Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ (1887-1920). Հա­յաս­տա­նի Ա­զա­տագ­րու­թեան Սա­սուն­ցի Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւո­րը


Սեպ­տեմ­բեր 10-ի օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք ան­մահ յի­շա­տա­կը ­Փե­թա­րայ կամ ­Սա­սուն­ցի ­Մա­նու­կի, որ սա­սուն­ցի լեռ­նա­կա­նի իր խրոխտ կեր­պա­րով եւ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան ո­գիով՝ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նի հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­մո­ռա­նա­լի «Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւոր»նե­րու հե­րո­սա­կան փա­ղան­գին մէջ։

1920 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րը ծանր ու դա­ժան ա­միս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ բռնագ­րա­ւեալ հայ­րե­նի հո­ղե­րու քայլ առ քայլ ըն­դար­ձա­կու­մը մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մով ու ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րող ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին ստո­րագ­րու­թե­նէն քա­նի մը շա­բաթ ետք, ­Լե­նին-­Քե­մալ գաղտ­նի, այ­լեւ սա­դա­յէ­լա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը իր ամ­բողջ մեր­կու­թեամբ՝ դա­ժա­նու­թեամբ ու կա­տա­ղու­թեամբ շարժ­ման մէջ դրո­ւե­ցաւ։

Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սէն, հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քէն եւ ա­րե­ւել­քէն ­Կար­միր ­Բա­նա­կը սաստ­կա­ցուց իր ճնշու­մը, իսկ հա­րա­ւէն, ա­րեւ­մուտ­քէն ու հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քէն քե­մա­լա­կան զօր­քը, ա­ռանց պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թեան, ներ­խու­ժեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քը։

Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան դար­պա­սը հա­մա­րո­ւող եւ ­Սուր­մա­լու նա­հան­գի ա­ղա­հան­քով ու քա­րա­ծու­խով հա­րուստ ­Կողբ ա­ւա­նը դար­ձաւ գլխա­ւոր ռազ­մա­դաշ­տը թրքա­կան ներ­խուժ­ման դի­մագ­րա­ւու­մին։ Օ­րո­ւան ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեան այդ ճա­կա­տին վրայ կեդ­րո­նա­ցուց 1904-ի ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րէն իր զի­նա­կից­նե­րը հան­դի­սա­ցած քա­ջա­րի ֆե­տա­յի­նե­րու՝ խմբա­պետ ­Մու­շե­ղի եւ ­Փե­թա­րայ ­Մա­նու­կի գլխա­ւո­րած սա­սուն­ցի­նե­րու ջո­կա­տը։

Կող­բի կռի­ւը ե­ղաւ, բա­ռին ծան­րա­գոյն ի­մաս­տով, ­Գո­ղիա­թի եւ ­Դա­ւի­թի ան­հա­ւա­սար ճա­կա­տում մը, ուր օ­րեր շա­րու­նակ հայ քա­ջա­րի զօր­քը հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւաւ քա­նա­կով եւ ռազ­մա­կան ու­ժով գերհ­զօր թրքա­կան բա­նա­կին դէմ եւ ի վեր­ջոյ ստիպո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել…

Կող­բի այդ բախ­տո­րոշ կռո­ւին էր, ­Սեպ­տեմ­բեր 10-ին, որ 33 տա­րե­կա­նին հե­րո­սա­բար ին­կաւ հայ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ե­զա­կի հե­րոս­նե­րէն ­Սա­սուն­ցի ­Մա­նու­կը՝ պա­տա­նի տա­րի­քէն թրքա­կան պե­տու­թեան դէմ յա­նուն ա­զա­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ան­վե­հեր կռիւ մղած քա­ջա­գործ հե­րո­սը։

Սե­փա­կան կեանք չու­նե­ցաւ Մ­շոյ դաշ­տի ­Փե­թար գիւ­ղի ծնունդ ­Մա­նու­կը. ըն­տա­նե­կան ազ­գա­նու­նի փո­խա­րէն ճանչ­ցո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ­Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ՝ զա­տո­րո­շո­ւե­լու հա­մար նոյն­պէս հռչա­կա­ւոր ֆե­տա­յի­ներ ­Շէ­նը­կի ­Մա­նու­կէն եւ ­Սե­մա­լի ­Մա­նու­կէն։ Ծնն­դեան թո­ւա­կա­նը ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ 1887-ը կը յի­շա­տա­կո­ւի, ո­րով­հե­տեւ 1903-4-ի ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պինք տա­կա­ւին պա­տա­նի տա­րի­քին ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի հա­ւա­տա­րիմ զի­նո­ւոր դար­ձած ­Փե­թա­րայ ­Մա­նու­կի քա­ջա­գոր­ծու­թեանց։

Իր կեն­սագ­րու­թեան նա­խա­ֆե­տա­յա­կան շրջա­նին մա­սին գի­տենք միայն, որ ու­սու­մի տէր էր եւ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած էր Ս. ­Յով­հան­նու եւ Ս. ­Կա­րա­պե­տի վան­քե­րուն մէջ։

Մին­չեւ ­Մա­յիս 1907-ի ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի նա­հա­տա­կու­թիւ­նը, ­Փե­թա­րայ ­Մա­նու­կի ա­նո­ւան եւ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րող յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րը ան­բա­ժան են ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի մղած կռիւ­նե­րէն եւ հե­րո­սա­կան քայ­լե­րէն։

1907-էն ետք, երբ Անդ­րա­նի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ ֆե­տա­յի­նե­րու ամ­բողջ փա­ղան­գը հե­ռա­ցաւ ­Սա­սու­նէն՝ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թեան առ­ջեւ բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման նպաս­տա­ւոր դաշտ տրա­մադ­րե­լու նպա­տա­կով, ­Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ փախս­տա­կան մնաց Երկ­րի մէջ եւ Մ­շոյ դաշ­տի ու ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ ստանձ­նեց պա­հա­պան հրեշ­տա­կի պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը՝ ա­րիւ­նար­բու սուլ­թա­նին տմար­դի պաշ­տօ­նեա­նե­րը սան­ձե­լու հա­մար։

1908-ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ իբ­րեւ շրջուն գոր­ծիչ աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի կող­մէ, որ այդ տա­րի­նե­րուն ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն կրթա­կան ընդ­հա­նուր քննիչն էր։ ­Մա­նուկ ե­ղաւ սերտ ու հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կի­ցը խստա­պա­հանջ ­Զա­ւա­րեա­նի։

Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ փրկա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ 1915-ին, երբ ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րու շար­քին՝ ղե­կա­վար գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց ­Սաս­նոյ եւ Մ­շոյ դաշ­տի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման մէջ, մին­չեւ որ սա­սուն­ցի­նե­րու եւ մշե­ցի­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թը ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տան՝ ա­րա­գա­ծի փէ­շե­րուն վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­լու հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծի­չի եւ քաջ հրա­մա­նա­տա­րի բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ յատ­կան­շո­ւե­ցան ­Սա­սուն­ցի ­Մա­նու­կին վե­րա­պա­հո­ւած կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը։ ­Կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն մէջ սա­սուն­ցի­նե­րու հե­ծեալ զօր­քին գլխա­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին մաս­նակ­ցե­ցաւ 1918-ի Ան­կա­խու­թեան կերտ­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հա­յոց բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ ռազ­մա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման մէջ, գլխա­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման պատ­մակ­շիռ գոր­ծին։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս 1920-ի մա­յիս-մէ­կեան պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թիւն­նե­րէն ետք կազ­մո­ւած ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով, զի­նո­ւո­րա­կան նա­խա­րար ­Ռու­բէ­նի կար­գադ­րու­թեամբ, սա­սուն­ցի­նե­րու ջո­կա­տին վստա­հե­ցան զսպու­մը հա­յոց բա­նա­կը պա­ռակ­տել փոր­ձող ներ­քին խռո­վա­րար­նե­րուն։ ­Նաեւ, այ­նու­հե­տեւ, ­Սեպ­տեմ­բեր 1920-ին, երբ քե­մա­լա­կան ներ­խու­ժու­մին սա­տար կանգ­նած թուրք-թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը վնա­սա­զեր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ա­ռա­ջա­ցաւ, դար­ձեալ սա­սուն­ցի­նե­րու ջո­կա­տին վստա­հո­ւե­ցաւ այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծը։ ­Մա­յի­սէն ­Սեպ­տեմ­բեր եր­կա­րող այդ շրջա­նին, ­Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ իր վեր­ջին ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցեց հայ­րե­նի­քին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ անձ­նա­զո­հա­բար ղե­կա­վա­րե­լով սա­սուն­ցի քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րը կռո­ւի տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ։

Թր­քա­կան ո­սո­խին դէմ ­Մա­նու­կի վեր­ջին ճա­կա­տու­մը ե­ղաւ ­Սեպ­տեմ­բեր 1920-ի ­Կող­բի կռիւ­նե­րուն։ ­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հե­րոս ֆե­տա­յին ին­կաւ ռազ­մի դաշ­տին վրայ 10 ­Սեպ­տեմ­բե­րին՝ քա­ջա­բար դի­մադ­րե­լով ներ­խու­ժող թրքա­կան զօր­քին։

Բա­ռա­ցիօ­րէն ամ­բողջ կեանք մը՝ ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած 33 տա­րի­նե­րուն շուրջ քսա­նը Փե­թա­րայ Մա­նուկ ան­ցուց Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մղո­ւած կռո­ւի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, ­Սա­սու­նի լեռ­նե­րէն մին­չեւ ­Սար­դա­րա­պա­տի դաշ­տը եւ ­Կող­բի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րը։

Անձ­նու­րաց զո­հա­բե­րու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան հա­ւա­տար­մու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան ա­ւան­դին ան­մո­ռա­նա­լի կեր­տիչ­նե­րէն ե­ղաւ ­Փե­թա­րայ ­Մա­նուկ։

Սա­սուն­ցի քա­ջա­րի ֆե­տա­յին եւ դաշ­նակ­ցա­կան ան­կեղծ զի­նո­ւո­րը մարմ­նա­ւո­րող ան­մահ­նե­րէն է ­Սա­սուն­ցի ­Մա­նուկ։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.