Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի


Գարակէօզեան նախակրթարան, Իսթանպուլ

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի նոր որոշումով, Թուրքիոյ մէջ վերցուած է երկրի, ոչ մահմետականներուն պատկանող դպրոցներուն մէջ երեխաներու արձանագրութեան համար «գաղտնի ծածկագիր»-ի սկզբունքի կիրարկումը: Այսուհետեւ ոչ մահմետական երեխաները պիտի կարենան ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներ ընդունուիլ միայն տուեալ կրթական հաստատութեան տնօրէնին որոշումով:

Այդ որոշումը որդեգրուած է, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի` Պոլիսէն ընտրուած հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանի նստաշրջանի բացումին ընթացքին հանդիպում ունեցած է կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի հետ` նշելով, որ խնդիրին լուծման համար օրէնսդրական նոր կարգաւորման անհրաժեշտութիւն չկայ, եւ բաւարար է միայն նախարարին որդեգրած որոշումը:

«Պետութեան կողմէ «ազգային ծածկագիր»-ի հարցը լուրջ խնդիրներու առջեւ կը կանգնեցնէ: Երբեմն, նոյնիսկ երբ հայրն ու մայրը հայկական դպրոցներու մէջ աշակերտած կ՛ըլլային, ի յայտ կու գային փաստաթուղթեր, որոնք չէին արտօներ երեխաներուն ալ տուեալ վարժարան յաճախել: Համայնքին թիւը զգալիօրէն նուազած է, եւ որովհետեւ լաւ պակսած ենք, բոլորս կը ճանչնանք զիրար: Այդ պատճառով էր, որ պահանջեցինք խնդիրը ձգել համայնքներուն եւ իրաւասութիւնները յանձնել դպրոցի տնօրէնութեան», նշած է Փայլան` ընդգծելով, որ նոր կարգաւորման շնորհիւ հայերը արդէն ստիպուած պիտի չըլլան ամէն անգամ երթալ եւ ապացուցել իրենց հայ ըլլալը:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր, որ յոյներուն համար «1»-ն է, հայերուն համար` «2»-ը, իսկ հրեաներու համար` «3»-ը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.