Գեղասահք. Կարապետեան – Սենեկալ Զոյգը` Միջազգային Մրցաշարքի Արծաթէ Մետալակիր


silver-medal_022216

Գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան – Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը, «Պաւարիըն Օփըն» միջազգային մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Հայաստանը ներկայացնող այս զոյգը հաւաքեց ընդամէնը 140.16 կէտ: Առաջին դիրքը գրաւեց Գերմանիան ներկայացնող զոյգը, որ ապահովեց 165.68 կէտ:

Գրաւելով 2-րդ դիրքը, Կարապետեան – Սենեկալ զոյգը իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Պոսթընի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.