Բացուող նոր տարուան դիմաց՝ համահայկական չորս առաջնահերթութիւններ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2016 տարուան անդրանիկ պատգամին, տրուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ամանորի պատարագէն ետք, 1 Յունուար 2016։ Նոր Տարին նկատուած է հաշուետուութեան ու միաժամանակ՝ մեր կեանքի յառաջիկայ հանգրուանը ծրագրելու եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առիթ։ Այսօր, երբ 2015 թուականը այլեւս կը դառնայ անցեալ եւ կը դիմաւորենք 2016 թուականը, անհրաժեշտ է որ ճշդենք բացուող նոր տարուան ընթացքին մեր ազգի առաջնահերթութիւնները, որոնք Մեր հայեցողութեամբ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պէտք է առանցքային տեղ գրաւեն։ Այս հայեցակէտով, Մենք կ’ուզենք հակիրճ կերպով մատնանշել չորս բնագաւառներ.- |
Ա) 2015 տարին հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ վստահաբար պիտի արձանագրուի որպէս մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ յատկանշական իրագործումներ արձանագրած տարի մը։ Անցնող տարուան ընթացքին միասնակամ ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ ո՛չ միայն արժանի յարգանքով նշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, ո՛չ միայն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները սրբադասեցինք, այլ նաեւ մեր ազգի պայծառ ապագային նկատմամբ մեր հաւատքը աւելի՛ խորացուցինք ու մեր պահանջատիրական կամքը աւելի՛ պրկեցինք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք 100-ամեակէն յետոյ։ Ճի՛շդ է, 100-ամեակը որպէս թուական անցեալին կը պատկանի այլեւս. սակայն 100-ամեակէն եկող ոգին, հաւատքը, կամքը, յանձնառութիւնը ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման, պէտք է շարունակուի նոր մղումով, աւելի լայն տարողութեամբ ու միշտ միասնական ճիգով։ Հեռու ամէն տեսակ ձեւական ու քարոզչական մօտեցումներէ, հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդումը պէտք է առաջին հերթին դրուի աւելի կազմակերպ հունի մէջ՝ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններու համահունչ ռազմավարական ու մարտավարական նոր մօտեցումներու որդեգրումով։ Եւ երկրորդ, անհրաժեշտ է մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական ընթացքի մէջ դնել՝ միջազգային օրէնքի տուեալներու լոյսին տակ, ուսումնասիրուած ու ծրագրուած կերպով։ Եթէ այս աշխատանքին չլծուինք, 100-ամեակի ստեղծած ոգեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին մօտ մեր դատին նկատմամբ յառաջացած հետաքրքրութիւնը շուտով պիտի նուաղի։
Բ) 2016 տարին 25 ամեակն է Հայաստանի երկրորդ անկախութեան հռչակման։ Այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հայրենի մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բարեկամ երկիրներու եւ Սփիւռքին կողմէ հսկայ գործ կատարուեցաւ թէ՛ Հայաստանէն ներս եւ թէ Հայաստանին համար։ Արդարեւ, տնտեսութեան զարգացումը, արտաքին յարաբերութիւններու մշակումը, միջազգային կապերու հաստատումը, Հայաստանի բանակին կազմակերպումը, Ղարաբաղի վերակազմակերպումը ու ինքնապաշտպանութեան ամրացումը եւ այլ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ մեծապէս նպաստեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու ամրացման։ Սակայն, կատարուած իրագործումներուն առընթեր, հարկ է իրապաշտ մօտեցումով նաեւ քաջութիւնն ու իմաստութիւնը ունենանք թերացումները ճիշդ տեսնելու ու զանոնք անկեղծօրէն մատնանշելու։ Այս ծիրէն ներս՝ արտագաղթը մեր հայրենիքին գոյութեան ու յարատեւութեան կռուաններուն ուղղուած մեծագոյն հարուածն է, եւ մեր ազգին մարմնին վրայ կոտտացող սարսափազդու վէրք մը. իսկ Հայաստանի տնտեսութեան պարզած վատառողջ վիճակը ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս բարոյական ու ոգեղէն արժէքներու լուսանցքայնացումը ա՛յլապէս լուրջ մտահոգութիւններ են։ Այս վէրքերուն դարմանումը հրամայական է ու անյետաձգելի։ Հայրենիքը կը բարգաւաճի թերութիւնները սրբագրելով, ինչպէս նաեւ անոր առաւել հզօրացման իր բոլոր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ։
Գ) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումը կ’ենթադրէ նաեւ Սփիւռքի հզօրացումը, եւ՝ փոխադարձաբար։ Սովորական կարգախօս մը չէ այս։ Ան կ’ենթադրէ տարբեր գործելակերպ՝ իր խորքով, ոճով ու նպատակով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կողմէ։ Դժբախտաբար Սփիւռքը այսօր կը պարզէ բազմամարդ, բազմագոյն, բազմատեսակ ու լայնատարած պատկեր մը։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած Սփիւռքը իր յստակ նկարագիրը ունէր։ Այսօր, սակայն, փաստօրէն հայկական սփիւռքներ գոյաւորուած են եւ Սփիւռքը տեղ մը անտարբերութեան, այլ տեղ մը պատահականութեան կամ անորոշութեան ալիքներու քմայքին յանձնուած է։ Արդ, եթէ Սփիւռքը չվերակազմակերպուի եւ անոր կեանքի վախճանական ընթացքը դէպի հայրենիք չհունաւորուի, ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ պղտոր ապագայի մը։ Եւ որպէսզի Սփիւռքը այս ճակատագրին չենթարկուի, Սփիւռքի ամբողջական ու լուրջ վերակազմակերպման առընթեր, Հայաստան-Սփիւռք ձեւական դարձած գործակցութիւնը պէտք է դրուի առողջ ու ամուր հիմերու վրայ եւ յստակ ուղղութեան մէջ, փոխադարձ սպասումներու եւ դերերու յստակեցումով։ Հայաստանի ու Ղարաբաղի ներքին կեանքին առնչուած ծրագիրներու պարագային, բնականաբար Սփիւռքը մասնակցողի դերին մէջ պէտք է ըլլայ։ Սակայն, ճիշդ չէ որ համահայկական ծրագիրներու մշակման մէջ Սփիւռքը սոսկ հետեւողի կրաւորական դերին մէջ ըլլայ։ Հայաստան ու Սփիւռք, որպէս մէկ ազգի երկու գլխաւոր միաւորները համահաւասար կերպով, որպէս գործակից ու լծակից պէտք է մասնակցին համահայկական բնոյթ ու նպատակ ունեցող աշխատանքներուն։ Սա լոկ իրաւունքի հարց չէ, այլ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան համահայկական աշխատանքներուն մէջ Սփիւռքը առաւելագոյն չափով ներգրաւելու ամէնէն ազդու միջոցն է՝ եւ ո՛չ թէ այլեւս սովորական դարձած այլ կերպերու կիրառումը։ Հայաստանի անկախութեան քսանըհինգ տարիներու ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւնը, իր դրական թէ բացասական երեսներով, սպասելի է որ լուրջ քննարկումի ենթարկուի, ուր ըսելիքներու կողքին պէտք է նաեւ ծրագրուին մեր ընելիքները։
Դ) Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութը իր իւրայատուկ տեղը ու դերը ունի մեր համահայկական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ յատկապէս Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու ծիրէն ներս Սուրիոյ հայ գաղութը, որպէս հայրենամերձ գաղութ, արաբական աշխարհի մէջ իր կարեւոր դերը ունեցած գաղութ, եւ տակաւին՝ մեր եկեղեցական, ազգային, մշակութային ու կրթական կեանքին կարեւոր ներդրում կատարած գաղութ, անհրաժեշտ է որ մեր ժողովուրդին ու պետութեան յատուկ ուշադրութեան ու հոգածութեան առարկան դառնայ։ Վերջին շուրջ չորս տարիներուն այս գաղութը տառապեցաւ, բայց չընկճուեցաւ. ոմանք հեռացան, սակայն գաղութը մնաց կանգուն. ոմանք յուսահատեցան, սակայն շատեր ամուր հաւատքով կառչած մնացին գաղութին։ Անցնող տարիներուն մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական աջակցութեամբ օգտակար հանդիսացան Սուրիոյ մեր գաղութին։ Պատի՛ւ իրենց։ Կարիքները տակաւին բազմազան են ու այլազան։ Ժամանակը հասած է որ Սուրիոյ հայ գաղութը լծուի վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին։ Սխալ է ողբերգական պատկերներով, անճիշդ թիւերով, միակողմանի վերլուծումներով ներկայացնել Սուրիոյ հայութիւնը։ Բնականաբար, Սուրիոյ հայութեան թիւը որոշ նուազում արձանագրեց։ Սակայն, Սուրիոյ գաղութը հո՛ն է տակաւին, Հալէպի, Գամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, Թարթուսի, Հասիչէի եւ այլ գիւղերու մէջ։ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է։ Հետեւաբար, հրամայական է նեցուկ կանգնիլ գաղութի յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Բնականաբար Հայաստանը, Ղարաբաղը եւ Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութ իրենց դիմաց ունին նաեւ այլ կարեւոր ծրագիրներ ու անհրաժեշտ աշխատանքներ։ Սակայն մատնանշուած չորս մարզերը կը նկատենք համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող առաջնահերթութիւններ։ Վստահ ենք որ այս յանձնառութեամբ մասնակից պիտի դառնանք մեր ազգը դէպի առաւել հզօրացում առաջնորդող ծրագիրներու իրագործման։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար 2016
Անթիլիաս-Լիբանան