ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ. «ԴՈՒՔ Է՞Լ ԵԿԱԾ էՔ ՓՐԿԵԼՈՒ»
Յուլիս 11, 2024Յ. Պալեան «Երբեմն պարտուիլ. ենթարկուիլ երբեք»: Ալֆրէտ տը Վինեյի, ֆրանսացի բանաստեղծ, ԺԹ․ դար Երեւան, Յունիսին, «Սրբազան»-ի գլխաւորած հանրահաւաքներնէն մէկէն ետք, երբ արդէն մութ էր, հազարաւորներու երթն էր Բաղրամեան պողոտայի վրայ, նոյնքան հազարաւոր ոստիկաններու հսկողութեան ներքեւ: «Հայրենիքի փրկութեան» կոչին ընդառաջելով, «սփիւռքահայեր» ալ կը մասնակցէին ...