Թուրք Ազգայնամոլը Կը Սպառնայ 100 Հազար Հայեր Արտաքսել Թուրքիայէն


ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ինթերնեթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մեծ միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթիճի յայտարարած է, որ իշխանութեան գլուխ գալու պարագային՝ երկրէն պիտի արտաքսէ Թուրքիոյ մէջ անօրինական կերպով բնակող 100 հազար հայեր։
Ան յայտարարած է, որ Հայաստանը «չի քաշուիր Ղարաբաղէն» եւ յառաջ կը տանի «Ցեղասպանութեան մասին հեքիաթը», որուն պատճառով ալ, իրենք, իշխանութեան գալու առաջին օրն իսկ, անօրինական կերպով Թուրքիա մնացող հայերը Երեւան պիտի ուղղարկեն։
Կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Տեսթիֆի նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ հիմնական խնդիրներէն մէկը ահաբեկչութիւնն է, եւ խոստացած է իշխանութեան գալէ ետք՝ մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիան եւ «թուրք մեծ ժողովուրդը» փրկել Քրտական բանուորական կուսակցութեան ահաբեկչութենէն։ Ան, միաժամանակ, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանգիստ կեանք խոստացած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.