Իշխանական բարբանջանքները եւ ազգային օրակարգը
Փետրուար 09, 2023ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Դեկտեմբեր 12 2022-ին խումբ մը այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին միացնող միակ ճամբուն՝ Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք մինչեւ այսօր, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր զոյգ խմբակցութիւններով՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ», ջանք չխնայեց միջանցքի փակման ...