Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները
- (0)

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաքելութեան խնդիրներուն առընչուող վերջին շրջանի քննարկումներուն մէջ։ Անոր գործածութիւնը արդէն դուրս եկած ըլլալ կը թուի մասնագիտական փոխանակումներու ոլորտէն եւ մտած՝ ընդհանրական խօսոյթի դաշտէն ներս։ Դիմատետրի էջերէն կ՚իմանամ, որ Պրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան ներկայիս կը գտնուի Լոս Անճելըս Հարաւային Քալիֆոռնիոյ Համալսարանի (USC) Հայագիտական Հետազօտութեանց Հիմնարկի հրաւէրով եւ Սփիւռքի հարցերու քննարկման նուիրուած դասախօսութիւններու շարքի մը համար։ Պրոֆ. Թէօլէօլեան մեծ աւանդ ունի գիտութեան այս մարզին մէջ։ Ներառեա՛լ՝ Սփիւռքի «անդրազգային» բնոյթը յստակացնելու խնդրին յատկացուած վերլուծումներուն։ Կը ցաւիմ, որ հոն չեմ։
Այս յօդուածին նպատակն է ջանալ մատնանշել «անդրազգ» եզրոյթի կիրառական պիտանիութեան հետ կապուած խնդիրները՝ յատկապէս «Սփիւռք» իմացութեան բնութագրման ճիգերու ոլորտին մէջ։
«Անդրազգային» բառը վաղուց գոյութիւն ունի մեր լեզուին մէջ որպէս համազօրը անգլերէն transnational բառին, որ ցարդ նշանակած է ազգայինի ստորոգելիներէն անդին գտնուող իրավիճակ, ազգայինը «անդրանցող» հարցերու ոլորտի բնորոշիչ։ Trans-ը լատիներէն արմատ է, որ իր մէկէ աւելի նրբերանգներով էապէս կը յուշէ «անդին» (beyond) իմաստը։ Նոյն ձեւով, հայերէն «անդր» արմատը — ըստ մեր «Առձեռն Բառարան»ին — մեր դասական լեզուով կը նշանակէ «դէպ ի հոն». համանի՛շը՝ աշխարհաբար՝ «մէկդի» իմացութեան։ «Առձեռն»ը նաեւ ունի «Անդր քան» բառայօդուածը, որ կը նշանակէ «աւելի անդին»։ Կ՚ենթադրուի նաեւ, որ լատիներէն trans-ը կը սերի հին հնդեւրոպական նախատիպէ մը, իսկ հայերէնի «անդր»ը՝ սանսկրիտի antara բառէն։
Յամենայն դէպս «անդրազգային»ը դիւրաւ հասկցուող եւ մեծապէս պիտանի եզրոյթ մըն է այսօրուան բարդ իրականութեան մէջ, ուր գոյութիւն ունին համաշխարհայնացման մեծ խնդիրներ։ Խնդիրնե՛ր (ինչպէս, օրինակ, կենսոլորտի առողջապահութեան ճնշիչ խնդիրը)՝ որոնք ամէն օր նժարի վրայ կը դնեն մոլորակի ապագան։ Եւ ի՜նչ խօսք՝ որ մենք եւս, որպէս ազգ, անքակտելի կապերով կապուած ենք այսօրուան համաշխարհայնացման (globalization) տարերային գործընթացներուն եւ մեր մտաւոր աւազանն ալ պէտք ունի բոլոր անհրաժեշտ լեզուական գործիքներուն կարենալ մաս կազմելու համար ընդհանուր բանավէճին։ Պարզ է, որ այս պարագան չէ, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեմ։
Իմ վերապահութիւնս մեր ժամանակակից «Սփիւռք» իրականութեան «անդրազգ» բնորոշումը տալու գաղափարին հետ է։ Այսինքն՝ այդ գաղափարին էութիւնը խնդրականացնող ենթատեքստի՛ն։ Յամենայն դէպս ես կը կարծեմ, թէ այս խնդիրը մեծապէս խորքային է իր բնոյթով եւ կարեւոր է, որ ան ազատ ըլլայ որեւէ հաւանական շփոթէ։ Առարկութիւնս կապ ունի Սփիւռքի էութիւնը բնորոշելու մեր դժուարին — եւ դեռեւս լուծելի — խնդրին հետ։ Ես կը կարծեմ, թէ առանց համակողմանի լուծում մը տուած ըլլալու այս վերջին խնդրին, դժուար թէ կարելի ըլլայ Սփիւռքը պիտակել որպէս «անդրազգային» ստորոգութիւն (category)։
Նախ, որպէս ընդհանուր սկզբունք, պիտի ընդունինք, որ այս մարզին մէջ հարցերու ձեւաւորումը շատ հեռու է զուտ առարկայական ըլլալէ։ Ոչինչ առարկայական է, երբ գործ ունինք քաղաքական ընտրութիւններու բարդ տիեզերքին հետ։ Եւ այն ինչ, որ քաղաքական է, ըստ էութեան գոյութենական է եւ գերազանցօրէն ներանձնակա՛ն։ Պարզ խօսքով, երբ կը փորձենք Սփիւռք իմացութիւնը կերպարի վերածել (modelize), անխուսափելիօրէն մենք այդ կերպարին մէջ կը դնենք մեր սեփական աշխարհահայեացքը, որ անցած է մեր ներքին տեսողութեան մաղերէն եւ բիւրեղացա՛ծ՝ որպէս մեր ինքնայատուկ տեսլականը։ Այսօր եւս Սփիւռքի էութեան եւ առաքելութեան մասին մեր հանրային քննարկումները անխուսափելիօրէն կը յանգին Սփիւռք-իրավիճակը «ի՞նչ ընելու», «ինչի՞ վերածելու» էական հրամայականներուն։ Կը կրկնեմ՝ ԻՆՉ ԸՆԵԼՈ՛Ւ։ Չմոռնա՛լ Յովհաննէս Քաջազնունիի «անելիք»ը։ Երբ կ՚ըսենք «Սփիւռք» կը հասկնանք «անելի՛ք»։ Պարզ է, որ կը խօսինք հաւաքական — եւ կենսորոշի՛չ –մարտահրաւէր մը «ի պատկերի մերում» դիմագրաւելու ԵՆԹԱԿԱՅԱԿԱՆ պարտաւորութեան մը մասին։
Սփիւռքը կ՚ըսկսի գաղութներով։ Սփիւռքի գաղութները կ՚ըստեղծուին տարերային պայմաններու մէջ։ Մարդոց հաւաքականութիւններ դուրս կը դրուին – կամ զանգուածաբար դուրս կու գան — իրենց հայրենական աճելավայրերէն եւ կայք կը հաստատեն այլոց հայրենական հնոցներէն ներս։ Եւ այդ արարքով իսկ՝ անոնք ազգը ֆիզիքապէս կը մասնատեն՝ անկախ իրենց հաւաքական կամքէն եւ յաճախ գիտակցութենէն։ Առաջ կու գայ ֆիզիքական խզում երկրի եւ արտերկրի ազգաշերտերու միջեւ։ Գաղթի ենթարկուած շերտերը արմատախիլ կ՚ըլլան եւ լայնօրէն կը զրկուին իրենց հայրենական սնընդաղբիւրներէն։
Բայց նաեւ անոնք իրենց մշակոյթը կը տեղափոխեն իրենց հետ։ Կը տեղափոխե՛ն՝ երկու կեանքով ապրելու – թէկուզ լռելեայն եւ յաճախ չգիտակցուած — սկզբնական կենսաթեքումով մը։ Եւ, անշուշտ, տարագիր այս բեկորները պիտի դրուին երկուութիւններ յաղթահարելու եւ բարդ որոշումներ առնելու հարցին առջեւ։ Եւ, անշուշտ, ինքնաբերաբար անոնք պիտի դիմագրաւեն ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ կնճռոտ խնդիրը։
Այն օրը, երբ ինքնութեան խնդիրները կ՚ըսկսին հաւաքական հրամայականի բնոյթ ստանալ գաղթողներու առօրեային մէջ, այդ օրն իսկ իր սաղմնային ձեւով կ՚ըսկսի ձեւաւորուիլ Սփիւռքը որպէս պատմական եւ որպէս հոգեբանական գործօն։ Այս տագնապալի հոլովոյթին մէջ, ամէն գաղթող չէ, որ իր հաւատարմութիւնը կը պահէ իր հայրերու մշակոյթին հետ։ Հաւատարմութեան մակարդակի անչափելի նրբերանգներ գոյութիւն ունին ընտանիքէ ընտանիք եւ անձէ անձ։ Եւ այս մարզին մէջ՝ տատանումներու մշտական ալեկոծութի՛ւն մը կայ ընտանիքներու կեանքին մէջ։ Անկարելի է ճշտիւ հասկնալ, թէ օրը-օրին ինչե՞ր տեղի կ՚ունենան գաղթողներու կեանքերուն եւ մտքերուն մէջ։ Բայց անպայման մեծ փլուզումներու եւ հոգեխոյզի կենսաշրջան մըն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ։ Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպը ծնած է կեանքերու այս դժուարին հոլովոյթէն։ Մէկ բան յստակ է։ Գաղութներու կեանքին մէջ, այս բոլորը ինքնաբերաբար կը մղեն քաղաքականացման աստիճանական գործընթացին։ Գաղթողներու որոշ շերտ մը կ՚ըսկսի մտածել եւ գործել քաղաքական նոր տեսլականով։ Տեղի կ՚ունենայ աստիճանական ինքնակազմակերպում եւ ինքնասահմանում։ Եւ այս հետզհետէ քաղաքականացող գաղութային միաւորներն են, որոնք կ՚ըստեղծեն ՍՓԻՒՌՔը։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ անո՛նք են ՄԻԱՅՆ, որ կրնան ստեղծել Սփիւռքը։ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅԸ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ։ Առանց ինքնաքաղաքականացման այս բանալի գործօնին ՍՓԻՒՌՔ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Եւ բնականաբար այս երեւոյթը ենթակայ է քաոսային խարխափումներու։ Սփիւռքի գոյութեան հաստատ ցուցանիշը Սփիւռքի հաստատութիւններն են։ ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՐՈՂԱՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՄՐԱՑՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՈՎ ՄԻԱՅՆ։ Այստեղ «հաստատութիւն» բառը կը գործածեմ ընկերաբանութեան մէջ ընդհանրութիւն ստացած institution բառին որպէս համազօր։ Այսինքն՝ ո՛չ այդ բառին առօրէական իմաստով։ Սփիւռքին ինքնուրոյն դիմագիծ տուողը զայն կենսաւորող հաստատութիւններն են։ Այսինքն՝ հաստատութիւններու այն համակա՛րգը՝ որ կը հայթայթէ յիշեալ հասարակութեան — այս պարագային՝ Սփիւռքի՛ն — ռազմավարական ենթակառուցուածքը։ ԱՌԱՆՑ ԱՅՍ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԳՈՅԱՒՈՐՄԱՆ ԳԱՂԹՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒՐԿ Է ՍՓԻՒՌՔ-ԻՄԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻ ՍՏՈՐՈՈԳԵԼԻՆԵՐԷՆ։ Այլ խօսքով, Սփիւռքի գոյութեան «կարեւոր եւ բաւարար պայմանը» (la condition necessaire et suffisante) Սփիւռքի հաստատութիւններն են։ Այն չափով, որ գաղութահայ մը կ՚ընդգրկուի հաստատութենական այս ցանցին մէջ («գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ» Շահնուր), այդ նոյն չափով ան մաս կը կազմէ Սփիւռքին։ Եւ այդ նոյն չափով ան կ՚ամրապնդէ տարագրութեան հողին վրայ կառուցուած Սփիւռքի շէնքը։
Անցեալին գրած եմ, որ ժամանակակից մեր Սփիւռքը իր տարերային մաքառումներու բովին մէջ ծնունդ տուած է հինգ հաստատութիւններէ բաղկացած համակարգի մը։ Այդ հաստատութենական աւազաններն են Ընտանիքը, Եկեղեցին, Կուսակցութիւնը, Դպրոցը եւ Մամուլը։ Սփիւռքի բոլոր մեծ ու փոքր անհատ կազմակերպութիւնները կը ծնին եւ կը գործեն հաստատութենական այս ընդհանրական աւազանին մէջ։ Եւ այս աւազանին մէջն է, որ կը ձեւաւորուի Սփիւռքի հաւաքական տեսլականն ու զայն առաջնորդելու կոչուած ղեկավարութիւնը։ Մեր լինելիութեան պայքարը պայմանաւորող բոլոր մեր ուժականութիւններն ու տկարութիւնները ծնունդն են այս աւազանի ընդոծին յատկութիւններուն։
Եւ հաստատութենական այս համակարգը, իր բովանդակութեամբ, էապէս կը ներկայացնէ Սփիւռքի լինելիութեան ռազմավարութիւնը։ Անոնք ինծի կը յիշեցնեն իր պարսպաշարերով յղացուած այն պաշտպանական դրութիւնը, որ երկար ժամանակ երաշխաւորեց Անիի անվտանգութիւնը։ Սփիւռքի հաստատութիւններու համակարգը ոչ միայն կը միտի երաշխաւորելու Սփիւռքի հաւաքական կենսագործունէութիւնը, այլեւ կազմակերպելու անոր անվտանգութիւնը ապազգայնացնող կայսերական ուժերուն դէմ։
Սփիւռքի կառուցային խնդիրներու այս ոլորտը դեռ շատ հեռու է բաւարար չափով ուսումնասիրուած եւ գիտական գնահատական ստացած ըլլալէ։ Սփիւռքը հասկնալ կը նշանակէ հասկնալ այս համակարգի ներքին մեքանիզմները։ Եւ այն չափով, որ կը հասկնանք այս մեքանիզմները, նոյն այդ չափով կը հարստանայ նաեւ մեր վերլուծական գործիքակազմը։ Այս առումով, գաղութէ գաղութ մեծ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին։ Ես «գաղութ» բնորոշումը տուած եմ այն գաղութային միաւորներուն միայն, ուր տարերայնօրէն երեւան եկած են բոլոր հինգ հաստատութիւնները իրենց լրիւ կազմով ։ Պակասաւոր միաւորները կոչած եմ «թերգաղութ»ներ։ Ընտանիք-եկեցեցի-կուսակցութիւն, ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց եւ այլ նման պակասաւոր «միացութիւն»ները կը ճշտեն ընկերաբանական նկարագիրն ու որակը տուեալ գաղութային միաւորին։ Կ՚որոշեն միաւորին հնարաւորութեան սահմանները։
Պէտք է աւելցնել, որ թերգաղութները նոյնքան կենսոունակ կրնան ըլլալ, որքան գաղութները՝ իրե՛նք։ Երբեմն՝ շատ աւելի կենսունա՛կ։ Թերգաղութներու ներքին կեանքին մէջ յաճախ ձեւաւորուող գոյապահպանական գործընթացները բացառաբար տպաւորիչ արդիւնաւէտութիւն կրնան ունենալ։ Յատկանշական է, որ թերգաղութներու ներքին կեանքին մէջ հաստատութենական յստակ զօրաշարժ կայ գրեթէ միշտ։ Պակսող հաստատութիւններուն դերը կը բաշխուի գոյութիւն ունեցող միւս հաստատութիւններուն վրայ։ Հոն, ուր կայ միայն մէկ հաստատութիւն (ընդհանրապէս Ընտանիքը), այդ Ընտանիք-հաստատութիւնը մեծ ներոյժով կ՚ըստանձնէ նաեւ միւսներուն պաշտօնը։ Անշուշտ կարելիութեան ներած չափով։ Եւ շնորհիւ այս ներքին ուժականութեան է, որ թերգաղութները գաղութի վերածուելու յստակ միտում կը դրսեւորեն գրեթէ ամէնուրեք։ Սփիւռքը մշտանորոգ օրգանիզմ է։ Իր ներքին բնական մաշումներուն դիմաց ան կը շղթայազերծէ նաեւ զուգահեռ գործընթացներ ինքզինք շարունակաբար վերակերտելու։
Հաստատութիւններու այս համակարգը, իր կարգին, շատ հեռու է կայուն իրականութիւն մը ըլլալէ։ Համակարգին ներսը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է հաստատութիւններու տարերային տեղաշարժ։ Համակարգը – տարերայնօրէ՛ն — կը ձգտի «նուիրապետութեան»…յատկապէս քաղաքական հաստատութեան – այսինքն Կուսակցութիւն-հաստատութեա՛ն — գերաշխոյժ կենսագործունէութեան շնորհիւ։ Հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրը ծնած եւ ձեւաւորուած է անսալով կեանքի ինքնայատուկ հրամայականի մը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ «մասնագիտացած» դերը ընդհանուր մարտահրաւէրին դիմաց։ Իր հինգ հաստատութիւններու միացեալ եւ խտացեալ ներոյժով, Սփիւռքը կը դիմագրաւէ իր գոյութեան մեծ փորձութիւնը ամէն օր։ Սփիւռքը բնազդով գիտէ, որ այս պայքարէն է կախուած իր որպէս ազգ եւ որպէս քաղաքակրթութիւն գոյատեւելու ճակատագրական գրաւը։
Այս բոլորը դեռևս կը կարօտին գիտական բազմակողմանի քննարկման։ Բայց մանաւանդ կը կարօտին վիճակագրագիտական վստահելի ատաղձի մը, զոր անպայման պէտք է ստեղծել որպէսզի կարելի ըլլայ տեսական քննարկումներու գործը արդիւնաւորապէս առաջ տանիլ։
Կը վերադառնամ «անդրազգ» եզրոյթին։
«Անդրազգ»ը կարենալ սահմանելու համար պայման է, որ նախ կարողանանք սահմանել «ազգ»ը՝ ի՛նք։ Ազգերը կ՚ապրին մեծ տարբերութիւններով։ Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր դիմագրաւած կենսական եւ պատմական մարտահրաւէրներէն ձուլուած իր ինքնուրոյն կերտուածքը։ Իւրաքանչիւր ազգ տարբեր ազգ մըն է եւ էապէս անբաղդատելի այլ ազգերու հետ։ Մեր պարագային, ազգը միայն հայրենական մեր հասարակութիւնը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Մեր ազգը արդէն վաղուց համաշխարհային նստուածք ունի։ Եւ այդ նստուածքը այսօր գոյութիւն ունի, քանի որ գոյութիւն ունի ժամանակակից Սփիւռքը։ Մենք կրցած ենք մեր գաղութականացած ժողովրդագրութիւնը վերածել Սփիւռքի՝ մեզի պարտադրուած ցեղասպանական աւերը չէզոքացնելով եւ ախտազերծելով։ Մեր ազգային մեծ իրագործումն է ասիկա։ Մենք մերժած ենք ենթարկուիլ պատմութեան վճիռներուն։ Մենք կրցած ենք ըլլալ հակա-պատմութիւնը։ Մենք թոյլ չենք տուած, որ կայսրութիւններէ տնօրինուած պատմութիւնը կերտէ մեզ։ Մենք ապրած ենք պատմութիւնը ինքնե՛րս կերտելու համարձակութեամբ եւ վարդապետութեամբ։ Մենք այս ենք։ Սփիւռքի բնազանցական դրուածքը այս է։ Եւ այդ իսկ պատճառով Սփիւռքը գերազանցօրէն ԱԶԳԱՅԻՆ իրականութիւն մըն է։ Պարզ խօսքով, հայերու այն սփռուածքը (dispersion), որ կ՚ապրի աշխարհի չորս ծագերուն ինքնաբերաբար չէ, որ կրնայ Սփիւռք տարազին մաս կազմել։ Ան կը դարբնուի։ Սփիւռքի մարդը օրգանապէս չէ, որ սփիւռքահայ է։ Ան սփիւռքահայ է ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ (by choice)։ Համարձակինք եւ ըսենք՝ ԻՐ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ։ Ան «զտուած» է գաղութահայերու ոչ-յանձնառու շերտէն եւ հաստատած է իր ինքնուրոյն գոյաշխարհը։ Իր բարոյական վեհապետութի՛ւնը (sovereignty) ։ Ան որոշած է ՀԱՅ ըլլալ անհայ միջավայրի մը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր կեցուածքով։ Կը յաջողի՞։ Չի՞ յաջողիր։ Ի՞նչ չափով կը յաջողի։ Ասոնք այլ հարցեր են։ Մեր քննարկման խնդիրը Սփիւռքի բնորոշման հետ կապ ունի։ Ինչպէ՞ս բնորոշել մեր – այսինքն՝ ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն — Սփիւռքը, որ կը կրէ Հայկ Նահապետի անունը։ Այս Սփիւռքին ամենէն ԷԱԿԱՆ բնորոշիչը իր ազգային ըլլալու հանգամանքն է։ Պատահակա՞ն է միթէ, թէ ինչու մեր ազգային «հայ» ինքնանունը իր ածականացուած ձեւին մէջ բացայայտօրէն կը դրսեւորէ Հայկ Նահապետին հետ ունեցած իր առհաւական ժառանգականութիւնը։ Ո՛չ, պատահական չէ։ Ան իմաստ ունի։ Կայսրութիւններու ռազմադաշտին մէջ իր ինքնութիւնը անխաթար պահելու ռազմավարական վճիռը կայ այդ բառին մէջ։ Գիտական քննարկման համար Էականը այն է, որ Սփիւռքը որոշած է պատկանիլ ԱԶԳԻՆ։ Այն ազգի՛ն՝ որ լինելիութեան ճնշիչ խնդիրներ դրած է իր առջև։ Աւելի՛ն։ ԱՆ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՈՐՈՇԱԾ Է ՊԱՏԿԱՆԻԼ ԱԶԳԻՆ, ԱՅԼ ԱՆ ԵՂԱԾ Է ԱԶԳԸ ԱՌԱՆՑ ԱՅԼԵՒԱՅԼԻ՝ ԻՆՔԶԻՆՔ ԴՆԵԼՈՎ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԻ ԱՌԱՋՆԱԳԾԻՆ ՎՐԱՅ։ ՄԻՍՄԻՆԱ՛Կ։ ՔԱՋ ԳԻՏՆԱԼՈ՛Վ՝ ՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱՅՍ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՅԺՄ Ի ՎԻՃԱԿԻ ՉԷ ՈՐՈՇԻՉ ԳՈՐԾՕՆ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒ։
Այս լոյսին տակ, հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք «անդրազգ» եզրոյթը յարիր է մեր ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան։ Այս հարցումին պատասխանը կարենալ ձեւաւորելու համար մենք նախ եւ առաջ պէտք է կարողանանք ձևաւորել մեր ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան հայեցակարգը։ Հոս մենք դեռ գործ ունինք ընելիք։ Մեր ընելիքը դեռ մենք չենք կրցած ընել։ Եւ եթէ մենք թերանանք կամ ուշանանք կամ ծուլանանք այս խնդրի ձևաւորման մէջ, «անդրազգ» եզրոյթին պէս լեզուատարրեր շատ դիւրաւ աղաւաղիչ և աւերիչ ազդեցութիւն կրնան բերել հայ քաղաքական մտքի կենսական խմորումներուն։
Կը կրկնեմ։ Սփիւռքը կ՚ապրի այսօրուան համամարդկային բարդ իրականութեան մէջ, ուր կան անդրազգային մեծ խնդիրներ։ Սփիւռքը – ինչպէս Հայրենի՛քը – պիտի անպայման բաժին վերցնեն համաշխարհային այդ քննարկման մէջ։ Վէճ չունիմ։ Բայց կայ առաջնահերթութեան խնդիրը։ Իմ կարծիքով, Սփիւռքի կեանքի այս անդրազգային բաղադրիչները չեն, որ պիտի սահմանեն Սփիւռքը։ Մենք մեզ պիտի սահմանենք մեր առաջնահերթ սպառնալիքներու տրամաբանութեամբ։ Թէ՛ Հայրենիք եւ թէ՛ Սփիւռք այսօր կը գտնուին ԱԶԳԱՅԻՆԸ փրկելու ճգնաժամային հրամայականին առջեւ։ Հայրենիքը ՀԱՅՐԵՆԻ՛ՔԸ փրկելու հարց ունի այսօր։ Եւ Սփիւռքը՝ ՍՓԻ՛ՒՌՔԸ։ Բայց կայ նաեւ գոյութենական հողի վրայ հնչող մեծ ահազանգը։ Թէ՛ Հայրենիքը և թէ՛ Սփիւռքը մէկզմէկու ազգային լինելիութիւնը փրկելու հրամայականին առջև կը գտնուին։ ԹՇՆԱՄԻՆ ԱԶԳԻ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ Է, ՈՐ Կ՚ԸՍՊԱՌՆԱՅ։ Ոչ՝ անդրա՛զգի։ Եթէ, անշուշտ, ճիշտ կը հասկնամ «անդրազգ» եզրոյթը։
Այս առումով, Հայրենիք եւ Սփիւռք նոյն մակոյկին մէջն են։ Հարցը դրուած է մերկապարանոց։ Կա՛մ ամբողջութիւնն է, որ կը փրկուի պատմութեան հետ այս նոր առճակատման բովին մէջ եւ կա՛մ ամբողջութիւնն է, որ կ՚ընկղմի։ Եթէ «անդրազգ» իմացութիւնը կ՚ենթադրէ սփիւռք մը, որ ինքզինք դուրս կը դաւանի վերոյիշեալ մակոյկէն, այդ իմացութիւնը – բնականաբար — պիտանիութիւն չի կրնար ունենալ մեր ազգային լինելիութեան հարցերու ներկայ հանգուցալուծման մէջ։
Ազգը ունի իր հաւաքական մարտահրաւէրը, որմէ ազատ չի կրնար ըլլալ ազգին ճակատագրէն անքակտելի մնալու որոշում առած ոեւէ անհատ։ Կասկած չկայ, որ Սփիւռքը ունի իր ուրոյն անհատականութիւնը եւ ունի պարտաւորութիւնը տէր կանգնելու իր յատուկ ուժականութիւններուն։ Նոյն պարտաւորութեան տակն է նաեւ Հայրենիքը։ Եւ երկուքէն ոչ մէկը ունի բարոյական իրաւունքը թերանալու այս մարզին մէջ։
Ինչպէս ըսած եմ բազմիցս, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի փոխ-յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ փոխ-սնուցիչ (symbiotic)։ Փոխ-սնուցիչ գոյակարգը բնութեան մէջ այլազան ձեւակերպումներ կրնայ ունենալ։ Անոր մարդկային և գիտակցական տարբերակը կ՚ենթադրէ երկու օրգանիզմներու համատեղ գոյակցութիւնը զիրար ամբողջացնելու եւ մէկզմէկու գոյութիւնը ապահովելու ռազմավարական առաքելութեամբ։ Ցարդ մենք յաջողած ենք համատեղ գոյակցութիւն ձևաւորել Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջև լայն չափերով պարագայական – եւ յաճախ քաոսայի՛ն – տարերայնութեամբ։ Յամենայն դէպս՝ առա՛նց ազգային համապարփակ ռազմավարութեան։ Փոխ-սնուցման գոյակարգը լայնօրէն անօգուտ է, եթէ ան ձգուի պատահականութեան։ Ան նոյնիսկ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ ենթակա՛յ՝ թշնամիի մեքենայութիւններուն, եթէ անոր սանձները մնան անտէր…Ժամանակն է, որ փոխ-սնուցման գոյակարգը ձևաւորուի ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան հարազատ հողին վրայ, որպէսզի մենք կարողանանք ի վերջոյ ի մի բերել բոլոր կենսատարրերը մեր լինելիութեան մեծ պայքարին։ Եւ որպէսզի ապահովենք մեր կենսական յաղթանակը, որ այլևս այլընտրանք չունի։
Ուաշինկթըն