաթիւրումը եւ նոր՝ «ատրպէյճանական ինքնութեան» ստեղծումը
Դեկտեմբեր 28, 2023Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը տեղեկացնէ. «Արցախի Հադրութ քաղաքի բռնագրաւումէն ետք, դեռեւս 2021 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յանձնարարութիւն ստացաւ մշակելու Հադրութ քաղաքի նոր յատակագիծը, վերակառուցման, քաղաքի պատմական հատուածի «վերականգնման», կամ որ նոյնն է՝ խեղաթիւրման ծրագիրը: Նախնական յատակագիծը հաստատուած էր դեռեւս 2021 թուականին եւ ուղարկուած լրամշակման, որմէ ետք արդէն 2023 թուականի գարնան այն պատրաստ կը համարուէր։ Համաձայն 2023 թուականին հաստատուած նախագիծին՝ պէտք է «վերականգնին» նաեւ քաղաքի պատմական ...