Էրտողան Կը Փորձէ Ամերիկայի Պատմութիւնը Եւս Վերստին Գրել


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պարբերաբար կ՛արտասանէ այնպիսի խօսքեր, որոնք լայն արձագանգ կը ստեղծեն միջազգային հանրային կարծիքին մօտ ու ճամբայ կը բանան բանավէճերու։ Ասոնք ընդհանրապէս ցնցիչ խօսքեր են ու պատճառ կը դառնան, որ միջազգային այդ շրջանակները վերապահութիւն արտայայտեն Էրտողանի նկատմամբ։ Վերջին օրերուն ընթացքին այսպիսի փոթորիկ մը պայթեցաւ, երբ Էրտողան ըսաւ, որ Ամերիկան Քրիստոֆըր Քոլոմպոսէն 300 տարի առաջ «յայտնաբերուած» էր իսլմաներու կողմէ։ Էրտողանի այս պնդումը շատ զայրացուցած է յատկապէս սպանացիները, որոնք այժմ Էրտողանէն կը պահանջեն փաստել իր ըսածը։
Նախագահ Էրտողան այս խօսքը արտասանեց Լատին ամերիկեան երկիրներու իսլամ առաջնորդներու առաջին համագումարին ընթացքին եւ ըսաւ, որ Քոլոմպոս պատմած է, թէ Քուպայի լերան վրայ տեսած էր «մզկիթ մը»։ Սպանացիները կը պնդեն, թէ Քոլոմպոս իր յուշատետրերուն մէջ այդպիսի բան չէ ըսած։ Սպանական «Էլ Փայիս» թերթը յիշեցուցած է, որ Քոլոմպոս գրած է միայն, թէ տեսած է լեռ մը, որուն վրայ մզկիթի նմանող բլուր մը կար։ Սպանական թերթը նաեւ նշած է, թէ Էրտողան ղեկավար մըն է, որ «ճշմարտութիւններէ հեռու կը մնայ»։
Համացանցի սպանական ընկերային էջերուն վրայ եւս Էրտողանի խօսքերը քաշքշուքի նիւթ դարձան եւ շատեր գրեցին, թէ լուրջ չեն նկատեր Էրտողանի խօսքերը։ Նիւթը բանավէճ ստեղծեց նաեւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.