Պելճիքայի Ընկերվարականները Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւ Կ՛առաջարկեն


Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատի Ընկերվարական կուսակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման սեփական բանաձեւը առաջ կը քաշէ, կը գրէ News.am-ը՝ վկայակոչելով «La Libre»-ն:

Ընկերվարական կուսակցութիւնը ու անոր պատգամաւորները կը ցանկանան այդ նախագիծով Հայոց ցեղասպանութեան հարցով իրենց դիրքորոշման մասին յստակ ուղերձ ուղարկել` միաժամանակ հանդէս գալով հայկական եւ թրքական համայնքներու մերձեցման ի շահ: Ինչպէս նշուած է նախագիծի բնագիրին մէջ, խորհրդարանը կը կարծէ, որ 1915-1917 թուականներուն ողբերգական դէպքերը, որոնց պատասխանատուութիւնը ինկած է Օսմանեան կայսրութեան ուսերուն, պէտք է որակուին որպէս ցեղասպանութիւն:

Ընկերվարականներու խմբակցութիւնը, սակայն, կը նշէ, որ խորհրդարանին կողմէ այս ճանաչումը իրաւական հետեւանքներ չունի: Ըստ բանաձեւին` Պալատը կոչուած չէ փոխարինելու  դատական մարմինը, որ իրաւասու է որոշում կայացնելու այդ դէպքերու իրաւական բնութագրին համար: «Պալատը հանդիսաւոր կերպով քաղաքական որոշում կ՛իրականացնէ` ճանչնալով որ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը համապատասխանեն ցեղասպանութիւն եզրին, որ կը սահմանէ ՄԱԿ 1948 թուականի համաձայնագիր»,- ըսուած է բնագրին մէջ, որ նաեւ կոչ կ՛ընէ ազգային եւ միջազգային դատական մարմիններուն որոշում կայացնելու այդ հարցով:

Բանաձեւին հեղինակները իրենց նախաձեռնութիւնը առաջ կը քաշեն «թուրքերու եւ հայերու նկատմամբ աջակցութեան եւ բարեկամութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ կը դատապարտեն համայնքները պիտակելը, որոնք չեն կրնար կապ ունենալ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածին հետ»: Բանաձեւին տակ ստորագրած է նաեւ թուրք պատգամաւոր Օզլեմ Օզէնը, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ Սթեֆան Քրիւները, Ֆիլիփ Պլանշարը, Կուենաել Կրովոնիուսը:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծը պատրաստած  էր Պելճիքայի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Սակայն ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները առաջարկած էին փոփոխութիւններ մտցնել բնագրին մէջ:

Յիշենենք, որ նախապէս Պելճիքայի վարչապետը խորհրդարանին մէջ իր կառավարութեան անունէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ 1915-1917 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնք նախաձեռնած էր Օսմանեան Կայսրութեան վերջին կառավարութիւնը, պէտք է որակուին որպէս ցեղասպանութիւն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.