Արցախի ի նպաստ 700 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Թորոնթոյի մէջ


Հոկտեմբերի 18-ին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ Գանատայի ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ կայացաւ ամենամեայ դրամահաւաքի հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Դադիվանքի, իսկ նախապէս` Գանձասարի հոգեւոր հովիւ, Տէր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանը, ով իր խօսքին մէջ վերյիշեց դրուագներ Արցախեան ազատամարտի տարիներէն:

Դեսպան Արմեն Եգանեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Մեծապէս կարեւորելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծաւալած գործունէութիւնը` թոյլ տուէք առանձնացնել Թորոնթոյի մասնաճիւղի աշխատանքները, որոնցմով տարիներ շարունակ ապացուցած է իր ուժն ու կարողութիւնները»:

Նոյն երեկոյեան կայացած Արցախի ի նպաստ նուիրահաւաքի ընթացքին հաւաքագրուեցաւ 700 հազար տոլար, որ պիտի տրամադրուի Արցախի զարգացման շարք կարեւոր ծրագիրերներու իրագործման աշխատանքներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.