Օզպիլիս Կրնայ Փոխ Տրուիլ Ատանասփորի


ozbilis_1417

News.am-sport կայքը կը հաղորդէ, որ շատ հաւանաբար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ թրքական Պեշիքթաշի միջնապահ Արազ Օզպիլիս փոխ տրուի Ատանասփորի:

Այս առնչութեամբ երկու ակումբներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:

Իր կարգին, 26 տարեկան Օզպիլիս դէմ չէ այս գաղափարին, որովհետեւ կ՛ուզէ խաղադաշտ իջնել եւ մրցումներու մասնակցիլ:

Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ատանասփոր 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.