Պելճիքայի Թուրքերը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ աշխատանքի լծուած են


Պելճիքայի Վարչապետին կողմէ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յայտարարոթիւնն ու երկրի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր օրինագիծը զայրացուցած է «Պելճիքայի թուրքերու բեմ» կոչուած միութիւնը, որ կը Պեճիքայի մէջ բնակող Թուրքերու խօսնակն է։ վերոնշեալ միութեան կողմէ հրատարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՚ըսուի, թէ թուրքերը շատ կը ցաւին որ որոշ շրջանակներ կը քաղաքականացնեն Օսմանեան շրջանի Թուրքերուն ու Հայերուն, Քրիստոնեաներուն ու Մահմետականներուն կրած ցաւերը եւ այդպիսով՝ անիրաւ կերպով կը նսեմացնեն Թուրք հաւաքականութիւնն ու Թուրքիոյ պետութիւնը։

Հաղորդագրութիւնը դիտել կու տայ նաեւ, որ իրենց բողոքին նպատակը երբեք ուրանալ չէ այդ շրջանին պատահածները, սակայն մինչեւ օրս այդ դէպքերուն մասին հասարակաց աշխատանքով խոր ուսումնասիրութիւն մը չէ կատարուած։ Ուստի, Պելճիքայի թուրքերը կը սպասեն, որ կառավարութիւնը պարկեշտ եւ անկողմանակալ կեցուածք որդեգրէ ու օգտակար հանդիսանայ, որպէսզի պատմութեան մէջ հասարակաց կէտ մը գտնելու ուղղութեամբ ուսումնասիրութեան նոր քայլեր աոնուին…

Այս նպատակով ալ Պելճիքայի Թուրքերը հաւաքած են մօտաւորապէս 3 հազար ստորագրութիւն։

Նկարը՝ Մայիս 22-ին, Պրիւքսէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ 1000 թուրքերու մասնակցութեամբ հակահայ ցոյցէն տեսարան մը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.