Ես զաւակն եմ Համազգայինի
Յունուար 15, 2024Ես զաւակն եմ Համազգայինի։ Կրնամ նոյնիսկ անոր թո՛ռը համարուիլ։ Ճիշտը ըսելու համար խոստովանիմ, որ ես իմ ծնունդէն առաջ համազգայնական եմ եղած։ Ինչպէ՞ս։ Պարզապէս այն պատճառաւ, ինչպէս մայրս կը յիշէր, որ իր հօրենական տան մէջ, նոյնիսկ տանի՛քը, մեծհօրս հետ նարտ խաղացած ատեն Աղբալեան կը մտմտար ...