Աղուան Վարդանեան. «Ժամ Առաջ Ազատ Արձակել Բերման Ենթարկուածները»


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին երէկ անդրադարձաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն:

«Շարունակական գործողութիւնները Ազատութեան հրապարակին մէջ, լրագրողներուն նկատմամբ բռնութիւնները դատապարտելի են, եւ մենք բոլորս պէտք է պահանջենք, որ բոլոր բերման ենթարկուածները ժամ առաջ ազատ արձակուին, եւ մեր իշխանութիւնները հաշուի նստին գիտակից հանրութեան հետ», ըսաւ ան:

Հարցումին, թէ ինչո՞ւ քաղաքական ուժերը եւս կանգնած չէին ցուցարարներուն կողքին, Վարդանեան պատասխանեց. «Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ քաղաքացիական հասարակութիւնը իր նախաձեռնութեամբ կը ներկայանայ: Ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման կապուած մեր դիրքորոշումը մենք միշտ յայտարարած ենք, ուշադիր հետեւած ենք: Պարտադիր չէր քաղաքական ուժերու ներկայացուածութիւնը: Մենք կը պաշտպանէինք անոնց պահանջները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն խորհրդարանին մէջ այս առնչութեամբ ի՞նչ պիտի ընէ, պատգամաւորը պատասխանեց. «Ինչ որ առաջարկած ենք. ընդմիջումին Ազգային ժողովի նախագահին մօտ պէտք է ըլլայ քննարկում, եւ ինչ որ Ազգային ժողովը իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ կրնայ ընել, մենք պիտի պահանջենք, որ կատարեն: Խօսքը նախ եւ առաջ բերման ենթարկուածները ազատ արձակելու մասին է, եւ եթէ կայ անհամաչափ բռնութիւն, ուժի կիրարկում, նաեւ անոնց հետաքննութիւնը»:

Դիտարկման, թէ փոխոստիկանապետ Լիովա Երանոսեան անձամբ բռնութիւն կիրարկած է, Վարդանեան պատասխանեց. «Ես մանրամասնութիւններու մէջ չեմ մտներ, որովհետեւ կարգ մը բաներ չեմ գիտեր: Բայց իմ պահանջս է, որ իւրաքանչիւր դէպք, ես վստահ եմ, որ ամէն ինչ նկարահանուած է, քննութեան առարկայ պիտի դառնայ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.