Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմը Զոհ` Իրաւարարներու Անարդար Սուլիչին


Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, շաբաթ, 31 դեկտեմբերին կատարեց 2016 տարուան իր վերջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ, Մար Ռուքոզ) ճակատեցաւ Ֆըրզոլի դէմ:

ՀՄԸՄ-ի կազմը, 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք իր մրցակիցը, Ա. կիսախաղը աւարտեց 2-2 հաւասարութեամբ: Սակայն պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի նշանակած առաջին երկու կոլերէն ետք, բացայայտօրէն սկսաւ հնչել իրաւարարներուն անարդար սուլիչը: Անոնք բարձրացուցին երկու կարմիր քարտեր, ինչ որ որոշ չափով դժուարացուց ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն առաքելութիւնը` մրցումը յաղթանակով աւարտել կարենալու առումով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.