Մայրաքաղաքի Կեդրոնը «Հին Երեւան» Պիտի Կառուցուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի կեդրոնը շինարարական մեծ նախագիծ մը գործադրելու որոշում առած է կառավարութիւնը: Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին գումարուած կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած է, որ 120-130 միլիոն տոլար արժող նախագիծին համար ներդրող կրնայ դառնալ սփիւռքահայ գործարար մը:
Նախագիծին համաձայն՝ Երեւանի փոքր կեդրոնի մեծ հատուածի մը մէջ կ՛առաջարկուի վերակառուցել հին ոճով թաղամաս մը:
«Հին Երեւան» համալիրը պիտի կառուցուի Աբովեան, Փաւստոս Բուզանդ, Եզնիկ Կողբացի եւ Արամի փողոցներու միջեւ եղած տարածքին վրայ: Կառոյցը պիտի ունենայ առաւելագոյնը երկու ստորգետնեայ յարկեր, երեք վերգետնեայ յարկեր եւ ձեղնայարկ: Համալիրէն ոչ հեռու պիտի կառուցուի հիւրանոց:
«Գլենդել հիլզ» եւ «Ի. Էմ. Սի.» շինարարական ընկերութիւններու սեփականատէրերուն պատկանող այդ տարածքի հողատարածքները պիտի յանձնուին «Օլդ Սիթի» ընկերութեան, որ հիմնա-դրուած է առաջին երկու ընկերութիւններու սեփականատէրերուն կողմէ՝ յատուկ այս նախագիծը իրականացնելու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.