Փիւնիկ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն


pyunik_11017

Ձմեռնային դադարէն ետք, Փիւնիկ Երեւան կատարեց 2017-ի իր առաջին փորձերը, յայտնեց ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Արտակ Օսէեանի գլխաւորած խումբը, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գարնանային նախապատրաստական շրջանին պիտի կատարէ երկու ուսումնամարզական հաւաք:

Առաջին հաւաքը պիտի սկսի 22 յունուարին` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքին ծիրին մէջ նախատեսուած է կատարել ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում:

Իսկ երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքը նախատեսուած է կատարել արտասահմանի մէջ: Այս գծով ակումբը յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ աւելի ուշ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.